ՇԻՆԻՉ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւ երէկ հանդիպում մը ունեցան Ժընեւի մէջ։ ՄԱԿ-ի կեդրոնատեղիէն ներս տեղի ունեցաւ այս գագաթաժողովը, որու ընթացքին նախագահներու կողքին էին երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները՝ Եդուարդ Նալպանտեան եւ Էլմար Մամետեարով։ Հանդիպման ներկայ էին նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները՝ Իկոր Փոփով (Ռուսաստան), Սթեֆան Վիզքոնթի (Ֆրանսա), Էնտրու Շեֆըր (Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ), ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ Անճէյ Կասպրչիկ։ Միջնորդներուն հովանաւորութեամբ տեղի ունեցաւ այս գագաթաժողովը։ Սերժ Սարգսեան եւ Իլհամ Ալիեւ նախ նախարարներուն եւ համանախագահներուն ներկայութեամբ տեսակցեցան, եւ աւելի վերջ ունեցան առանձնազրոյց մը։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրները թողարկեցին լուսանկարներ, ուր կ՚երեւէր, որ Սարգսեան-Ալիեւ առանձնազրոյցը տեղի ունեցած էր բացօթեայ։

Եդուարդ Նալպանտեան, Էլմար Մամետեարով եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները երէկուան բանակցութիւններէն վերջ հրապարակեցին համատեղ յայտարարութիւն մը։ Այս առթիւ շեշտուեցաւ, որ հանդիպումը անցած է շինիչ մթնոլորտի մը մէջ։ Նախագահները համաձայնած են միջոցներու ձեռնարկել բանակցային գործընթացը յառաջ մղելու եւ յաւելեալ քայլեր կատարելու համար՝ շփման գծի վրայ լարուածութիւնը նուազեցնելու նպատակով։ Եռանախագահները գոհունակութիւն յայտնեցին երկար դադարէ մը վերջ կայացած ուղղակի բանակցութիւններուն առթիւ։ Համանախագահները պատրաստակամ են կողմերու հետ շարունակել միջնորդական աշխատանքը Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ բանակցային կարգաւորման ուղղութեամբ։ Որպէս յաջորդ քայլ՝ համանախագահները մօտաւոր ապագային աշխատանքային քննարկումներ պիտի ունենան նախարարներուն հետ։

ՄԱԿ-ի Ժընեւի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած բանակցութիւններու աւարտին, Սերժ Սարգսեան ուղղակի մեկնեցաւ Զուիցերիոյ մօտ Հայաստանի դեսպանութիւն։ Ան դեսպանատան մէջ հանդիպում մը ունեցաւ զուիցերահայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ։ Ալիւեի հետ ունեցած բանակցութիւններու մասին ան փոխանցեց հետեւեալը. «Քանի մը վայրկեան առաջ Ատրպէյճանի նախագահի հետ հանդիպումը աւարտեցաւ. որեւէ յստակ պայմանաւորուածութիւն չունինք խնդրի լուծման տարբերակներու մասին։ Բայց պայմանաւորուեցանք, որպէսզի միջոցներու ձեռնարկենք լարուածութիւնը ա՛լ աւելի թուլացնելու ուղղութեամբ, որպէսզի առաջնագծին վրայ չունենանք զոհեր։ Պէտք է ըսեմ, թէ՛ Ատրպէյճանի նախագահը եւ թէ ես խորապէս շահագրգռուած ենք այս ուղղութեամբ։ Տայ Աստուած, որ միշտ այդ համոզման մէջ մնայ։ Ան ալ շատ լաւ կը հասկնայ խնդրին բարդութիւնը, բնականաբար ես ալ, բայց խնդիրը այնպէս մըն է, որ երբեք պիտի չըլլայ դիւրին լուծում։ Սակայն հարցի մը պարագային ալ կ՚ուզեմ որ բոլորդ ըլլաք վստահ՝ մեզի համար գոյութիւն չունի լուծում մը, որ կրնայ որեւէ ձեւով խաթարել Լեռնային Ղարաբաղի անվտանգութիւնը։ Մեզի համար միակ լուծումը այն է, որ Ղարաբաղ ըլլայ Ատրպէյճանէն դուրս։ Երբեք ոեւէ հայ ղեկավար չի կրնար ընդունիլ այդպիսի որոշում եւ իրականացնել եւ ասոր համար մենք ամէն ինչ պիտի ընենք՝ զուգահեռ զարգացնելով Հայաստանը, տնտեսապէս ամրապնդելով մեր երկիրը»։

ԱՐՑԱԽԷՆ ԱՐՁԱԳԱՆԳ

Ժընեւի բանակցութիւններուն մօտէն հետեւեցաւ նաեւ Արցախի ղեկավարութիւնը եւ անմիջապէս հաղորդեց իր արձագանգը։ Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեան այս առթիւ տեղեկացուց, որ Ստեփանակերտ հաւատարիմ կը մնայ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խըմ-բակի շրջանակներէն ներս։ «Արցախի ճակատագիրը չի կրնար որոշուիլ առանց անոր անմիջական մասնակցութեան բանակցային գործընթացի բոլոր փուլերուն։ Եւ այստեղ Մայր Հայաստանի հետ միասին մենք պիտի շարունակենք համապատասխան քայլերու ձեռնարկել», ըսաւ ան։

Բակօ Սահակեանի բանբերը՝ Դաւիթ Պապայեանն ալ յայտնեց, որ Ստեփանակերտ կը կարեւորէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու մակարդակով կազմակերպուած հանդիպումները։ Բանբերին համոզմամբ, Ատրպէյճան վաղ թէ ուշ պիտի փոխէ իր դիրքորոշումը։

Լեռնային Ղարաբաղի Արտաքին գործոց նախարարութիւնն ալ մեկնաբանեց Ժընեւի երէկուան բանակցութիւնները։ Այս առթիւ ընդգծուեցաւ, որ կարգաւորման գործընթացէն ներս իսկական յառաջընթաց ապահովելու ճանապարհին եւս մէկ քայլ պէտք է դառնայ լիարժէք ձեւաչափով բանակցութիւններու վերականգնումը՝ բոլոր փուլերուն Արցախի անմիջական մասնակցութեամբ։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 17, 2017