ՊԱՂՏԱՏԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Հիւսիսային Իրաքի քրտական ինքնավարութեան վարչապետ Մեսրուր Պարզանի Պաղտատի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Իրաքի Հանրապետութեան նախագահ Պերհեմ Սալիհի հետ։ Մեսրուր Պարզանի տակաւին վեց օր առաջ պաշտօնի կոչուած էր եւ իր առաջին հանդիպումը ունեցաւ Պաղտատի կեդրոնական իշխանութեան գլուխին հետ։

Միջազգային աղբիւրներու հաղորդումներով, զրոյցի ընթացքին կողմերը անդրադարձած են Հիւսիսային Իրաքի քրտական ինքնավարութեան եւ Իրաքի կեդրոնական ղեկավարութեան միջեւ առկայ տարաձայնութիւններուն։ Հանդիպման ընթացքին Պարզանի նշած է, որ կը ձգտին բարեկամական յարաբերութիւնները ամրապնդել Էրպիլի եւ Պաղտատի միջեւ։ Հասարակաց շահերու զարգացման ճանապարհին ան ընդգծեց երկրի Սահմանադրութեան նկատմամբ հաւատարմութիւնն ու երկխօսութեան կարեւորութիւնը։

Մեսրուր Պարզանի Պաղտատի մէջ տեսակցեցաւ նաեւ Իրաքի խորհրդարանի նախագահին, վարչապետին եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 17, 2019