ԹՈՒՐՔԻԱ ՓԱԿԵՑ ԻՐ ՕԴԱՅԻՆ ՄԱՐԶԸ ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ԻՐԱՔԻ ՀԱՄԱՐ

Երէկ, մայրաքաղաք Անգարայի մէջ տեղի ունեցան Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի եւ կառավարութեան ժողովներ։ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցաւ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի ժողովը, որու ընթացքին առաջնահերթօրէն օրակարգի վրայ եկան Հիւսիսային Իրաքի իրադարձութիւնները։ Այսպէս, Ազգային անվտանգութեան խորհուրդը որոշեց կառավարութեան յորդորել՝ Թուրքիոյ օդային մարզը փակել Հիւսիսային Իրաքի համար։ Կառավարութիւնն ալ անմիջապէս ընդունեց համապատասխան որոշում մը։ Նախարարաց խորհուրդի բանբերը՝ Պեքիր Պոզտաղ յայտնեց, որ յետայսու որեւէ օդանաւ Թուրքիոյ օդային մարզը օգտագործելով պիտի չկարենայ մեկնիլ Հիւսիսային Իրաքի քրդական ինքնավարութեան օդակայանները եւ այնտեղէն թռիչք առած օդանաւներուն համար ալ ի զօրու պիտի ըլլայ նոյնը։

Մինչ այդ, Իրաքի բանակն ալ երէկ մուտք գործեց Քերքիւք եւ մէկ օրուան գործողութեան մը շնորհիւ իր հակակշռին տակ առաւ նաւթի պաշարներով հարուստ այս քաղաքը։

ԵՐԿՈՒ ՆԱՀԱՏԱԿ

Միւս կողմէ, Թուրք զինեալ ուժերը Հիւսիսային Իրաքի մէջ կը շարունակեն անջատողական ահաբեկչական ՓՔՔ կազմակերպութեան դէմ գործողութիւնները։ Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահութեան աղբիւրները տեղեկացուցին, որ վերջին օրերու գործողութիւններուն ընթացքին երկու թուրք զինուոր նահատակուած է Հիւսիսային Իրաքի մէջ։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 17, 2017