«ԵՐԲ ՆԱԽԿԻՆ ԱՇԽԱՐՀԱԿԱՐԳԸ ԱՅԼԵՒՍ ՉԿԱՅ, ՆՈՐՆ ԱԼ ՉԷ ՁԵՒԱՒՈՐՈՒԱԾ, ԱՆԳԱՐԱՅԻ ԵՒ ԵՐԵՒԱՆԻ ՇԱՀԵՐԷՆ ԿԸ ԲԽԻ ՈՒՆԵՆԱԼ ՇՓՄԱՆ ՅՈՒՍԱԼԻ ԽՈՂՈՎԱԿ ԵՒ ՓՈՐՁԵԼ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՏԵՂԱՓՈԽԵԼ ԿԱՆԽԱՏԵՍԵԼԻՈՒԹԵԱՆ ՈՒ ԻՐԱԿԱՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀՈՒՆ»

Միջազգային եւ անվտանգութեան հարցերու հայկական հիմնարկի ծրագրերու համակարգող եւ քաղաքական մեկնաբան Ռուբէն Մեհրաբեան (Ռուբեն Մեհրաբյան) համոզուած է, թէ Երեւան այսօր կը խօսի միջազգային հանրութեան լեզուով։ Ստորեւ կը ներկայացնենք իր յայտարարութիւնները։

*

-Ինչպէ՞ս կը գնահատէք Սիւնիքի մէջ այս օրերուն տիրող իրավիճակը, ի՞նչ մտահոգութիւններ կան։

-Նախ, մինչեւ բուն հարցի պատասխանին անցնիլը, մեծ պատիւ կը համարեմ հարցազրոյցս հնագոյն պոլսահայ պարբերականին հետ, որու խմբագիրին՝ Արա Գօչունեանին հետ պատիւը ունեցած եմ տարիներ առաջ ծանօթանալու Երեւանի մէջ։

Հայաստանի Սիւնիքի մարզը, ներկայիս, Ատրպէյճանի կողմէ մեր երկրի տարածքին դէմ նկրտումներու եւ ոտնձգութիւններու, ինչպէս նաեւ քանի մը երկիրներու խիստ տարբեր շահերու բախման կիզակէտն է։ Յետպատերազմեան վերջին ամիսներուն առկայ լարուածութեան հիմքը ճիշդ այդ գործօնի դրսեւորումն է։ Անշուշտ, ասիկա մեծ վտանգներ կը պարունակէ եւ մտահոգութեան տեղի կու տայ, սակայն, լաւ հաշուարկուած քաղաքականութեան եւ զինեալ ուժերու արդիականացման պատշաճ մակարդակի ապահովման պարագային այս դասաւորումը նաեւ կը պարունակէ հնարաւորութիւններ, որոնք առաջին հերթին կը վերաբերին՝ մեր այդ մարզի միջազգային տարանցման մեծ ներուժին։

Ըսածիս վկայութիւնն է Հայաստան-Իրան յարաբերութիւններուն մէջ Սիւնիքի գործօնով պայմանաւորուած՝ Պարսից ծոց-Սեւ ծով միջազգային ուժանիւթի փոխադրային երթուղիի կառուցումը եւ այս մէկուն բացարձակ առաջնահերթութիւն դառնալը։ Զուգահեռաբար, ինչպէս յայտնի է, Եւրոպական Միութիւնը յայտարարած է Հայաստանին գանձատրական աջակցութիւն տրամադրելու մասին։ Ծաւալը աննախադէպ է՝ 2.6 միլիառ եւրօ եւ այդ գումարի ծանրակշիռ մասը՝ 600 միլիոնը պիտի յատկացուի Հիւսիս-Հարաւ մայրուղիի նոր՝ Սիսիան-Քաջարան հատուածի կառուցման համար։ Յայտնի է, որ սա շինարարութեան տեսակէտէն աւելի դժուար հատուածն է։ Ուստի, մեծ հաշուով, բոլոր սպառնալիքներով հանդերձ, կը մնամ լաւատես։ Սիւնիքը Հայաստանի Հանրապետութեան անօտարելի մասն է եւ ոչ միայն այդպիսին ալ կը մնայ, այլեւ յուսալիօրէն կը կապէ Հայաստանը Իրանին եւ Ասիական շուկաներուն հետ, դառնալով աւելի կարեւոր, անվտանգ եւ բարեկեցիկ։

-Օրերս Հայաստան այցելեց ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Զաս։ Ի՞նչ էին այս այցի իրական նպատակները, լաւատեսութիւն կա՞յ։ Գիտենք, որ 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին ՀԱՊԿ անհրաժեշտ օգնութիւնը չցուցաբերեց Հայաստանին։ Ոչ միայն այդ, այլ նոյն «անտարբեր» մօտեցումը ցուցաբերեց, երբ Ատրպէյճանի ուժեր խախտեցին Հայաստանի սահմանը եւ տեղակայուեցան Սեւ լիճի շրջանին մէջ։ Այսքան անտարբերութենէ ետք, ՀԱՊԿ-ի դերը եւ մօտեցումը կրնա՞ն փոխուիլ։

