ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ԶՕՐՔԵՐԸ ՀՐԱԴԱԴԱՐԸ ԽԱԽՏԵՑԻՆ ՍԱՀՄԱՆԻ ԳԵՂԱՐՔՈՒՆԻՔԻ ՄԱՐԶԻ ՀԱՏՈՒԱԾԷՆ

Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ լարուածութիւնը միշտ կը շարունակուի։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրները երէկ տեղեկացուցին, որ ժամը 18.10-ի սահմաններուն Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու ստորաբաժանումները հերթական սադրանքներ իրականացուցած են։ Անոնք զանազան տրամաչափի զինատեսակներով կրակ արձակած են սահմանի Գեղարքունիքի մարզի հատուածէն ներս տեղակայուած հայկական դիրքերուն վրայ։ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրները տեղեկացուցին, որ խտացեալ փոխադարձ հրաձգութիւն ծաւալուած է կողմերուն միջեւ։ Բախումներուն զոհ գացած է Հայաստանի բանակէն շարքային Արման Յակոբեան (2002)։ Հայկական զինեալ ուժերու ձեռնարկած պատասխան-գործողութիւններէն վերջ Ատրպէյճանի բանակն ալ ունեցած է երեք զոհ եւ վիրաւոր։

Հայաստանի Մարդու իրաւանց պաշտպան Արման Թաթոյեանն ալ արձագանգեց սահմանի վերջին բախումներուն։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, պաշտպանի գրասենեակը տեղեկացուց, որ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերը ուղիղ նշանառութեամբ կը կրակեն Կութ եւ Նորաբակ գիւղերուն վրայ։ Անոնք կը թիրախաւորեն նաեւ Սոթքի լեռնանցքը։

Սահմանային բախումները թէեւ առանձնապէս մտահոգիչ են, սակայն վերջին օրերուն սկսած են նաեւ խլել զոհեր։ Ստեղծուած մտահոգիչ իրավիճակին մէջ Հայաստանի Ազգային ժողովի պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Անդրանիկ Քոչարեան երէկ յայտարարեց, որ հրադադարի պահպանման համար պատասխանատուութիւն կը կրէ նաեւ Ռուսաստան։

Ի դէպ, Երեւանի մօտ Ռուսաստանի դեսպան Սերկէյ Քոփիրքին երէկ այցելեց Հայաստանի Արարատի մարզի Երասխ սահմանակից բնակավայրը, որ վերջին շրջանին Նախիջեւանի հատուածէն խտացեալ ձեւով կը թիրախաւորուի Ատրպէյճանի զօրքերուն կողմէ եւ օր մը առաջ բախումներուն հետեւանքով այնտեղ նահատակուած էր հայ ենթասպայ մը։

Միւս կողմէ, Արցախի Արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Պապայեան արձագանգեց Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի վերջին յայտարարութիւններուն։ Ան յայտնեց, որ Արցախը Ատրպէյճանի տարածք չէ եւ կոչ ուղղեց, որպէսզի Պաքու իրականութիւնը չխեղաթիւրէ։

Հայաստանի Ազգային ժողովէն ներս այս առաւօտ երեսփոխանները վայրկեան մը յարգանքի լռութիւն պահեցին ի յիշատակ այն զինուորներուն, որոնք վերջին օրերուն նահատակուեցան սահմանին վրայ։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 17, 2021