ՓԱՇԻՆԵԱՆ-ՌԷԻՍԻ ՏԵՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՏՈՒՇԱՆՊԷԻ ՄԷՋ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Տուշանպէի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռէիսիի հետ։ Անոնք Տուշանպէի մէջ կը գտնուէին ՀԱՊԿ-ի գագաթաժողովի առթիւ։ Իպրահիմ Ռէիսի Նիկոլ Փաշինեանը ողջունելով յոյս յայտնեց, թէ երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն մէջ դրական նոր քայլեր կ՚իրականացուին։ Իր կարգին, Փաշինեան դիտել տուաւ, որ Ռէիսիի երդման արարողութենէն լաւ տպաւորութիւններ ունեցած էր։ «Մեր կառավարութիւններու գործունէութիւնը սկսած է միաժամանակ, կը կարծեմ, սա շատ կարեւոր նրբերանգ մըն է, ինչ որ հնարաւորութիւն կ՚ընձեռէ մեր գործողութիւնները ներդաշնակեցնելու», ըսաւ Փաշինեան եւ աւելցուց, որ Հայաստանի կառավարութեան գործունէութեան ծրագրին մէջ յատուկ ընդգծուած է տարածքաշրջանային յարաբերութիւններու կարեւորութիւնը։ Այս ամբողջին մէջ Փաշինեան կարեւորեց Ռէիսիի յայտարարութիւնը, ըստ որու՝ Իրանի համար եւս կարեւոր է հարեւաններու հետ յարաբերութիւններու զարգացումը։

Զրոյցի տեւողութեան Փաշինեան եւ Ռէիսի քննարկեցին Հայաստան-Իրան բազմակողմանի յարաբերութիւններու ապագայ զարգացման, երկու երկիրներու միջեւ բեռնափոխադրումներու անխափան կազմակերպման, տարածքաշրջանի վերջին գործընթացներուն վերաբերեալ հարցեր։

Փաշինեան-Ռէիսի հանդիպումը մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ իր ժամկէտին առումով։ Արդարեւ, Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի վերջին լարուածութիւնները սկսած են յորդիլ երկկողմանի բնոյթի շրջանակէն։ Մասնաւորապէս Սիւնիքի մարզէն ներս Ատրպէյճանի կողմէ կատարուած ոտնձգութիւնները սկսած են խոչընդոտել Հայաստան-Իրան բեռնափոխադրումները, ինչ որ միջազգային նրբերանգ կը վերագրէ ստեղծուած տագնապին։ Կապան-Գորիս մայրուղիի՝ Ատրպէյճանի կողմէ վերահսկուած հատուածներէն ներս իրավիճակը վերջին օրերուն դարձած է շատ խնդրայարոյց։ Ատրպէյճան հաստատած է անցակէտեր, Իրանի բեռնատարներու եւ անոնց վարորդներու պարագային փաստաթուղթերու ստուգում կ՚իրականացնէ եւ վճարումներ կը պահանջէ։ Երեւանեան աղբիւրները հաղորդեցին, որ Ատրպէյճանի ոստիկանութիւնը նախընթաց օր Իրանի քաղաքացի երկու վարորդ ձերբակալած էր։ Ստեղծուած բարդ իրադրութեան պայմաններուն ներքեւ, վերջին օրերուն իրերայաջորդ հանդիպումներ տեղի ունեցած են Ատրպէյճանի նախագահական աշխատակազմէն Հիքմէթ Հաճիեւի եւ Պաքուի մօտ Իրանի դեսպան Սէիտ Ապպաս Մուսավիի միջեւ։ Վերջին մէկ շաբթուան ընթացքին անոնք երեք անգամ տեսակցած են։

ՀԱՊԿ-ի Տուշանպէի գագաթաժողովին ընթացքին Նիկոլ Փաշինեան ունեցաւ ելոյթ մը, որու ընթացքին շեշտը դրաւ երկխօսութեան ու թշնամանքի մթնոլորտի յաղթահարման վրայ։ Ան խօսեցաւ խաղաղ զարգացման նոր դարաշրջանի մը բացման մասին։

