ՀԱՅԱՍՏԱՆ 4 - ՄԱԿԵԴՈՆԻԱ 0

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը երէկ երեկոյեան Երեւանի մէջ 4-0 արդիւնքով յաղթանակ տօնեց Մակեդոնիոյ դէմ։ ՈՒԷՖԱ-ի Եւրոպայի ազգերու լիկի ծիրէն ներս տեղի ունեցաւ այս հանդիպումը։ Անցեալ շաբաթավերջին Հայաստան Ճիպրալթարի դէմ պարտութիւն կրած էր իր իսկ մարզադաշտին վրայ։ Այդ պարտութիւնը պատճառ դարձած էր մեծ անհանգստութեան եւ բողոքի։

Հայկական ընտրանին երէկ երեկոյեան «Վազգէն Սարգսեան» հանրապետական մարզադաշտ դուրս եկաւ նաեւ այդ պարտութեան ցնցումը հաւասարակշռելու համար։ Աւագ մարզիչ Արմէն Կիւլպուտաղեանի սաները մրցման ողջ տեւողութեան հանդէս եկան շատ ազդու խաղարկութեամբ։ Հայաստանի կոլերը արձանագրեցին Մարքուս Փիցելլի (12-րդ վայրկեան), Եուրա Մովսիսեան (67-րդ վայրկեան), Գէորգ Ղազարեան (81-րդ վայրկեան) եւ Հենրիխ Մխիթարեան (90+4-րդ վայրկեան)։

Հայաստանի հաւաքականը ներկայիս 6 նիշով երրորդ հորիզոնականը կը զբաղեցնէ իր դասաւորման մէջ։ Հակառակ երէկուան պարտութեան, Մակեդոնիա 9 նիշով կը մնայ D խմբաւորման մէջ։

Հարկ է նշել, որ հայկական ազգային հաւաքականի մարզաշապիկով Եուրա Մովսիսեան երէկ կոլի հեղինակ դարձաւ երեք տարուայ դադարէ մը վերջ։

Ազգերու լիկի յաջորդ փուլերուն Հայաստանի հաւաքականը նոյեմբերի 16-ին եւ 19-ին հակառակորդ մարզադաշտի վրայ հանդիպումներ պիտի ունենայ Ճիպրալթարի եւ Լիխթենշթայնի հետ։ 

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 17, 2018