ԱՐՑԱԽԻ ՄԷՋ ՆԱՀԱՏԱԿ

Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ երէկ զոհուեցաւ հայ զինուոր մը։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրները հաղորդեցին, որ Ատրպէյճանի սադրանքներուն հետեւանքով զոհուած է այս պայմանագրային զինուորը։ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը տեղեկացուց, որ վերջին օրերուն Ատրպէյճանի հետ պետական սահմանի հիւսիս-արեւելեան հատուածէն ներս բարձրացած է լարուածութեան աճը։ Ատրպէյճան աշխուժութիւն կը ցուցաբերէր ու կը փորձէր ձեռնարկել ամրաշինման աշխատանքներու։ Հայաստանի զինեալ ուժերը փորձած են այդ աշխուժութիւնը զսպել եւ ապագայ սրացումները կանխել։ Այս նպատակով հայկական բանակի յառաջապահ ստորաբաժանումները պարտաւորուած են կարգ մը գործողութիւններու ձեռնարկել։

Այս մթնոլորտին մէջ, երէկ, Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի հիւսիս-արեւելեան հատուածէն ներս տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն մէջ, մարտական դիրքէն ներս նահատակուած է Յովիկ Թամազեան։ Դէպքի մանրամասնութիւնները պարզելու համար ձեռնարկուած է քննութեան։ «Ստեղծուած իրավիճակի եւ սահմանային աճի ամբողջ պատասխանատուութիւնը կը կրէ Ատրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը», նշուած է Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան յայտարարութեան մէջ։

Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան երէկ յայտնեց, որ անցեալ յուլիսին սահմանային բախումներու դադարէն յետոյ հրադադարի խախտումները կրկնակի աւելցած են։ Խորհրդարանէ ներս երեսփոխաններու հարցումներուն պատասխանելու ժամանակ Դաւիթ Տօնոյեան յոյս յայտնեց, թէ Հայկական զինեալ ուժերու համապատասխան գործողութիւններուն շնորհիւ հրադադարը կը պահպանուի եւ սա կը նպաստէ բանակցային գործընթացին։ Նախարարը նշեց, որ պատասխան գործողութիւնները եղած են համարժէք։ Ըստ Դաւիթ Տօնոյեանի, Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու ստորաբաժանումները ամրաշինման աշխատանքներ կ՚իրականացնեն՝ փորձելով չէզոքացնել հայկական կողմի դիրքապահներու եւ դիրքերու գերակայութիւնն ու առաւելութիւնը։ Այս իսկ պատճառով Ատրպէյճան կ՚օգտագործէ զանազան տրամաչափի զէնքեր։ Արդէն երկու շաբաթէ ի վեր կը շարունակուի սոյն իրավիճակը։ «Մենք տեղեկատուական զսպուածութիւն ցուցաբերած ենք։ Այս ամբողջ դէպքերու վերաբերեալ տեղեկատուութիւնը կը տրամադրուի համանախագահներուն, ԵԱՀԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի յատուկ ներկայացուցիչը տեղեակ է։ Մենք քանի մը անգամ զգուշացուցած ենք, թէ այս իրավիճակի անպատշաճ զարգացումներու ռիսքերու նուազեցման որեւէ դրութիւն գոյութիւն չունի։ Այսօր, դժբախտաբար ունինք զոհ։ Համապատասխան միջոցներու կը ձեռնարկուին։ Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտնած է իր մտահոգութիւնը, զգօնութիւնը բարձրացուցած է։ Այդ մտահոգութիւնը մեզի համար կանխատեսելի է, որովհետեւ համապատասխան գործողութիւններ պիտի իրականացուին», ըսաւ Տօնոյեան։

Նոյնպէս խորհրդարանէն ներս, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ալ երէկ խօսեցաւ ղարաբաղեան հիմնախնդրին շուրջ։ Անդրադառնալով անցալ յուլիսի մարտերու տրամաբանութեան՝ ան ըսաւ. «Ատրպէյճան սխալ էր, մենք ճիշդ էինք»։ Փաշինեան ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու նախընթաց օրուան յայտարարութիւնը որակեց շինիչ եւ տրամաբանական։ Իր խօսքով՝ այդ յայտարարութիւնը կը համապատասխանէ բանակցային գործընթացը վերականգնելու կամ շարունակելու հայկական կողմի պատկերացումներուն։ «Մենք ունինք բանակցային գործընթացէն ներս սկզբունքներ, մենք արձանագրած ենք այդ սկզբունքները, բայց ըսած ենք նաեւ, որ այդ սկզբունքները նախապայման չենք համարեր եւ մինչեւ որ այդ հարցերը չլուծուին, մենք չենք բանակցիր»։

Փաշինեան ընդգծեց, որ իր ընկալումով՝ նախապայմաններ ունի Ատրպէյճան, որովհետեւ կ՚ըսէ, որ Ղարաբաղ բացառապէս պէտք է մաս կազմէ իրեն։ Ընդհանուր իրավիճակը մեկնաբանելու առընթեր Նիկոլ Փաշինեան նշեց, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ հանդիպում մը չէ նախատեսուած, կան քննարկումներ։

Մինչ այդ, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան Գահիրէ տուած պաշտօնական այցելութեան ընթացքին յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը պէտք է ունենայ փոխադարձ զիջումներու վրայ հիմնուած լուծում մը։ «Nile TV» հեռուստակայանին տուած հարցազրոյցին մէջ ան ընդգծեց, որ անկարելի է լուծում մը, որ հիմնուած չըլլայ դիրքորոշումներու եւ շահերու հաւասարակշռութեան վրայ։ «Հարաւային Կովկասի մէջ մենք ունինք մեր անվտանգային մարտահրաւէրները։ Անոնց շարքին է Լեռնային Ղարաբաղի չլուծուած հակամարտութիւնը, ուր մեր առաջնահերթութիւնն է Արցախի մեր հայրենակիցներու գոյութիւնը, ֆիզիքական անվտանգութիւնը եւ Արցախի կարգավիճակը։ Մենք ներգրաւուած ենք ոչ այնքան դիւրին բանակցութիւններուն մէջ։ Մենք կը պնդենք, որ հակամարտութիւնը կրնայ լուծուիլ բացառապէս խաղաղ ճանապարհով», ըսաւ Մնացականեան։

Այս հարցազրոյցին ընթացքին ան անդրադարձաւ նաեւ Թուրքիա-Ատրպէյճան համագործակցութեան։ «Ականատես կ՚ըլլանք Ատրպէյճանի մէջ Թուրքիոյ ռազմական ներկայութեան տարրերուն։ Մենք չենք կրնար անտարբեր ըլլալ ապակայունացման այս քաղաքականութան հանդէպ», ըսաւ Մնացականեան եւ աւելցուց, որ անցեալ յուլիսի դէպքերը շատ լուրջ մարտահրաւէր էին տարածքաշրջանէ ներս կայունութեան տեսակէտէ։

Երեւան միջոցէ մը ի վեր յաճախ կը բարձրաձայնէ, որ Թուրքիա Սուրիայէն վարձկան զինեալներ կը սահեցնէ դէպի Ատրպէյճան։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 17, 2020