ՔԱՂԱՔԱՎԱՐԱԿԱՆ ԱՅՑԵՐ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան շաբաթավերջին Վաքըֆլըգիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ Ս. Աստուածածնի տօնակատարութիւններուն նախագահելէ վերջ երէկ ունեցաւ շարք մը պաշտօնական հանդիպումներ։ Այսպէս, օրուան ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը հանդիպումներ ունեցաւ Հաթայի կուսակալ Ռահմի Տողանի եւ Գլխաւոր քաղաքապետ Լիւթֆիւ Սավաշի հետ։ Հանդիպումներուն ընթացքին Նորին Ամենապատուութեան ընկերացան շրջանի հոգեւոր հովիւը՝ Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան, գաւազանակիր Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան, Վաքըֆլըգիւղի ծխական խորհուրդի ատենապետ Ճեմ Չափար եւ գիւղապետ Պերճ Քարթուն։ Երկու հանդիպումներն ալ անցան ջերմ ու սիրալիր մթնոլորտի մէջ։  Թէ՛ կուսակալը եւ թէ քաղաքապետը ողջունեցին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր այցելութիւնը։ Տեղի ունեցան յուշանուէրներու փոխանակումներ։

Ի լրումն այս բոլորին, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը երէկ այցելեց Ս. Պօղոս-Պետրոս ուղղափառ պատմական եկեղեցին, որ անցեալի մէջ եղած է Անտիոքի պատրիարքութեան աթոռանիստը։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 17, 2021