ԲԱԶՄԱՌԱՆՑՔ ԱՇԽԱՏԱՆՔ

Արեւելեան Միջերկրականի առկայ լարուածութեան մթնոլորտին մէջ Անգարա հանդէս կու գայ բազմակողմանի նախաձեռնութիւններով։ Թուրքիա այս շրջանին մէկ կողմէ յամառ պայքար կը մղէ իր շահերուն համար, իսկ միւս կողմէ կը դիմագրաւէ լուրջ մարտահրաւէրներ՝ ստեղծուած բուռն մրցակցութիւններուն բերումով։ Այդ մրցակցութիւնները առաւել չափով Եւրոմիութեան անդամ երկիրներուն հետ ծագած են։ Յունաստան, Յունական Կիպրոս եւ Ֆրանսա Թուրքիոյ դէմ առանցք մը ձեւաւորած են՝ այլ երկիրներու հետ։ Անգարա թէեւ ունի այդ մրցակցութեան մէջ չզիջելու բոլոր հնարաւորութիւնները։ Յամենայնդէպս, 24-25 սեպտեմբերին նախատեսուած Եւրոմիութեան գագաթաժողովը կը ներկայացնէ մեծ կարեւորութիւն եւ շահագրգիռ բոլոր կողմերը կը ջանան մինչ այդ դիւանագիտական տեսակէտէ հնարաւորինս նպաստաւոր դիրք մը ապահովել։

Երէկ, Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան տեսաժողով մը ունեցաւ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքէլի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, երկու ղեկավարները առցանց հանդիպման ժամանակ քննարկեցին տարածքաշրջանային յարաբերութիւններն ու Անգարա-Պերլին համագործակցութեան ընթացքը։ Էրտողան այս առթիւ շեշտեց, որ արեւելեան Միջերկրականի վերաբերեալ տարակարծութիւնները բանակցութիւններու ճանապարհով, ընդհանուր համաձայնութիւնով կրնան լուծուիլ՝ եթէ շինիչ եւ արդար մօտեցումներ ըլլան։ Եւրոպական պետութիւնները արդար եւ հաւասարակշռուած դիրքորոշում մը պէտք է որդեգրեն արեւելեան Միջերկրականի պարագային։ Թուրքիոյ իրաւունքներուն համար մինչեւ վերջ վճռակամ եւ աշխոյժ քաղաքականութիւն մը յառաջ պիտի տարուի։ Ներկայ պայմաններով Անգարա-Աթէնք առանցքին վրայ ստեղծուած է լուրջ լարուածութիւն մը։ Թէեւ վերջին օրերուն կան կարգ մը դրական նշաններ այդ լարուածութեան աստիճանաբար յաղթահարման համար, սակայն տակաւին վաղ է վերջնականօրէն յուսադրուելու տեսակէտէ։ Յունաստանի վարչապետ Քիրիաքոս Միցոթաքիս երէկ յայտնեց, որ արեւելեան Միջերկրականի մէջ ջուրերը կը խաղաղին։ Ան յոյս յայտնեց, թէ կացութիւնը այսպէս կը շարունակուի։

Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տեր Լէյէն երէկ յայտարարեց, որ արեւելեան Միջերկրականէ ներս լարուածութեան նուազումը բոլորին տեսակէտէ նպաստաւոր է։ Եւրոխորհրդարանէ ներս ունեցած ելոյթին ժամանակ ան յայտնեց, որ Թուրքիա կարեւոր հարեւան մըն է ու միշտ այդպէս պիտի մնայ։ Ըստ իրեն, Թուրքիա բարդ աշխարհագրութեան մը մէջ կը գտնուի եւ կը հիւրընկալէ միլիոնաւոր գաղթականներ։ Եւրոմիութիւնն ալ անանտեսելի միջոցներ տրամադրած է իրեն։ Իր խօսքով՝ այս բոլորը պատճառ մը չեն կրնար ըլլալ, որպէսզի հարեւաններ իրարու աչքը վախցնեն։ Տեղական մամուլը այս ելոյթին անդրադառնալով կը հաղորդէ, որ Ուրսուլա ֆոն տեր Լէյէն խօսելու ժամանակ անտեսած է Թուրքիոյ՝ ԵՄ-ի լիիրաւ անդամ երկրի կարգավիճակը։ Եւրոխորհրդարանի ընդհանուր ժողովին առջեւ Ուրսուլա ֆոն տեր Լէյէն անդրադարձաւ «Միութեան կացութեան»։ Արեւելեան Միջերկրականի իրադարձութիւններուն առընթեր Եւրոյանձնաժողովի նախագահը անդրադարձաւ նաեւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Անգլիոյ հետ յարաբերութիւններուն։ «Սպիտակ տան վերջին շրջանի որոշումներուն հետ կրնանք միշտ համամիտ չըլլալ, սակայն միշտ արժէք պիտի տանք Անդրատլանտեան դաշնակցութեան», ըսաւ Ուրսուլա ֆոն տեր Լէյէն եւ աւելցուց, որ անկախ յառաջիկայ նոյեմբերին նախատեսուած նախագահական ընտրութիւններու արդիւնքէն՝ ԵՄ պատրաստակամ պիտի ըլլայ ԱՄՆ-ի հետ գործընկերութիւնը զարգացնելու։

ԵՄ-ի խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելն ալ երէկ այցելեց Նիկոսիա՝ ի շարունակութիւն նախընթաց օրուայ Աթէնքի շփումներուն։ Ան հիւրընկալուեցաւ Յունական Կիպրոսի նախագահ Նիքոս Անասթասիատիսի կողմէ։ Միշել կղզիի մէջ յայտարարեց, որ Եւրոմիութեան անդամ երկիրներու շահերը պէտք է պաշտպանուին վճռակամօրէն։

Անգարայի ղեկավարութիւնն ալ այս շրջանին զանազան հարթութիւններու վրայ կը շարունակէ կարեւոր պատգամներ փոխանցել միջազգային հանրութեան։ Ըստ իրեն, վերջերս Յունաստանէն արեւելեան Միջերկրականի շուրջ դրական պատգամներ կը հասնին, սակայն Աթէնք չէ հրաժարած իր առաւելապաշտ քաղաքականութենէն։ Մեւլիւտ Չավուշօղլու անդրադարձաւ նաեւ Ֆրանսային եւ ըսաւ, որ ան Եւրոմիութեան եւ Մերձաւոր Արեւելքի ղեկավարը դառնալ կը ձգտի։ Իր խօսքով, Ֆրանսա լարուածութիւնները հրահրելով կը ջանայ թափ տալ զէնքի ու զինամթերքի արտածման։ Չավուշօղլու ընդգծեց, որ Գերմանիա մասնակից չէ Ֆրանսայի օրակարգին։ Յամենայնդէպս, ըստ Չավուշօղլուի, անկախ արդարութեան հարցերէ, եւրոպական երկիրները վերջին հաշուով Թուրքիոյ փոխարէն Յունաստանը կը նախընտրեն։ Ինչպէս ծանօթ է, վերջին շրջանին Անգարա յաճախ կը մատնանշէ տարածքաշրջանային խնդիրներու վերաբերեալ Փարիզի եւ Պերլինի մօտեցումներու տարբերութիւնները։

Միւս կողմէ, ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերես երէկ Նիւ Եորքի մէջ յայտարարեց, որ պիտի վերակենդանացնէ Կիպրոսի հիմնախնդրի կարգաւորման ուղղեալ բանակցութիւնները։ Հիւսիսային Կիպրոսի Թուրք Հանրապետութեան մէջ յառաջիկայ հոկտեմբերի 11-ին նախատեսուած են ընտրութիւններ, որոնցմէ անմիջապէս վերջ ընդհանուր քարտուղարը կը պատրաստուի հինգ առանցքային դերակատարներով վերակենդանացնել քաղաքական գործընթացը։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 17, 2020