ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ՕՏԱՐ ՈՒՍԱՆՈՂՆԵՐԸ

Հա­յաս­տա­նի հա­մալ­սա­րան­նե­րուն մէջ Հոկ­տեմ­բե­րի 1-էն սկսեալ ու­սումա­ռու­թիւն սկսած է 550 սփիւռ­քահայ եւ 420 օ­տար ու­սա­նող: Ըստ «Ար­մէնփ­րէս»ի, այս մա­սին յայտ­նած է Հա­յաս­տա­նի Կրթու­թեան եւ գի­տու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան ար­տա­քին կա­պե­րու եւ սփիւռ­քի վար­չու­թեան պետ Ար­թուր Ղա­զա­րեան՝ նշելով, որ Հա­յաս­տա­նի մի­ջին մաս­նա­գի­տա­կան հաս­տա­տու­թիւն­ներ դի­մած է 70 սփիւռ­քա­հայ:

Վրաս­տա­նէն Հա­յաս­տա­նի հա­մալ­սա­րան­ներ դի­մած է 23 ու­սա­նող, Ռու­սաս­տա­նէն՝ 170, Ի­րա­նէն՝ 190, Հնդկաս­տա­նէն՝ 220 եւ Սու­րիա­յէն՝ 90: Կան ու­սա­նողներ նաեւ Պրա­զի­լէն, Ի­րա­քէն, Չի­նաս­տա­նէն, Գեր­մա­նիա­յէն, Յու­նաս­տա­նէն, Իս­րա­յէ­լէն, Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րէն, Տա­ճի­կիս­տա­նէն, Թիւրքմենիս­տա­նէն, Ուրու­կուա­յէն, Շուէ­տէն, Ռուան­տա­յէն, Ուք­րայ­նա­յէն, Թուր­քիա­յէն:

Թուր­քիա­յէն ժա­մա­նած 4 դի­մորդ­նե­րը հա­յեր են՝ Հա­յաս­տա­նի քա­ղա­քա­ցի­նե­րու զա­ւակ­ներ: Վար­չու­թեան պե­տին հա­ւաս­տիա­ցու­մով՝ նա­խորդ եր­կու տա­րուան համեմա­տու­թեամբ՝ դի­մորդ­նե­րուն քա­նա­կը էա­պէս չէ ա­ճած կամ նուա­զած: «Մենք հա­կուած ենք ա­ւե­լի աշ­խոյժ քայ­լե­րու ձեռ­նար­կել քա­րոզ­չա­կան աշ­խա­տանք­նե­րու ուղ­ղու­թեամբ՝ հա­մա­գոր­ծակ­ցե­լով միջ­նորդ կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու հետ, ինչ որ կը նպաս­տէ Հա­յաս­տա­նի հա­մալ­սա­րան­նե­րու նկատ­մամբ հե­տաքրք­րու­թեան բարձ­րաց­ման», ընդգ­ծած է Ար­թուր Ղա­զա­րեան:

ԱՊՀ-ի եր­կիր­նե­րէն Հա­յաս­տա­նի մէջ ի­րենց կրթու­թիւ­նը շա­րու­նա­կող­նե­րէն շա­տեր յա­ճախ կը հաս­տատուին Հա­յաս­տան, այս­տեղ շա­րու­նա­կե­լով ի­րենց գոր­ծու­նէու­թիւ­նը:

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 17, 2016