ԹՇՆԱՄԻՆԵՐ ՉՈՒՆԻՄ

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ երեկոյեան հանդէս եկաւ հայ ժողովուրդին ուղղեալ կարեւոր յայտարարութիւնով մը։ Ինչպէս արդէն նախատեսուած էր, Նիկոլ Փաշինեան երէկուան յայտարարութեան ընթացքին տեղեկացուց, որ վարչապետի պաշտօնէն կը հրաժարի՝ ճանապարհ հարթելու համար արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու առջեւ։ Հայաստանի Հանրային հեռուստատեսութեան կողմէ ուղիղ եթերով հեռարձակուեցաւ Նիկոլ Փաշինեանի այս յայտարարութիւնը, որ լայն արձագանգ գտաւ նաեւ միջազգային զանգուածային լրատուութեան միջոցներու մօտ։ Վարչապետ Փաշինեան երէկուան ելոյթին մէջ ըսաւ հետեւեալը։

*

Սիրելի հայրենակիցներ, սիրելի ժողովուրդ, Հայաստանի Հանրապետութեան հպարտ քաղաքացիներ,

Ինչպէս եւ ըսած էի, ես այսօր հրաժարական կու տամ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնէն։ Այս հրաժարականի նպատակը, սակայն, վարչապետի պաշտօնէն հեռանալը, այսինքն՝ ձեր առջեւ ստանձնուած պատասխանատուութենէն փախչիլը չէ, այլ ընդհակառակն՝ մեր միասին իրականացուցած ոչ-բռնի, թաւշեայ, ժողովըր-դական յեղափոխութիւնը աւարտին հասցնելը՝ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններ կատարելու եւ ամբողջ իշխանութիւնը ժողովուրդին վերադարձնելու միջոցաւ։

Արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու հասնելու ճանապարհային քարտէսը հետեւեալն է. իմ հրաժարականէն յետոյ Հանրապետութեան նախագահը անյապաղ կ՚ընդունի կառավարութեան հրաժարականը, յառաջիկայ տասնչորս օրերու ընթացքին երկու անգամ Ազգային ժողովի մէջ վարչապետ չ՚ընտրուիր, որու բերումով Ազգային ժողովը կ՚արձակուի եւ Հանրապետութեան նախագահի կողմէ կը նշա-նակուին արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններ։

Այս ողջ ընթացքին կառավարութեան անդամները պիտի շարունակեն իրենց պարտաւորութիւններու կատարումը, ես պիտի շարունակեմ կատարել Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի Սահմանադրական լիազօրութիւնները, սա կը նշանակէ, թէ պիտի շարունակեմ ըլլալ ժողովուրդի յաղթանակի երաշխաւորը ու եթէ դեկտեմբերին կայանալիք ընտրութիւններուն վստահութեան քուէ տաք մեր քաղաքական ուժին, ես պիտի վերընտրուիմ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնին։

Ի հարկէ, շատերը մտավախութիւն ունին եւ հարց կը հնչեցնեն. իսկ եթէ խորհրդարանական ուժերը վարչապետի ուրիշ թեկնածու մը առաջադրեն, արդեօք մենք պատրա՞ստ ենք նման վարկածի։

Ես նոյնիսկ չեմ ուզեր ըսել, թէ հոկետմբերի 2-ի իրադարձութիւնները ցոյց տուին, որ մենք առաւել քան պատ-րաստ ենք որեւէ վարկածի, որովհետեւ ժողովուրդի կամքի ու ցանկութեան առջեւ չի կրնար կանգնիլ որեւէ ուժ։

Բայց հիմա չեմ ուզեր նոյնիսկ քննարկել նման որեւէ վարկած, որովհետեւ ինչքան ալ հակասութիւններ, սուր բանավէճեր ունենանք խորհրդարանական շարք մը ուժերու հետ, չեմ կրնար մտածել, թէ անոնք ժողովուրդի եւ Հայաստանի ազգային անվտանգութեան դէմ գործելու նպատակ ու մտադրութիւն ունին։

