ՃՈՆ ՊՈԼԹԸՆԻՆ ՀԵՌԱՑՈՒՄԸ… ՆՈՐ ԷՋ ՊԻՏԻ ԲԱՆԱ՞Յ…

Ինչպէս իր նշանակումը, այնպէս ալ պաշտօնէն հեռացուիլը կարեւոր իրադարձութիւններ համարուեցան Միացեալ Նահանգներու զարգացումներուն հետեւող զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն համար։ Խնդիրը այն է, որ Միացեալ Նահանգներու Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի գլխաւոր պատասխանատուին պաշտօնէն հեռացուիլը միայն անհատական մակարդակի վրայ եղած զարգացում մը չէր, այլ այն ունէր քաղաքական ենթաշերտեր, որոնց ուսումնասիրութիւնը անպայման ցոյց կրնայ տալ, թէ ինչ «խառն» իրավիճակ կը տիրէ Սպիտակ տան փակ սրահներուն մէջ։

Ճոն Պոլթըն, որ կը համարուի Միացեալ Նահանգներու արտաքին քաղաքականութեան կարեւորագոյն ճարտարապետներէն մին, ունէր ոչ այդքան փայլուն անցեալ (անշուշտ այս մօտեցումը կ՚ունենանք, եթէ խնդիրներուն ու արաբ-իսրայէլեան հակամարտութեան մօտենանք զէզոք դիրքերէ։ Ու ապահովաբար այս պարագային այդպիսի դիրքերէ հանդէս գալը այստեղ երեւցած գիրն ու տեսակէտը կը դարձնեն աւելի հիմնաւոր եւ զուրկ զգացական-նախասիրական զեղումներէ)։

Պոլթըն նախեւառաջ պատերազմի մարդ էր։ Ան կը համարուի Իրաքի դէմ ամերիկեան ներխուժման գլխաւոր ճարտարապետը եւ յստակ է նաեւ, որ Միացեալ Նահանգներու այսօրուան, եւ ինչու չէ, նաեւ անցեալի (Պարաք Օպամա) եւ ապագայի ոեւէ հաւասարակշռը-ւած նախագահի համար գոյութիւն ունէր եւ գոյութիւն պիտի ունենայ «իրաքեան սենտրոմ» անունով համախտանիշ մը։

Ամերիկացիք շատ դառն փորձառութիւն մ՚ապրեցան Իրաքի մէջ։ Դառն՝ ոչ անոր համար, որ Իրաքի նախկին նախագահ Սատտամ Հիւսէյինի տապալումէն ետք չկարողացան իրենց «սրտով»ը եղած իշխանակարգ մը մէջտեղ բերել, այլ անոր համար, որ Իրաքի «արեան տափաստաններու»ն մէջ ամերիկեան բանակը արիւնահոսեցաւ ու ինչքան դժուար եղաւ այն պահը, երբ ամերիկացի բարձրաստիճան պատասխանատուներ «ափ ի բերան» մնացին լսելէ ետք իրաքեան պատերազմէն տուն վերադարձած «խեղուած» ու ծանրօրէն վիրաւորուած զինուորներուն վկայութինները։ Տակաւին չենք խօսիր Իրաքի զանազան գաւառակներուն մէջ զոհուած ամերիկացի զինուորներու ծնողներուն վկայութեանց մասին, որ նոյնպէս բաւարար ուժ ունեցան հիմնովին շարժելու համար ամերիկեան քաղաքական հասարակութեան «սառած» տեսակէտները... Անշուշտ այդ ցնցումները տեղի ունեցան Միացեալ Նահանգներու քաղաքական վերնախաւի շրջանակներուն մէջ ու աւելի քան պարզ դարձաւ, որ հարիւր, երկու հարիւր կամ նոյնիսկ երկու հազար զոհերու ծնողներուն բողոքի ձանը անկարող է ազդել ամերիկեան հասարակութեան վրայ կամ փորձել բանալ անոնց խուլ ականջները։

Այս բոլորէն անդին ու վերադառնալով Պոլթընի խնդրին՝ ապա անոր իրաքեան մօտեցումները հաշուի առնելէ ետք, Միացեալ Նահանգներու ներկայ նախագահը՝ Տանըլտ Թրամփ ունեցաւ եւ ապրեցաւ «գէշ երազներ», մանաւանդ, որ Պոլթըն իր ենթախորքային մտածումներուն մէջ կը կրէր Իրանը «իրաքացնելու» սեւ տեսակէտները։

