ԲԱՐԴ ՏԱԳՆԱՊ

Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի առկայ լարուածութիւնը նոր երանգ մը ստացած է Գորիս-Կապան մայրուղիին վրայ յառաջացած տագնապով։ Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստան-Իրան բեռնափոխադրումներու պարագային սահմանուած արգելափակումները անխուսափելիօրէն միջազգային երանգ կը վերագրէ այդ տագնապին։ Յետպատերազմեան իրավիճակին մէջ սա նոր հարթութիւն մը կը բնորոշէ եւ միջազգային յառաջատար դերակատարներն ալ վերջին օրերուն անմիջականօրէն կ՚արձագանգեն ստեղծուած իրավիճակին։ Զանազան մայրաքաղաքներ վերաբերմունք կ՚արտայայտեն այս հարցին շուրջ։ Երէկ, Մոսկուա հերթական անգամ վերահաստատեց, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանագծումն ու սահմանազատումը անհրաժեշտ է։ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա շաբաթական մամլոյ ասուլիսին ժամանակ անդրադարձաւ Գորիս-Կապան մայրուղիի իրադարձութիւններուն։ Զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ հեռավար զրոյցի ժամանակ ան դիտել տուաւ, որ ռուսական կողմը ուշադրութեամբ կը հետեւի Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի առանձին հատուածներու իրավիճակին։ «Ռուսաստանի առաջարկները այս հարցին առընչութեամբ փոխանցուած են թէ՛ Պաքուին եւ թէ Երեւանին։ Մենք կ՚ակնկալենք, որ շուտով պիտի ստանանք պատասխան, ապագայ ընթացքը ձեւաւորելու նպատակով։ Զուգահեռաբար կը շարունակենք Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի հետ համատեղ ջանքեր գործադրել տարածքաշրջանէ ներս փոխադրութեան կապերու ապաշրջափակման ուղղութեամբ՝ բարձրագոյն մակարդակով ձեռք բերուած եռակողմանի պայմանաւորուածութիւններուն համապատասխան», յայտնեց բանբերը։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Մարիա Զախարովա պատասխանեց նաեւ հարցումի մը, որ կը վերաբերէր սեպտեմբերի 6-ին Լաչինի մէջ սկիզբ առած Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի զօրքերու համատեղ զօրավարժութիւններուն։ «Ռուսաստան պաշտօնապէս իր դիրքորոշումը յանձնած է Պաքուի նկատառման։ Հաշուի առնելով, որ այդ դիրքորոշումը ըմբռնումով ընդունուած է ատրպէյճանցի գործընկերներու կողմէ՝ ձեռնպահ կը մնան հրապարակային մեկնաբանութիւններէ», յայտնեց Զախարովա եւ աւելցուց, որ ռուսական կողմը մշտական շփման մէջ է Ատրպէյճանի գործընկերներուն հետ։

Մոսկուայէն հնչած տեսակէտներուն առընթեր, Ուաշինկթընն ալ տարածքաշրջանի իրադարձութիւններուն անմիջական ուշադրութեամբ կը հետեւի։ Երեւանի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լին Թրէյսի նախընթաց օր կրկնեց իր վերջին յայտարարութիւնները, որոնք Պաքուի բողոքին պատճառ դարձած էին։ «Մենք Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի հարցը լուծուած չենք համարեր, համապարփակ կարգաւորման կարիք կայ», ըսաւ Թրէյսի՝ վերահաստատելով իր յայտարարութիւնները։ Իր խօսքով՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ այս հարցերու լուծման նպատակով համապարփակ կարգաւորման կարիքը գոյութիւն ունի։ Կարգավիճակի հարցը կը մնայ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի օրակարգին վրայ, սա է ամերիկեան կողմի դիրքորոշումը։ «Անհրաժեշտութիւն կայ, որ Հայաստան եւ Ատրպէյճան կարողանան հասնիլ երկարատեւ խաղաղութեան», նշեց ան։

Միեւնոյն ժամանակ ամերիկացի դեսպանը չափազանց կարեւոր նկատեց Գորիս-Կապան ճանապարհի իրադարձութիւնները։ «Սա այն է, որու մասին մենք բազմիցս նշած ենք անցեալ նոյեմբերի՝ հրադադարի համաձայնութենէն վերջ», ըսաւ Լին Թրէյսի լրագրողներու հետ զրուցելու ժամանակ։

Եւրոմիութիւնն ալ այս շրջանին կը հետաքրքրուի Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի լարուածութիւնով։ Հարաւային Կովկասի հարցերով ԵՄ-ի յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար վերջերս Երեւան եւ Պաքու տուած այցելութիւններուն ընթացքին շօշափեց այս բոլոր խնդիրները։ Ան դիտել տուաւ, որ Եւրոմիութիւնը պատրաստ է աջակցելու կողմերու միջեւ առկայ լարուածութեան թուլացման։ Թոյվօ Քլաար Հայաստանէն Ատրպէյճան մեկնելէ առաջ այցելեց Երասխ, որ Հայաստանի սահմանակից այն շրջաններէն է, որ վերջին շրջանին Ատրպէյճանի զօրքերուն կողմէ յաճախ կը թիրախաւորուի։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 17, 2021