ՀԱԿԱՍԱԿԱՆ ՄՕՏԵՑՈՒՄ

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ հերթական անգամ յայտնեց, որ իր երկիրը կը փափաքի խաղաղութեան պայմանագիր մը ստորագրել Հայաստանի հետ։ Շաբաթավերջին «CNN Türk»ին տուած հարցազրոյցին մէջ ան յայտնեց, որ իր երկիրը այդ պայմանագրի ստորագրման կը ձգտի, որպէսզի Երեւան եւ Պաքու ճանչնան իրարու տարածքային ամբողջականութիւնը եւ սկսի սահմանազատման, այսինքն սահմաններու հաստատման գործընթացը։ «Սակայն մենք ցայսօր դրական պատասխան չենք ստացած Հայաստանէն։ Ըստ երեւոյթին, Հայաստան այդ բանին պատրաստ չէ, կամ ալ դէմ է։ Ես ըսած եմ, որ սա մեծ սխալ կ՚ըլլայ եւ իրենք կը զղջան։ Քանի որ մենք յաւերժ չենք պահեր այդ առաջարկը սեղանին վրայ։ Եթէ անոնք այդ բանին դէմ են, թող բաց ըսեն, որ չեն փափաքիր խաղաղութեան պայմանագիր ստորագրել Ատրպէյճանի հետ։ Այդ պարագային, մենք մեր քաղաքականութիւնը կը վարենք ըստ այդմ», ըսաւ Ալիեւ ծաւալուն հարցազրոյցին մէջ։

Հայաստանի լրատուամիջոցներուն մօտ ալ լայն արձագանգ գտած է այս հարցազրոյցը, որու ընթացքին Ալիեւ նշած է, որ եթէ Հայաստան պատրաստ է ճանչնալ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը, ապա, այդ պարագային, ի հարկէ, տարածքաշրջան կու գայ երկարատեւ խաղաղութիւն։ Ալիեւ շարունակեց.

«Մենք այս բանը կը փափաքինք։ Միեւնոյն ժամանակ, այդ բանին հասնելու համար այժմ սեղանին վրայ կը գտնուին յստակ առաջարկներ՝ ճանապարհներու բացում, Զանգեզուրի միջանցքի ստեղծում, բոլոր առեւտրական կապերու վերականգնում։ Այսինքն, տեւական ընդհատումէ յետոյ խաղաղութեան ապահովուիլը Հարաւային Կովկասէ ներս կը համապատասխանէ մեր շահերուն։ Կը համարեմ, որ սա կը համապատասխանէ նաեւ Հայաստանի շահերուն։ Որովհետեւ Զանգեզուրի միջանցքը պիտի ծառայէ նաեւ անոնց շահերուն։ Անոնք կրնան երկաթուղային հաղորդակցութիւն հաստատել թէ՛ Իրանի եւ թէ Ռուսաստանի հետ։ Այսօրուան դրութեամբ նման կապ չկայ եւ նոր հնարաւորութիւններ ի յայտ պիտի գան նաեւ անոնց համար։ Հայաստան մինչեւ վերջերս կ՚առարկէր Զանգեզուրի միջանցքի բացման դէմ։ Ուղղակի օրեր առաջ այնտեղ ի յայտ եկաւ դրական կարծիք, թէ անոնք եւս չեն առարկեր։ Սակայն Զանգեզուրի միջանցքի լիակատար գործառնութեան համար պէտք է ըլլայ թէ՛ երկաթուղի եւ թէ ցամաքուղի։ «Զանգեզուրի միջանցք» բառակապակցութիւնը արդէն մտած է միջազգային բառապաշար։ Եւրոմիութիւնն ալ շատ դրական վերաբերմունք ցոյց կու տայ այս մասին։ Այսինքն՝ սա նոր հնարաւորութիւն կ՚ըլլայ թէ՛ Թուրքիոյ, թէ՛ Ատրպէյճանի եւ թէ տարածքաշրջանի համար՝ ներառեալ Հայաստանը։ Արդէն ըսի, որ այդ երկաթուղիով անոնք կրնան հաղորդակցութիւն ստեղծել Ռուսաստանի եւ Իրանի հետ։ Որովհետեւ Հայաստանի եւ Իրանի միջեւ երկաթուղիի շինարարութեան հարցը կը քննարկուի հաւանաբար քսան տարիէ ի վեր, իսկ իրականութեան մէջ տակաւին ոչինչ կայ։ Քանի որ այդ նախագիծը կը պահանջէ առնուազն 3 միլիառ տոլար։ Սակայն Նախիջեւանի տարածքը՝ Նախիջեւանի եւ Իրանի միջեւ արդէն երկաթուղի մը կայ, անոնք կրնան օգտագործել»։

