ԳԻՆԻԻ ԱՄԵՆԱՀԻՆ ՀՆՁԱՆԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ

Ան­յի­շե­լի ժա­մա­նակ­նե­րէ գի­նին ե­ղած է մարդ­կա­յին կեան­քի եւ մշա­կոյ­թի մէկ մա­սը: Հին Յու­նաս­տա­նի մէջ գի­նին գո­վեր­գած են պատ­միչ­նե­րը, բա­նաս­տեղծ­նե­րը եւ այլք: Գի­նիի մա­սին ի­րենց աշ­խա­տու­թիւն­նե­րուն մէջ անդ­րա­դար­ձած են նաեւ Ե­զով­փո­սը եւ Հո­մե­րո­սը:

Գի­նիի յու­նա­կան աս­տուա­ծը՝ Դիո­նի­սո­սը ներ­կա­յացու­ցած է ոչ միայն գի­նիի ո­գե­լից ու­ժը, այ­լեւ ա­նոր ա­ռող­ջա­րար ազ­դե­ցու­թիւ­նը:

Գի­նին շատ ա­ւե­լի հին է, քան ա­նոր մա­սին գրա­ռուած պատ­մու­թիւ­նը: Մար­դիկ հա­ւա­նա­բար սկսած են ա­ճեց­նել խա­ղո­ղը ցո­րեն ա­ճեց­նե­լէ քիչ անց՝ Քրիս­տո­սէն շուրջ ութ հազար տա­րի ա­ռաջ: Հին ժա­մա­նակ գի­նին նոյ­նիսկ հա­մա­րուած է բնու­թեան կա­խար­դական պար­գեւ:

Աշ­խար­հի ա­մե­նա­հին հնձա­նը բա­ցա­յայ­տուած է Հայաս­տա­նի լեռ­նե­րէն մէ­կուն մէջ գտնուող քա­րայ­րի մը մէջ: Հե­տա­զօ­տող­նե­րու մի­ջազ­գա­յին խում­բը յայտնա­բե­րած է 6100 տա­րուան պատ­մու­թիւն ու­նե­ցող կա­րաս, մամ­լիչ, բա­ժակ, եւ խմոր­ման հա­մար նա­խա­տեսուած կա­րաս­ներ Հա­յաս­տա­նի Ա­րե­նի-1 կո­չուող տա­րած­քի քա­րայր­նե­րէն մէ­կուն մէջ: Ա­րե­նի-1 քա­րան­ձա­ւա­յին հա­մա­լի­րը կը գտնուի Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան Վա­յոց Ձո­րի մար­զի Ա­րե­նի գիւ­ղին մէջ: Եօթ ա­միս անց նոյն քա­րան­ձա­ւին մէջ յայտ­նա­բե­րուե­ցաւ նաեւ աշ­խար­հի ա­մե­նա­հին կա­շիէ կօ­շի­կը՝ Ա­րենի-1 կօ­շի­կը: Ա­րե­նի գիւ­ղը յայտ­նի է գի­նիի ար­տադ­րու­թեամբ:

Պե­ղում­նե­րու հա­մա­նա­խա­գահ, Գա­լի­ֆոր­նիոյ համալ­սա­րա­նի Լոս Ան­ճը­լե­սի հնէա­բա­նու­թեան Քոթ­սէն հիմ­նար­կի նա­խա­գահ Կրե­կո­րի Ա­րե­շեան կը կար­ծէ՝ այդ գի­նին կրնայ հա­մե­մա­տուիլ ժա­մա­նա­կա­կից չզտուած գի­նիին հետ եւ ու­նի այն նոյն հա­մը, ինչ որ Մեր­լո­թը: Ա­րե­շեա­նի խօս­քով՝ այս հնձա­նի յայտ­նա­բերու­մէն ա­ռաջ ա­մե­նա­հին հնձա­նը կը գտնուէր Իսրա­յէ­լի մէջ (Ք․Ա.1650թ): Հնա­գէտ­նե­րու խօս­քով՝ այն մար­դիկ, ո­րոնք թո­րած եւ խմած են այդ գի­նին, հա­ւա­նա­բար օգ­տա­գոր­ծած են զայն ա­րա­րո­ղա­կար­գա­յին նպա­տակ­նե­րով:

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 17, 2016