ԱՆԿԻՒՆԱԴԱՐՁԱՅԻՆ ՈՐՈՇՈՒՄՆԵՐ

Եւ­րո­պա­կան միու­թեան ղե­կա­վար­նե­րը Պրիւք­սէ­լի մէջ քննար­կե­ցին գաղ­թա­կան­նե­րու հար­ցը։ Ժո­ղո­վը տե­ւեց շուրջ եօթ ժամ։ Հա­ւա­քոյ­թի ա­ւար­տին Եւ­րո­պա­կան միու­թեան խոր­հուր­դի նա­խա­գահ Տա­նըլտ Թուսք յայ­տա­րա­րեց, թէ ու­նի վե­րա­պահ լա­ւա­տե­սու­թիւն մը՝ գաղ­թա­կա­նաց տագ­նա­պի շուրջ վերջ­նա­կան ո­րոշ­ման մը յան­գե­լու գծով։

Թուսք նշեց, թէ ըն­դու­նած են կարգ մը կա­րե­ւոր ո­րո­շում­ներ՝ Եւ­րո­պա­կան միու­թեան ար­տա­քին սահ­մա­նը պահ­պա­նե­լու գծով։ «Գա­ղա­թա­կան­նե­րու տագ­նա­պի առ­կայ կա­ցու­թեան դի­մաց գո­հու­նա­կու­թեամբ կ՚ըն­դու­նինք Թուր­քիա-Եւ­րո­պա­կան միու­թիւն գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու միաս­նա­կան ծրա­գի­րը։ Թուր­քիա­յէ դէ­պի Եւ­րո­պա­կան միու­թիւն գաղ­թա­կան­նե­րու հոս­քը դան­դա­ղեց­նե­լու նպա­տակ կը հե­տապն­դէին այն հան­դի­պում­նե­րը, զորս ան­ցեալ շա­բաթ­նե­րուն Պրիւք­սէ­լի, Ան­գա­րա­յի եւ Նիւ Եոր­քի մէջ ու­նե­ցանք Թուր­քիոյ ղե­կա­վար­նե­րուն հետ։ Գոր­ծո­ղու­թեանց ծրա­գի­րը կա­րե­ւոր քայլ մըն է այս ուղ­ղու­թեամբ», ը­սաւ ան։

Թուր­քիոյ հետ վերջ­նա­կան ո­րոշ­ման մը յան­գե­լու վե­րա­բե­րեալ հար­ցու­մի մը պա­տաս­խա­նե­լով Տանըլտ Թուսք նշեց, թէ Եւ­րո­պա­կան միու­թիւ­նը պատ­րաս­տած է իր ա­ռա­ջար­կը։ «Պա­տաս­խա­նա­տու եւ գո­հա­ցու­ցիչ պա­տաս­խա­նի մը կը սպա­սենք Թուր­քիա­յէն։ Խընդ-րոյ ա­ռար­կայ է «ա­ռա­ւե­լի ա­ռա­ւել՝ ա­ռա­ւե­լի դի­մաց» սկզբուն­քը։ Մէկ այլ խօս­քով «դուք մե­զի օգ­նե­ցէք, մենք ալ ձե­զի»։ Այս­քան պարզ», ը­սաւ Տանըլտ Թուսք։

Եւ­րո­պա­կան յանձ­նա­ժո­ղո­վի նա­խա­գահ Ժան Քլոտ Եուն­քէր ալ յի­շե­ցուց Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղա­նի հետ ու­նե­ցած հան­դի­պու­մը։ «Այ­սօր ա­ռա­ւօ­տեան Թուր­քիոյ եւ Եւ­րո­պա­կան միու­թեան յանձ­նա­ժո­ղո­վին մի­ջեւ գո­յա­ցաւ հա­մա­ձայ­նու­թիւն մը։ Այս ի­րի­կուն ալ գա­գա­թա­ժո­ղո­վի ըն­թաց­քին հա­մա­ձայ­նե­ցանք սկզբունք­նե­րուն շուրջ։ Հա­մա­ձայ­նու­թիւ­նը ու­նի եր­կու նպա­տակ. գաղ­թա­կան­նե­րուն Թուր­քիոյ մէջ մնա­լը եւ ի­րենց Եւ­րո­պա անց­քին ար­գի­լու­մը։ Ա­պա­հո­վե­ցինք այս մէ­կը», ը­սաւ Ժան Քլոտ Եուն­քէր։