-Նախ, լաւատեսութիւնը պայմանաւորուած է ոչ այնքան ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի այցով, որքան այն փաստով, թէ յետպատերազմական շրջանին դրսեւորելով չափազանց անհամարժէք կեցուածք, Ատրպէյճան ինքզինք դուրս դրած է քաղաքակրթութեան եւ բանականութեան դաշտէն, մինչդեռ Երեւան այսօր կը խօսի միջազգային հանրութեան լեզուով եւ եզրոյթներով՝ հիմնուելով միջազգային իրաւունքի, գուցէ նաեւ, ուղղակի տարրական կանոններու վրայ, աւելի ընկալելի ըլլալով՝ որպէս ժողովրդավարական պետութիւն իր միջազգային գործընկերներու համար։

Իսկ ինչ կը վերաբերի Սթանիսլաւ Զասի Երեւան այցին, ապա ան ուշացած էր ուղիղ չորս ամիս, երբ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի Պաքու կատարած այցելութենէն ետք Ատրպէյճանի ստորաբաժանումները ներխուժեցին Հայաստանի միջազգայնօրէն ճանչցուած տարածքը։ Եւ եթէ 44-օրեայ պատերազմի օրերուն ՀԱՊԿ իր լռութեան պատճառը կը բացատրէր, թէ Արցախի տարածքը չի մտներ իր պատասխանատուութեան գօտիին մէջ, ապա Հայաստանի պարագային նման բացատրութիւն չէր կրնար ըլլալ իրաւա-պայմանագրային ներկայ հիմքին բերումով։ Սակայն, ինչպէս տեսանք, այս տարուայ 12 մայիսէն ետք, ՀԱՊԿ գործնական ընելիք չգտաւ նաեւ Հայաստանի պարագային եւ Ատրպէյճանը դատապարտող նոյնիսկ կէս խօսք չըսաւ։ Ահա ամբողջ իրականութիւնը…

Մեծ հաշուով, որեւէ յոյս ՀԱՊԿ-էն անցեալին ալ չէ եղած, յամենայնդէպս, իմ մօտ։ Տարիներու ընթացքին ես միշտ շեշտած եմ, որ այդ կազմակերպութիւնը որեւէ կապ չունի իր կողմէ հռչակած նպատակներուն հետ եւ պարզապէս անգործունակ մարմին մըն է, որ կոչուած է սպասարկելու Մոսկուայի նէոկայսերապաշտական շահերուն։ Իսկ յետխորհրդային երկիրներու անդամակցութիւնը այդ կառոյցին, ուր անոնք իրենք զիրենք դաշնակից չեն համարեր, կապուած է միայն Մոսկուայի հետ յարաբերութիւններու գործօնին հետ։ Իսկ Մոսկուա կը ցանկայ համարել, թէ ի՛նք եւս կրնայ ՆԱԹՕ-ի նման կառոյց մը ստեղծել, զայն գլխաւորել եւ աշխարհին ներկայանալ այդ դաշինքով։ ՀԱՊԿ-ի անդամակցիլը Մոսկուայի հետ յարաբերութիւններուն մէջ, կարծես, ծէս մըն է անոր նկատմամբ հաւատարմութիւն ցոյց տալու համար։

Ինչ կը վերաբերի Զասի Երեւանի մէջ ըրած յայտարարութեան, որ դուք նկատի ունիք, այո, ակնյայտ է շեշտադրումներու կոշտացումը։ Բայց եւ այնպէս, մենք այստեղ որեւէ պատրանք պէտք չէ ունենանք եւ ահա՛ թէ ինչո՞ւ։ 12 մայիսին սկսած եւ մինչեւ օրս շարունակուող լարուածութենէն Ռուսաստան Ատրպէյճանի ձեռքով կորզեց առաւելագոյնը։ Ներկայիս Մոսկուա իրաւունք ստացած է Երեւանէն զօրքեր տեղակայելու Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի ողջ երկայնքով։ Ուստի, Հայաստանի մասով այս լարուածութենէն բոլոր օգուտները ստանալէ յետոյ Ռոսւաստան այլեւս անոր շարունակութեան կարիքը չունի։ Սակայն, Մոսկուա այժմ կը ձըգ-տի Պաքուէն կորզել իր ակնկալածները՝ վերջին տասնամեակին Ալիեւի բռնապետութեան ցուցաբերած հզօր աջակցութեան ի պատասխան։ Ռուսական կողմը մեծապէս օժանդակած է անոր՝ փոխելու համար իրեն ցանկալի ձեւով Արցախի կարգավիճակը։ Այժմ Մոսկուա ընդամէնը ճօճանակը կը մղէ հակառակ ուղղութեամբ։ Կը կրկնեմ, մենք պէտք չէ, որեւէ պատրանք տածենք եւ չկարծենք, թէ սա կը կատարուի մեզի հանդէպ շատ մեծ սիրոյ պատճառաւ։ Ի վերջոյ, Մոսկուա ռազմավարական անթաքոյց նպատակ մը կը հետապնդէ՝ վերահաստատել իր բացարձակ վերահսկողութիւնը ամբողջ նախկին Խորհրդային Միութեան տարածքին վրայ, ներառեալ՝ թէ՛ Հայաստանի եւ թէ Ատրպէյճանի մէջ։ Հետեւաբար, այս հակամարտութեան մէջ ան մեծ հաշուով ո՛չ Պաքուի դաշնակիցն է, ոչ ալ Երեւանի: Մոսկուան միայն անոնց միջեւ հակամարտութեան «դաշնակիցն» է։