Թրամփ իրաւացի էր մի քանի առումներով. ոչ միայն անոր համար, որ անկարելի է Իրանը Իրաք դարձնել, այլ անոր համար, որ այդ բոլորին մէջ կը տեսնէր ամերիկեան ուժերուն եւ յատկապէս Միջին Արեւելքի ամերիկեան դաշնակիցները հալածող եւ սպառնացող մեծ վտանգներ, որոնք ցայսօր ալ չեն վերացած։

Ու այս բոլորէն ետք, յայտնի կը դառնար նաեւ, որ Թրամփ հաշուի առած էր, թէ յառաջիկայ տարուան ընտրութիւններէն առաջ զինուորական որեւէ «միքրօ» գործողութիւն ոչ միայն իր ժխտական անդրադարձը պիտի ունենար իր օգտին քուէարկել պատրաստուող խումբերուն վրայ, այլ ընթացք առած պատերազմը պիտի տեւէր բաւական երկար... Արդիւնքը անշուշտ պիտի ըլլար Թրամփի պարտութիւնն ու անոր քաղաքական «օրատետր»ին ամբողջական սպառումը։

Բաց աստի, կար նաեւ մեծ վախ, որ Թեհրան գործի լծելով իր բոլոր երեւելի եւ աներեւոյթ լծակները՝ մեծ հարուածներ պիտի հասցնէր ամերիկեան շահերուն ու նաեւ Միջին Արեւելքի մէջ ցայսօր առկայ ամերիկեան կեդրոնատեղիներուն։

Իրանի հետ պատերազմը «խաղ ու պար» չէր, տրուած ըլլալով, որ այս պարագային Միացեալ Նահանգներ գործ ունէր ոչ միայն զինուորապէս ամբողջական պատրաստութիւն ունեցող բանակի մը հետ, այլեւ գործ ունէր նաեւ գաղափարական պատերազմ մղելու պատրաստ հասարակութեան մը հետ, որուն արմատները սկիզբ կ՚առնէին Թեհրանի մէջ եւ կը տարածուէին ու կը հասնէին մինչեւ Սուրիա եւ Պէյրութ։

Այս բոլորին համար էր նաեւ, որ Թրամփ հիմնապէս կը փոխէր իր «խաղաոճը» եւ ի լուր աշխարհին կամացուկ մը կ՚ըսէր, թէ ընթացք առած է ամերիկեան արտաքին քաղաքականութեան նոր փուլ մը, որուն ընթացքին հնարաւոր դրական փոփոխութիւններ պիտի իրականցուին, կամ կրնան իրականացուիլ... մինչեւ Միացեալ Նահանգներու նախագահական յառաջիկայ ընտրութիւնները եւ գուցէ այդ ընտրութիւններէն ետք եւս։

Ի՞ՆՉ Կ՚ԸՍԷ ԳՐԻԳՈՐ ԽՈՏԱՆԵԱՆ

Պոլթընի պաշտօնէն հեռացումին եւ յառաջիկայ զարգացումներուն մասին մեր հարցւմներուն պատասխանեց ՍԴՀԿ Արեւմտեան Ամերիկայի Վարիչ մարմնի ատենապետ՝ Գրիգոր Խոտանեան։

-Վերջին օրերուն կարեւոր զարգացում համարուեցաւ Միացեալ Նահանգներու Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Ճոն Պոլթընի պաշ-տօնէն հեռացուիլը։ Ինչպէ՞ս կը մեկնաբանէք նախագահ Թրամփի այս որոշումը։

-Պէտք է ըսել, որ Պոլթընի հեռացումը կամ հրաժարականը, ինչպէս Պոլթըն ինք կ՚ըսէ, անակնկալ էր, սակայն ոչ անսպասելի, քանի որ վերջին շրջանին ամերիկեան մամուլը յաճախ կ՚անդրադառնար այն հարցին, նշելով որ տարակարծութիւն կայ Թրամփի այլ խորհրդականներու եւ Պոլթընի միջեւ։ Կը նշուէր նաեւ, որ տարակարծութիւններ կան յատկապէս Պետական քարտուղար Մայք Փոմփէոյի եւ Պոլթընի միջեւ եւ նախագահ Թրամփ կը կիսէր Փոմփէոյի տեսակէտները: Փաստ է նաեւ, որ Պոլթըն Նիօ-պահպանողական այն գործիչներէն է, որոնք ժամանակին թմբկահարեցին Իրաքի պատերազմը եւ որու հետեւանքները մինչեւ այսօր կը կրէ Ամերիկան։ Պոլթըն կ՚ուզէր նոյն քաղաքականութիւնը վարել հանրապետական այս իշխանութեան օրօք, սակայն Թրամփ աւելի զգուշաւոր էր, յատկապէս, որ իր նախընտրական պայքարի ընթացքին խոստացած էր ամերիկեան զօրքերը դուրս բերել Սուրիայէն, Իրաքէն, Աֆղանիստանէն եւ այլ վայրերէ եւ պատրաստ չէր նոր արկածախնդրութիւններու դիմելու, ինչպէս որ շատեր, յատկապէս պահպանողական շրջանակներէ ներս, կ՚ուզեն Ամերիկան տեսնել այդ դերին մէջ:

