ՈՒՐՈՒԿՈՒԱՅ ԴԵՍՊԱՆԱՏՈՒՆ ՊԻՏԻ ԲԱՆԱՅ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

Ուրուկուայի Արտաքին գործոց նախարար Ֆրանսիսքօ Պուսթիժօ աւարտեց դէպի Հայաստան պաշտօնական այցելութիւնը։ Ան երէկ յայտարարեց որ իր երկիրը կը պատրաստուի դեսպանատուն մը բանալ Երեւանի մէջ։

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Արմէն Գրիգորեան երէկ Պուսթիժոյի հետ սարքած համատեղ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց, որ Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքին դէմ սանձազերծուած պատերազմի հետեւանքները տակաւին չեն յաղթահարուած։

Կը հաղորդուի, որ բանակցութիւններու ընթացքին օրակարգի վրայ եկած են երկու երկիրներու միջեւ տնտեսական համագործակցութեան զարգացման հեռանկարներուն վերաբերեալ հարցեր։ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ալ հիւր նախարարին հետ հանդիպման ընթացքին կանգ առած է համապատասխան նիւթերու վրայ։

Պուսթիժօ Երեւանի մէջ տեսակցեցաւ նաեւ Հայաստանի Տնտեսութեան նախարար Վահան Քերովբեանի հետ։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 17, 2021