Տուշանպէ մեկնելէ առաջ ալ Նիկոլ Փաշինեան Հայաստանի Ազգային ժողովէն ներս խօսած էր Գորիս-Կապան ճանապարհին վրայ Ատրպէյճանի կողմէ առնուած քայլերուն շուրջ։ Ան յայտած էր, որ խնդրոյ առարկայ կէտերը կը գտնուին Հայաստանի տարածքէն դուրս։ Իր խօսքով՝ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանագծի երկայնքով վերջին իրադարձութիւնները ունին բազմաթիւ շերտեր ու ենթաշերտեր։ Ան յիշեցուց, որ անցեալ տարի դեկտեմբերին իրականացուած է Հայաստանի զինեալ ուժերու դիրքերը Խորհրդային Միութենէն ժառանգուած սահմաններուն հետ համապատասխանեցնելու գործընթաց եւ սա կատարուած է ռազմական նոր մագլցումներէ խուսափելու համար։ Այս ամբողջին մէջ վարչապետը կրկին յիշեցուց 2010 թուականին Հայաստանի խորհրդարանին կողմէ ընդունուած վարչատարածքային բաժանման մասին օրէնքը։ Այնտեղ յստակ արձանագրուած է, որ մասնաւորապէս՝ Շուռնուխ եւ Որոտան գիւղերու վարչական սահմանները կը համապատասխանեն հայ-ատրպէյճանական սահմանին։ «Եւ տուեալ պարագային պիտի արձանագրեմ նաեւ, որ այս իրողութիւնն է եւ Խորհրդային Միութեան ժամանակ մասնաւորապէս այդ հատուածէն ներս Խորհրդային Հայաստանի եւ Խորհրդային Ատրպէյճանի միջեւ գոյութիւն ունեցած վարչական սահմանն է, որ ապագային արդէն վերածուած է պետական սահմանի։ Այս իրողութիւնը ընդունուած է որպէս հիմք։ Հիմա այս նոյն տրամաբանութեամբ այդ հատուածներուն մէջ երկու տեղ՝ Գորիս-Կապան ճանապարհը դուրս կու գայ Հայաստանի Հանրապետութեան կամ Խորհրդային Հայաստանի վարչական սահմանէն։ Այս հանգամանքի բերումով է նաեւ, որ ժամանակին յայտնի վայրերու մէջ զետեղուած են մեզի յայտնի ցուցանակները եւ յենակէտերը», ըսած էր Փաշինեան եւ աւելցուցած էր, որ ըստ անցեալ տարուայ դեկտեմբերի պայմանաւորուածութեան՝ այդ ճանապարհը անարգել կերպով պէտք է օգտագործուի Հայաստանի փոխադրամիջոցներու եւ բեռներու տարանցման համար։ «Կ՚ենթադրեմ, որ քանի այդ պայմանաւորուածութեան մէջ չէր յստակեցուած օտարերկրեայ բեռներու տարբերակը՝ տուեալ իրավիճակին մէջ Ատրպէյճան կը կիրառէ այդ միջոցը, թերեւս ի պատասխան մեր այն յայտարարութիւններուն, թէ եռակողմանի համաձայնութիւններու մէջ յիշատակուած չէ Հայաստանի տարածքով միջանցք մը տրամադրելու վերաբերեալ դրոյթ մը։ Հայաստանի Հանրապետութիւնը ընդգծած է, որ տարածքաշրջանի հաղորդակցութիւնները պէտք է բացուին, այնուամենայնիւ, կ՚արձանագրուի, որ օտարերկրեայ բեռները Հայաստանի տարածքը հատելու ժամանակ, ներառեալ՝ Ատրպէյճանի արեւմտեան շրջաններէն դէպի Նախիջեւանի ինքնավար Հանրապետութիւն երթալու ժամանակ պէտք է անցնին մաքսային, անձնագրային եւ այլ կէտերէ, ինչպէս սահմանուած է ԱՊՀ-ի երկիրներուն միջեւ փոխադրական հաղորդակցութիւնը կարգաւորող իրաւապայմանագրային դրութիւնով», նշած էր Նիկոլ Փաշինեան։

