ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԵՒ ՀՆԴԿԱՍՏԱՆ ԿԸ ՁԳՏԻՆ ՆՈՐ ՀԱՐԹՈՒԹԵԱՆ ՄԸ ՎՐԱՅ ԴՆԵԼ ԻՐԵՆՑ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Հնդկաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սուպրահմանիամ Ճայշանքարի հետ։ Տուշանպէի մէջ տեղի ունեցաւ նախարարներու հանդիպումը։ Արարատ Միրզոյեան այնտեղ կը գտնուէր ՀԱՊԿ-ի կառոյցներու աշխատանքներուն մասնակցելու համար։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Միրզոյեան եւ Ճայշանքար անդրադարձան երկկողմանի օրակարգի նիւթերու լայն շրջանակի։ Անոնք գոհունակութիւն յայտնեցին սերտ կապերու վրայ հիմնուած հայ-հնդկական աւանդական ջերմ յարաբերութիւններու բարձր մակարդակի մասին։ Երկուստեք պատրաստակամութիւն յայտնուեցաւ համագործակցութիւնը որակապէս նոր մակարդակի մը վրայ բարձրացնելու ուղղութեամբ։ Նախարարներուն միջեւ համաձայնութիւն գոյացաւ՝ քննարկումներու սկսելու համար զանազան ոլորտներէ ներս յստակ ծրագրերու շուրջ համագործակցութեան մասին։ Այս ամբողջին մէջ ընդգծուեցաւ բարձր մակարդակով փոխադարձ այցելութիւններու աշխուժացման կարեւորութիւնը։ Միրզոյեան եւ Ճայշանքար գոհունակութեամբ ընդգծեցին միջազգային կառոյցներու շրջանակէն ներս Հայաստանի եւ Հնդկաստանի միջեւ ձեւաւորուած փոխադարձ աջակցութիւնը։ Անոնք կանգ առին նաեւ «Հիւսիս-հարաւ» միջազգային փոխադրութեան միջանցքին վերաբերեալ ընթացիկ իրադարձութիւններուն վրայ։

Զրուցակից նախարարները կարծիքներ փոխանակեցին նաեւ տարածքաշրջանային եւ միջազգային անվտանգութեան հարցերու շուրջ։ Միրզոյեան հնդիկ պաշտօնակցին նկատառման յանձնեց Ատրպէյճանի զօրքերու կողմէ Հայաստանի սահմաններուն դէմ կատարուած ոտնձգութիւններու հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակը։ Ան բարձր գնահատեց Հնդկաստանի սկզբունքային դիրքորոշումը, ինչպէս նաեւ շարունակական աջակցութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ ու համապարփակ կարգաւորման ի նպաստ, ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան շրջանակներէն ներս։ Միրզոյեան վերահաստատեց Ճամմուի եւ Քաշմիրի հիմնախնդիրներուն շուրջ Հնդկաստանի ի նպաստ Հայաստանի դիրքորոշումը։ Նախարարները անդրադարձան նաեւ Աֆղանիստանի իրավիճակին։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 17, 2021