-Կ՚ըսուի, որ Պոլթընի հեռացումով Միացեալ Նահանգներ պիտի փորձէ համաձայնութեան նոր եզրեր գտնել Իրանի հետ. արդեօք այդ մէկը իրաւացի՞ է, ի՞նչ է ձեր վերլուծումը:

-Պոլթըն, Թրամփ եւ միւսները խորհեցան, որ եթէ ջնջեն միջուկային զէնքի շուրջ նախկին նախագահ Օպամայի օրօք ձեռք ձգուած համաձայնութիւնը, պիտի կարողանան Իրանը ծունկի բերել՝ տնտեսական ճնշումներու միջոցաւ, սակայն այսքան ժամանակ ետք, այդ գործելաոճը սպասուած արդիւնքը չտուաւ եւ հեռանկարն ալ այնպիսին է, որ Իրան պատրաստ չէ զիջելու եւ աւելի հակուած է դիմադրելու: Ատոր համար է, որ վերջերս Թրամփ սկսած է, նոյնիսկ ձեւով մը խնդրել (չակերտեալ), որպէսզի հանդիպում մը ըլլայ իր եւ Իրանի նախագահ Ռոհանիին միջեւ։ Այս կը նշանակէ, որ դերերը շրջուած են, փոխանակ Իրանը խնդրէ, աղաչէ, պաղատէ, ընդհակառակը, ծիծաղելիօրէն պէտք է ըսել, որ անսովոր բան մը կը կատարուի Ամերիկայի համար, Ամերիկայի նախագահը հանդիպում կ՚ուզէ Ռոհանիի հետ... Պէտք է ըսել, որ Թրամփի վարած արտաքին քաղաքականութիւնը քիչ մը անհաւասարակշիռ է, աւելի ճիշդ պէտք է ըսել, անկանխատեսելի է եւ միշտ յարափոփոխ, հետեւաբար, կարելի չէ շատ բան կառուցել Թրամփի վարած ընդհանուր քաղաքականութեան վրայ։

-Մեծ է թիւը անոնց, որոնք ներկայացած են որպէս թեկնածու այս կարեւոր պաշտօնին, ձեր կարծիքով՝ ո՞վ է ամենէն հաւանական թեկնածուն, որ պիտի ստանձնէ Պոլթընի պաշտօնը։

-Նախ ըսեմ, որ թեկնածուի հարց չկայ, նախագահը ինքն է, որ կ՚ընտրէ իր ազգային անվտանգութեան գծով խորհրդականը, եւ Պոլթըն, այս կարճ ժամանակուան՝ երկուքուկէս տարուան ընթացքին արդէն երրորդ խորհրդականն էր: Այստեղ պէտք է յիշեցնել, որ Պոլթըն Թրամփի առաջին ընտրութիւնը չէր, ինք այս պաշտօնը նախ առաջարկած էր մի քանի այլ թեկնածուներու, որոնք մերժած էին զինք, կռահելով, որ Թրամփի հետ աշխատիլը դժուար պիտի ըլլայ, հետեւաբար, վերջաւորութեան աւելի յարմար մէկը չգտնելով, եւ հաւանաբար, շատեր խորհուրդ տուին, որ ինք՝ Պոլթըն պէտք ստանձնէ այդ պաշտօնը:

Ներկայիս ամերիկեան մամուլին մէջ յստակ անուններ չկան եւ ենթադրութիւն կայ, որ Մայք Փոմփէոն պետական քարտուղարի պաշտօնի կողքին, նաեւ դառնայ ազգային անվտանգութեան գծով խորհրդական: Ատոր նախընթացը կայ, Հենրի Քիսինճըր ժամանակին երկու պաշտօնները միատեղած է, կրնայ ըլլալ, որ Մայք Փոմփէոն ստանձնէ այդ պաշտօնը եւ վարէ երկուքը՝ զուգահեռ:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 17, 2019