Խորհրդարանի ամպիոնէն Նիկոլ Փաշինեան հերթական անգամ յայտնած էր, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ պէտք է սկսի սահմանազատման ու սահմանագծման գործընթացը։ Ընդդիմադիր պատգամաւորի մը հարցումին պատասխանելով ան ընդունեց, որ Գորիս-Կապան ճանապարհի պարագային խնդրոյ առարկայ են ռիսքեր։ «Հայաստանի կառավարութիւնը կը ձեռնարկէ անհրաժեշտ բոլոր միջոցներուն՝ այդ ռիսքերը կառավարելու համար», աւելցուցած էր Փաշինեան։

Վարչապետի ելոյթ ունեցած նիստին ժամանակ նոյն խնդրի շուրջ զգուշացումներով հանդէս եկած էր խորհրդարանի «Հայաստան» ընդդիմադիր խըմ-բակցութեան ղեկավար Սէյրան Օհանեան, որ երկրի նախկին պաշտպանութեան նախարարներէն է։ Ըստ իրեն, Սիւնիքի մարզէն ներս, Գորիս-Կապան ճանապարհի որոշ հատուածներէն ներս Ատրպէյճան ներկայիս ապօրինի ձեւով կը գտնուի եւ այս պայմաններուն ներքեւ ապագային խնդիրներ պիտի յառաջանան սահմանազատման ու սահմանագծման աշխատանքներուն ժամանակ։ Լրագրողներու հետ զրուցելու ժամանակ Սէյրան Օհանեան դիտել տուաւ, որ իրեն համար անհասկնալի է՝ առանց որեւէ կրակոցի Ատրպէյճանին յանձնել այն տարածքները, որոնք ռազմավարական նշանակութիւն պիտի ունենան ապագային նախատեսուած խաղաղութեան պայմանագրի կնքումէն յետոյ։ «Իսկական սահմանազատման ու սահմանագծման անցնելու ժամանակ խնդիրներ պիտի յառաջանան։ Ի՞նչ կը նշանակէ Խորհրդային Միութեան քարտէս։ Ի՞նչ կը նշանակէ այլ տարբեր քարտէսներ։ Որո՞նք են անոնց իրաւական հիմքերը։ Ո՞ւր ճանչցուած են այդ քարտէսները։ Մենք ունինք բազմաթիւ պատմաբաններ, իրաւագէտներ, որոնց համար իրաւագրական հենքը, պատմական իրաւագրութիւնը անչափ կարեւոր է։ Անոնցմէ շատ-շատերը կ՚ապացուցանեն, թէ այդ տարածքները եղած են հայկական, բայց Խորհրդային Միութեան ժամանակ ճնշումներով անցած են ատրպէյճանցիներուն», ըսաւ Օհանեան եւ շեշտեց, որ պէտք էր կանգնիլ այնտեղ, ուր պատերազմը աւարտած էր։ Ըստ իրեն, բաւական լուրջ խնդիրներ յառաջացած են թէ՛ անվտանգութեան եւ թէ տնտեսական առումով։

«Այնտեղ, ուր առանց որեւէ հիմքի, յստակ իրաւական փաստաթուղթի, դիրքերը անցած են ատրպէյճանցիներուն ու եթէ ապագային իրական սահմանազատման, սահմանագծման աշխատանքներէ վերջ հասկնանք, թէ այդտեղը հայկական է՝ շատ դժուար պիտի ըլլայ ատրպէյճանցիները այդ սահմաններէն, այդ դիրքերէն դուրս բերել», ընդգծեց Օհանեան եւ աւելցուց, որ նկատի ունի ռազմավարական բարձունքները, Գորիս-Կապան ճանապարհի հատուածները, ուր Ատրպէյճան այսօր արդէն ոստիկանական յենակէտեր հաստատած է։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 17, 2021