Ալիեւ այս հարցազրոյցին մէջ Պաքուի կողմէ պատգամներ ուղղեց նաեւ Մոսկուային։ Այսպէս, Ատրպէյճան Ռուսաստանէն կ՚ակնկալէ, որ կատարուին Երեւան-Մոսկուա-Պաքու եռակողմանի յայտարարութեան բոլոր դրոյթները։ Յայտարարութեան դրոյթներուն մեծամասնութիւնը արդէն իրագործուած են, սակայն կան որոշ հարցեր, որոնք բաց կը մնան։ Որպէս Ատրպէյճանի հարեւան եւ Հայաստանի մերձաւոր դաշնակից՝ Ռուսաստան, ի հարկէ, յատուկ դեր մը կը խաղայ տարածքաշրջանէն ներս։ Բնական համարելով այս երեւոյթը՝ Ալիեւ յոյս յայտնած է, թէ ապագային Ռուսաստանն ալ բոլոր ջանքերը կը գործադրէ տարածքաշրջանէ ներս անվտանգութեան համար եւ քայլերու կը ձեռնարկէ երկարատեւ խաղաղութիւն ապահովելու նպատակով։

«Միեւնոյն ժամանակ մեր ակնկալութիւնն է, որ Ռուսաստան չզինէ Հայաստանը։ Մենք այդ հարցը ռուսական կողմի նկատառման յանձնած ենք։ Սա մեզի կ՚անհանգստացնէ։ Պատերազմը աւարտած է։ Այսինքն՝ հայ ժողովուրդը նոյնպէս հաշտուած է այդ իրավիճակին հետ։ Հայաստանի ղեկավարութիւնը եւս հաշտուած է պարտութեան հետ եւ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած վերջին խորհրդարանական ընտրութիւնները ցոյց տուին այդ բանը։ Սա պատմութեան մէջ չտեսնուած պատկեր մըն է, երբ պարտութիւն կրած ղեկավարութիւնը վերստին կը ստանայ ժողովուրդի ձայները։ Այդ պարագային, անշուշտ, Հայաստանի զինուիլը չի տեղադրուիր որեւէ տրամաբանութեան մէջ։ Մենք սա առայժմ չենք տեսներ, չենք դիտարկեր։ Բայց ռուսական կողմէն եղած են որոշ յայտարարութիւններ։ Օրեր առաջ Ռուսաստանի պաշտպանութեան նախարարը Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարին հետ հանդիպման ժամանակ ըսաւ, որ սկսած է դէպի Հայաստան ռուսական զէնքի մատակարարման գործընթացը։ Սա հարց է, որ շատ կ՚անհանգստացնէ», աւելցուց Ալիեւ։

Նոյն հարցազրոյցին մէջ, Ատրպէյճանի ղեկավարը անդրադարձաւ նաեւ Հայաստանի նորանշանակ պաշտպանութեան նախարար Արշակ Կարապետեանի վերջին յայտարարութիւններուն։ Ալիեւի մէջբերումով՝ ան ըսած է. «Եթէ Ատրպէյճան թէկուզ 1 սանթիմեթր խախտէ Հայաստանի սահմանը, անոնք կրակ կը բանան»։ Ալիեւ «շատ անպատասխանատու» որակեց այդ յայտարարութիւնները։ «Այսինքն, ակնյայտօրէն, Ղարաբաղի երկրորդ պատերազմը տակաւին բոլորին համար դաս չէ դարձած։ Եթէ այդպէս է, մենք պատրաստ ենք դարձեալ դաս տալու։ Հետեւաբար, կը յուսանք, թէ Ռուսաստան չի զիներ Հայաստանը, որովհետեւ այդ բանի անհրաժեշտութիւնը չկայ», ըսաւ ան։

Անդրադառնալով Ռուսաստանի խաղաղապահ առաքելութեան՝ Իլհամ Ալիեւ դիտել տուաւ, որ ռուսական զօրախումբի վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքը այժմ անվտանգ է։ Միեւնոյն ժամանակ, Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի իրավիճակը երբեմն անհանգստութիւն կը յարուցէ, սակայն ընդհանուր առմամբ կայուն է։ «Այս պատճառով, ի հարկէ, մենք կը փափաքինք, թէ Ռուսաստան հաշուի առնէ մեր անհանգստութիւնը այս հարցին մէջ։ Քանի որ որքան ալ սպառազինութիւն փոխանցուի, միեւնոյնն է, ուժերու յարաբերակցութիւնը պիտի չփոխուի», համոզուած է Իլհամ Ալիեւ։

Խօսելով 44-օրեայ պատերազմէն վերջ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներու մասին՝ Ալիեւ յայտնեց, որ հայերը այնտեղ հարիւր հազարաւոր ականներ տեղադրած են։ Պատերազմի աւարտէն ի վեր աւելի քան 150 քաղաքացիական անձ եւ զին-ւորական զոհուած է կամ իր առողջութիւնը կորսնցուցած՝ անոնց պայթելուն հետեւանքով։ Ալիեւ պնդեց, թէ Հայաստան Ատրպէյճանին չի տրամադրեր ականապատուած տարածքներու քարտէսները, իսկ վերջին շրջանին փոխանցուած քարտէսներու ճշգրտութիւնը 25 տոկոս է։

Հարկ է նշել, որ Իլհամ Ալիեւ երէկ այցելեց Լաչինի եւ Քելպեճէրի շրջանները, որոնք վերջին պատերազմէն յետոյ անցան Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ։ Իրեն ընկերացաւ կողակիցը՝ Միհրիպան Ալիեւա, որ միեւնոյն ժամանակ երկրի փոխ-նախագահն է։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 17, 2021