ԱՄՆ-Ի ՄԱՐԴԱՀԱՄԱՐԻ ՈՒՇԱԳՐԱՒ ԱՐԴԻՒՆՔԸ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ մարդահամար կը կազմակերպուի տասն տարուայ պարբերութեամբ եւ այս օրերուն հրապարակուեցան վերջին մարդահամարի արդիւնքները։ Ըստ այս ամենաթարմ տուեալներուն, 2010-2020 թուականներու ժամանակաշրջանին զանազանութիւնը աստիճանաբար աւելցած է երկրէն ներս, ուր աճած է թիւը անոնց, որոնք ինքզինքնին կը համարեն «բազմացեղ», «լատին» եւ «ասիացի»։

ԱՄՆ-ի Բնակչութեան հաշուարկման գրասենեակին կողմէ հրապարակուած տուեալները մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնեն նաեւ Քոնկրէսի եւ տեղական ընտրական շրջաններու սահմաններու յստակեցման տեսակէտէ։ Ըստ «Ամերիկայի ձայնը» ռատիօկայանին, այս տուեալներու հիման վրայ կ՚ենթադրուի նաեւ, որ կուսակցութիւններու միջեւ լուրջ մրցակցութիւն մը պիտի յառաջանայ։

ԱՄՆ-է ներս ամենամեծ էթնիք խումբը կը կազմեն ոչ-լատին սպիտակները, որոնց բնակչութիւնը վերջին տասն տարուան ընթացքին 8.6 տոկոսով փոքրացած է։ Այժմու վիճակով այս խմբաւորումը ԱՄՆ-ի ընդհանուր բնակչութեան 57.8 առ հարիւրը կը կազմէ։ Ոչ-լատին սպիտակներու ընդհանուր բնակչութեան մէջ կազմած համեմատութիւնը առաջին անգամ այսքան նուազած է։ «Բազմացեղ»երու քանակը 2010 թուականին կը կազմէր 9 միլիոն եւ այժմ հասած է 33 միլիոն 800 հազարի, ինչ որ կը համապատասխանէ 276 տոկոսի։

Մարդահամարի արդիւնքները ցոյց կու տան, որ ԱՄՆ-է ներս բնակչութեան աճի թափն ալ դանդաղած է։ 1930-ական թուականներու Մեծ տագնապէն ի վեր առաջին անգամ երկրէն ներս բնակչութեան ընդհանուր աճը այսքան կամաց է։ Մարդահամարի արդիւնքները կը ցոլացնեն, որ ԱՄՆ-ի գաւառակներու կէսէն աւելիէ պարագային, 2010-2020 թուականներուն բնակչութիւնը նուազած է։ Նիւ Եորքը, Լոս Անճելըսը, Շիքակոն, Հիւսթընը եւ Ֆենիքսը կը շարունա-կեն մնալ երկրի ամենաբազմամարդ հինգ քաղաքները։ Առաջին տասնեակի բոլոր քաղաքներուն բաղդատմամբ աւելի արագ թափով կ՚աճի Ֆենիքսը, որ արդէն գերազանցած է Ֆիլատելֆիան։ ԱՄՆ-էն ներս բնակչութեան ամենաարագ թափով աճած քաղաքները առհասարակ գաւառական շրջաններու մէջ կը գտնուին։

Անցեալ ապրիլին, ԱՄՆ-ի Բնակչութեան հաշուարկման գրասենեակը տուեալներ հրապարակած էր նահանգներու կտրուածքով։ Այսպէսով ի յայտ եկած էր, որ Հանրապետական կուսակցութեան կողմէ կառավարուող Թեքսասի, Ֆլորիտայի եւ Հիւսիսային Քարոլայնայի նահանգները Քոնկրէսէ ներս ներկայացուցչական աթոռներ պիտի շահին՝ ըստ իրենց աճող բնակչութեան։ Մասնագէտներ համոզուած են, թէ միայն վարչական շրջաններու վերասահմանումով՝ Դեմոկրատական կուսակցութիւնը կրնայ իր չնչին մեծամասնութիւնը կորսնցնել Ներկայացուցիչներու տան մէջ։

ԱՄՆ-ի մէջ կ՚ապրի հայկական սփիւռք մը, որ կը կազմէ լուրջ զանգուած մը եւ կարեւոր ազդեցութիւն ունի հայաշխարհի ընդհանուր հաւասարակշռութիւններուն վրայ, ինչ որ պայմանաւորուած է թէ՛ իր նիւթական ներուժով եւ թէ ձեռք բերած քաղաքական ազդեցութիւնով։ Ուստի, երկրի ընդհանուր ժողովրդագրական պատկերը եւ անով պայմանաւորուած քաղաքական փոփոխութիւնները կարեւոր նշանակութիւն կ՚ունենան նաեւ ամերիկահայութեան տեսակէտէ։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 17, 2021