-Յստակ է բոլորիս համար, որ Հարաւային Կովկասի մէջ Մոսկուա-Անգարա մեծ ծաւալով համագործակցութիւն մը գոյութիւն ունի։ Այս իրավիճակին մէջ ինչպէ՞ս պէտք է ըլլայ Հայաստանի կեցուածքը, կամ ի՞նչ ուղղութեամբ պէտք է շարժի փոքրիկ Հայաստանը։

-Անշուշտ, Արեւմուտքին հակադրուելու հիմքով Մոսկուա-Անգարա գործակցութիւնը ամենէն անցանկալին է հաւանական բոլոր տարբերակներէն, ինչ որ ուղղակի գոյաբանական սպառնալիք է հայկական պետականութեան համար։ Եւ, ցաւօք, այն, ինչ որ ամենէն անցակալին էր՝ այսօր կրնանք համարել իրողութիւն։ Հետեւաբար, սա կը պահանջէ Հայաստանէն եւ ողջ հայ ժողովուրդէն մտաւոր ներուժի իւրովի «զօրահաւաք» եւ աննախադէպ սթափութիւն, որպէսզի թոյլ չտրուի, որ 1920 թուականի ողբերգական դէպքերը կրկնուին։ Իսկ այս բանը կ՚ենթադրէ՝ պետական հիմնարկներու արդիւնաւէտ աշխատանք, ժողովրդավարութեան եւ բարեփոխումներու խորացում, տնտեսական զարգացում, բանակի արդիականացում, բոլոր քաղաքականութիւններու բազմազանացում, հարեւաններ Վրաստանի եւ Իրանի հետ յարաբերութիւններու մակարդակի բարձրացում՝ ռազմավարական աստիճանի, Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի եւ ԵՄ-ի հետ յարաբերութիւններու վերագործարկում, ինչպէս նաեւ ուղիղ, չմիջնորդաւորուած, կանխատեսելի յարաբերութիւններու եւ երկխօսութեան ապահովում՝ թէ՛ Մոսկուայի եւ թէ Անգարայի հետ։ Այս բոլորը անկախ այն բանէն, թէ առաջինը կը համարուի դաշնակից, իսկ երկրորդը՝ հակառակորդ։

-Թուրքիոյ վերջին շրջանի ընթացքը ինչպէ՞ս կը գնահատէք, այդ առումով մտավախութիւններ ունի՞ք։

-Թուրքիոյ վերջին տարիներու քաղաքականութիւնը, ցաւօք, որեւէ լաւատեսութեան հիմք չի տար։ Անգարայի «զերօ խնդիր հարեւաններու հետ» քաղաքականութիւնը յանգեցուցած է «զերօ հարեւան առանց խնդրի» փաստին։ Բնականաբար, բոլոր հնարաւոր վտանգներու մակակեդրոնին կրնայ յայտնուիլ Հայաստանը եւ սա չի կրնար մտահոգութիւններ չառաջացնել։ Միեւնոյն ժամանակ, առարկայականապէս ապակայունացած աշխարհին մէջ, երբ նախկին աշխարհակարգը այլեւս չկայ ու նորն ալ դեռ չկայ, Երեւանի եւ Անգարայի շահերէն կը բխի ունենալ շփման յուսալի խողովակ եւ փորձել տեղափոխել յարաբերութիւնները՝ կանխատեսելիութեան եւ իրական քաղաքականութեան հուն, նաեւ փորձել փոխադարձաբար հասկնալի ըլլալ իրադարձութիւններու տարբեր շրջադարձերու պարագային։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երեքշաբթի, Օգոստոս 17, 2021