«ՃԱՄԲՈՐԴԵՆՔ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆԻ ՀԵՏ»

Արամ Խաչատուրեանի տուն-թանգարանը վերջերս ներկայացուց «Ճամբորդենք Խաչատուրեանի հետ» նոր գծանկարային ժապաւէնին բաց դիտում, ստեղծագործական խումբին հետ հանդիպում եւ ժապաւէնին քննարկումը:

Մշակութասէր հանրութեան ներկայացուեցաւ նոր գծանկարային քառալեզու՝ հայերէնով, ռուսերէնով, անգլերէնով, ֆրանսերէնով ժապաւէնը, որ նուիրուած է աշխարհահռչակ երգահանին արտասահմանեան շրջագայութիւններուն: «Ես երջանկութիւնը ունեցած եմ նուագահանդէսներով հանդէս գալու Եւրոպայի գրեթէ բոլոր, իսկ Ամերիկայի շարք մը քաղաքներու մէջ, ինչպէս՝ Եգիպտոսի, Լիբանանի, Ճաբոնի: Իւրաքանչիւր հիւրախաղային ուղեւորութեան նոր հանդիպումներ կ՚ունենայինք հետաքրքրական մարդոց, հրաշալի երաժշտական խումբերու, նշանաւոր գրողներու, նկարիչներու եւ հասարակական գործիչներու հետ», կը նշէ Արամ Խաչատուրեան:

Միւս կողմէ, ժապաւէնը պատրաստելու ժամանակ  օգտագործուած են տուն-թանգարանի արխիւային նիւթերը, իսկ զայն նկարահանած է «ILABS Armenia» ընկերութիւնը՝ Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարութեան աջակցութեամբ:

Շաբաթ, Յուլիս 17, 2021