ՓՈԽԱԴԱՐՁ ԱՆԱՐԳԱՆՔՆԵՐ

Մինչ Հայաստանի ներքին քաղաքական կեանքի լարուածութիւնը կը շարունակուի որոշ չափով, ընդդիմադիր ճամբարի յառաջատար դէմքերէն Գագիկ Ծառուկեան կը շարունակէ բուռն քննադատութիւններով հանդէս գալ իշխանութիւններու հասցէին։ «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան (ԲՀԿ) առաջնորդ Գագիկ Ծառուկեանի դէմ կը շարունակուին զանազան հարցաքննութիւններ։ Վերջին օրերուն Հայաստանի պատկան իշխանութիւնները նոր գործ մըն ալ յարուցեցին ԲՀԿ-ի դէմ։ Գագիկ Ծառուկեան այս իրավիճակին մէջ բաւական խիստ գրառումներով հանդէս եկաւ ընկերային ցանցերու վրայ։

«Կը կարծեմ ժամանակն է սահմանադրութեամբ յստակ ամրագրել, որ հոգեկան լուրջ խնդիրներ ունեցող անձեր իրաւունք չունենան զբաղեցնել քաղաքական բարձր պաշտօններ՝ վտանգելով երկրի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներու անվտանգութիւնը», յայտնեց Ծառուկեան։

Սա, խորքին մէջ, Գագիկ Ծառուկեանի պատասխանն է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին։ Այս երկուքին միջեւ վերջերս ծագած է բանավէճ մը։ Արդարեւ, Նիկոլ Փաշինեան երէկ ակնարկած էր Գագիկ Ծառուկեանի տասնամեակներ առաջ տեղի ունեցած դատական գործին։ «Սկիզբին օտարերկրացի կանայք կը հրաւիրես եկեղեցին ցոյց տալու։ Յետոյ, ըլլալով ոստիկանութեան հարիւրապետ, եկեղեցւոյ տարածքին մէջ խմբով հիւրերը կը բռնաբարես եւ կը կողոպտես զանոնք։ Յետոյ կը զբաղիս ազգային արժէքներու եւ ազգային ինքնութեան պաշտպանութեամբ», գրած էր Նիկոլ Փաշինեան։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 17, 2020