Խորհրդարանական ուժերը ցոյց տուին, որ անկախ բոլոր հակասութիւններէն ու տարընթերցումներէն մեր պետութիւնը, անոր կայունութիւնն ու անվտանգութիւնը կարմիր գիծ են նաեւ իրենց համար եւ կը հաւատամ, թէ անոնք երբեք այդ գիծերը չեն անցնիր։ Մանաւանդ, որ թէ՛ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան, թէ՛ Ծառուկեան դաշինքի եւ թէ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան խմբակցութիւնները հրապարակայնօրէն յայտարարած են, որ չեն պատրաստուիր վարչապետի թեկնածու առաջադրել կամ վարչապետ ընտրել։ Նաեւ կ՚ուզեմ Ազգային ժողովի նախկին մեծամասնութեան ներկայացուցիչներուն ըսել, որ մենք, այո, քննադատած ենք եւ կը քննադատենք ձեզ, բայց սա չի նշանակեր, որ Հայաստանի մէջ թշնամիներ կը փնտռենք կամ պիտի փնտռենք։ Իմ ամբողջ քաղաքական գործունէութեան ընթացքին ըսած եմ, հիմա ալ կ՚ուզեմ կրկնել. Հայաստանի մէջ, հայութեան շրջանակներուն մէջ թշնամիներ չեմ ունեցած, չունիմ եւ չեմ ունենար։ Ես կ՚ուզեմ քաղաքական բոլոր ուժերուն յաջողութիւն մաղթել արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն մէջ եւ հաստատել, որ մեր կառավարութիւնը պիտի երաշխաւորէ ժողովուրդի ազատ կամքի արտայայտութիւնը։

Սիրելի հայրենակիցներ,

Թէեւ այս հրաժարականը ձեւական բնոյթ կը կրէ, սակայն պահը իրականութեան մէջ յուզիչ է, որովհետեւ այսպէսով մենք կ՚ամփոփենք մեր յեղափոխութեան հերթական փուլը եւ կը մտնենք բոլորովին նոր ժամանակաշրջան մը։ Եւ հիմա, անդրադառնալով իմ վարչապետութեան անցեալ հինգ ամիսներուն, կ՚ուզեմ ձեզի շնորհակալութիւն յայտնել ձեր անսահման աջակցութեան եւ վստահութեան համար։ Նաեւ կ՚ուզեմ ներողութիւն խնդրել բոլոր անոնցմէ, որոնց բանով մը հիասթափեցուցած եմ, արդար եւ օրինական յոյսերը չեմ արդարացուցած, որեւէ ձեւով ստուերած եմ ոգեւորութիւնը։ Բայց, սիրելի հայրենակիցներ, կ՚ուզեմ գիտնաք միանշանակ եւ աներկբայ. ձեր բոլոր ցաւերը իմ սրտին մէջ են, ձեր բոլոր կարիքները իմ մտքին մէջ են, ձեր բոլոր երազանքները իմ հոգւոյն մէջ են եւ ինձ թեւեր կու տան եւ ինձ ուժ կու տան՝ ձեր դիմաց կանգնելու եւ վստահաբար ըսելու՝ ամէն ինչ լաւ պիտի ըլլայ, ամէն ինչ շատ-շատ լաւ պիտի ըլլայ։ Պատրաստուեցէք նորանոր յաղթանակներու եւ պատրաստուեցէք նոր ու հզօր, ազատ ու երջանիկ Հայաստանի կառուցման։ Կը սիրեմ բոլորդ, կը հպարտանամ ձեր բոլորով, կը խոնարհիմ ձեր բոլորին առջեւ ու կը համբուրեմ ձեր բոլորը։

Եւ ուրեմն, կեցցէ՛ ազատութիւնը, կեցցէ՛ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, կեցցե՛ն մեր երեխաները, որոնք կ՚ապրին ու վստահաբար պիտի ապրին ազատ եւ երջանիկ Հայաստանի մէջ։

*

Միւս կողմէ, Երեւանի պաշտօնական աղբիւրները հաղորդեցին, որ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան ընդունած է կառավարութեան հրաժարականը։ Ան համապատասխան հրամանագիրը ստորագրած է՝ հիմք ընդունելով Սահմանադրութեան 130-րդ յօդուածը։  

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 17, 2018