ԹԱՏԵՐԱԿԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄ

Երէկ երեկոյեան, Գատըգիւղի մէջ տեղի ունեցաւ եզակի թատերական ներկայացում մը։ «Moda Sahnesi»ին մէջ թատերասէրները համախմբուած էին «Պողազիչի» գեղարուեստից հաւաքականութեան բեմադրած խաղին հետեւելու համար։ «Kim Var Orada? Muhsin Bey'in Son Hamlet'i» կոչուած խաղը բեմադրուեցաւ երկար ժամանակ վերջ հանդիսատեսի մասնակցութեամբ, քորոնաժահրի համաճարակով պայմանաւորուած սահմանափակումներու թուլացման զուգահեռ։ Հարկ է նշել, որ այս թատերախաղի առանցքը կը կազմէ թատրոնի աշխարհի երկու մեծանուն եւ անմոռանալի վարպետներու՝ Մուհսին Էրթուղրուլի եւ Վահրամ Փափազեանի անմահանալի ոդիսականին։ Երկու արարէ բաղկացեալ, ընդհանուր 110 վայրկեան տեւողութեամբ խաղի բեմադրիչն էր Ճիւնէյթ Եալազ։ Դերակատարներն էին Պանու Աչըքտենիզ, Իլքէր Եասին Քեսքին եւ նոյնպէս՝ Ճիւնէյթ Եալազ։ Հանդիսատեսները մեծ հետաքրքրութեամբ հետեւեցան այս ներկայացման, որու բեմագրութեան մէջ յաճախակիօրէն հայերէն արտայայտութիւններ տեղ գտած էին։ Հարկ է նշել, որ գլխաւոր դերակատարուհին՝ Պանու Աչըքտենիզ Կեդրոնական վարժարանի ուսուցչուհիներէն մին է։ Կարգ մը քննադատներ այս ներկայացումը թրքական թատրոնի տեսակէտէ առերեսում մը որակած են։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 17, 2021