Եուն­քէր յայտ­նեց, թէ տնտե­սա­կան օգ­նու­թեան վե­րա­բե­րեալ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը պի­տի շա­րու­նա­կուին նաեւ յա­ռա­ջի­կայ օ­րե­րուն։ Թուր­քիոյ հետ վի­զա­նե­րու ջնջման վե­րա­բե­րեալ հար­ցու­մի մը պա­տաս­խա­նե­լով ան ը­սաւ. «Կ՚ու­զեմ այս նիւ­թի մէջ յստակ ըլ­լալ։ Մեր թուրք պաշ­տօ­նա­կից­նե­րուն հետ վի­զա­նե­րու ջնջման գոր­ծըն­թա­ցի ա­րա­գա­ցու­մին շուրջ հա­մա­ձայ­նե­ցանք։ Սա­կայն սա չի նշա­նա­կեր, որ պի­տի հե­ռա­նանք հիմ­նա­կան չա­փա­նիշ­նե­րէն։ Թուր­քիոյ հա­մար այլ չա­փա­նիշ պի­տի չըլ­լայ։ 2016-ի գար­նան պի­տի քննար­կենք զար­գա­ցում­նե­րը»։

Ժան Քլոտ Եուն­քէր նշեց, թէ այս­պէ­սով յստակ ա­ղերս մը կը ստեղ­ծեն վի­զա­նե­րու ջնջման եւ փախս­տա­կան­նե­րու տագ­նա­պին մի­ջեւ։

Իսկ Գեր­մա­նիոյ Վար­չա­պետ Ան­կե­լա Մեր­քէլ ը­սաւ, որ Եւ­րո­պա­կան միու­թեան եր­կիր­նե­րը քննար­կած են Թուր­քիոյ տրա­մադ­րել 3 մի­լիառ եւ­րօ՝ ի նպաստ փախս­տա­կան­նե­րուն։ «Եւ­րո­պա­յի ղե­կա­վար­նե­րը համա­ձայ­նած են Թուր­քիոյ Եւ­րո­պա­կան միու­թեան ան­դա­մակ­ցու­թեան գոր­ծըն­թա­ցը վե­րաշ­խու­ժաց­նե­լու եւ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րէ ներս նոր գլուխ­ներ բա­նա­լու նիւ­թին շուրջ», ը­սաւ ան։ Մեր­քէլ յայտ­նեց նաեւ, թէ փախս­տա­կան­նե­րու հար­ցով տա­կա­ւին շատ ը­նե­լիք­ներ կան։

«Ֆրոն­թեքս», որ Եւ­րո­պա­կան միու­թեան գա­գա­թա­ժո­ղո­վի ար­դիւն­քին փախս­տա­կան­նե­րը ետ ու­ղար­կե­լու եւ սահ­ման­նե­րը պաշտ­պա­նե­լու գծով ա­ւե­լի կեն­սա­կան դեր մը պի­տի ու­նե­նայ, յայտ­նեց, թէ վեր­ջին ինն ա­միս­նե­րուն Եւ­րո­պա­կան միու­թեան եր­կիր­նե­րը ըն­դու­նած են եօթհարիւրտասը հա­զար փախս­տա­կան։ Ան­դամ եր­կիր­նե­րը թէեւ հա­մա­ձայ­նած էին հարիւրվաթսուն հա­զար փախստա­կան հա­ւա­սա­րա­պէս բաշ­խել, սա­կայն ա­սոնց­մէ մէկ մա­սը միայն կա­րե­լի ե­ղած էր ըն­դու­նիլ։ Եւ­րո­պա­կան եր­կիր­նե­րը Թուր­քիոյ օ­ժան­դա­կու­թիւ­նը կեն­սա­կան կը նկա­տեն՝ այս խնդրին մնա­յուն լու­ծում մը տա­լու հա­մար։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 17, 2015