ՄԽԻԹԱՐԵԱՆԻ ԱՌԱՋԻՆ ՄՐՑՈՒՄԸ ԵՒ ԱՌԱՋԻՆ ԿՈԼԸ… «Ա.ԷՍ.ՌՈՄԱ»Ի ՀԵՏ

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան, որ այս տարեշրջանին համար «Արսենալ»էն փոխ տրուեցաւ «Ա.Էս.Ռոմա»ին, կիրակի, 15 սեպտեմբերին կատարեց իր առաջին մրցումը անոր հետ, երբ Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյենութեան՝ «Քալչիօ»ի 3-րդ հանգրուանին անոր կազմը հիւրընկալեց «Սասուոլօ»ն:

Մրցումին 22-րդ վայրկեանին, Մխիթարեան յաջողեցաւ նշանակել կոլ մը՝ իր նորամուտը նշելով տպաւորիչ ձեւով մը:

Այսպէով, Մխիթարեան հանդիսացաւ առաջին հայաստանցին, որ ոչ միայն կոլ կը նշանակէ «Ա.Էս.Ռոմա»ի հետ, այլ նաեւ Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյենութեան ընթացքին կոլ կը նշանակէ: Մրցումը աւարտեցաւ «Ա.Էս.Ռոմա»ի յաղթանակով (4-2):

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 17, 2019