ՄԱԿ-Ի ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐԻ ՏԵՂԵԿԱԳԻՐԸ

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերէս Անվտանգութեան խորհուրդին ներկայացուց Կիպրոսի հիմնախնդրին վերաբերեալ տեղեկագիր մը, որուն կը սպասուէր երկար ժամանակէ ի վեր։

Այս տեղեկագրին մէջ Անթոնիօ Կութերէս մատնանշեց, որ անվերջ բանակցութիւններու գործընթացը այլեւս աւարտած է։ Յիսուն տարիէ ի վեր կը քննարկուի Կիպրոսի հարցը եւ ընդհանուր քարտուղարը յոյս ունի լուծման ուղղութեամբ։ Ան համոզուած է, թէ բանակցութիւններու նոր փուլի մը ձեռնարկելէ առաջ կողմերը պէտք է կարճ, սակայն լաւ նախապատրաստական գործընթացէ մը անցնին։ Կութերէս, որ վերջին շրջանին իր յատուկ ներկայացուցիչը պատկան մայրաքաղաքներ ուղարկած էր, տեղեկագրին մէջ ընդգծած է, թէ հակամարտ կողմերու մօտ լուծման ձգտումը կենդանի է։

Ընդհանուր քարտուղարը շեշտած է, որ առկայ կարգավիճակի տեւականացումը անհնարին է եւ բանակցային գործընթացէն ներս քննարկման պէտք է բացուին նաեւ նոր գաղափարներ։

Տեղակագրին մէջ Կութերէս կոչ ուղղեց կիպրացի թուրք եւ յոյն ղեկավարներուն՝ որպէսզի առանց անցեալին կառչելու անոնք մշտական լուծումի մը հասնելու համար կարգաւորեն իրենց առկայ տարակարծութիւնները։

ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Միւս կողմէ, Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ հիւրընկալեց Հիւսիսային Կիպրոսի Թուրք Հանրապետութեան Արտաքին գործոց նախարար Քուտրէթ Էօզէրսայը։ Այս առթիւ Չավուշօղլու յայտնեց, որ Կիպրոսի հիմնախնդրի կարգաւորման համար բաց են ամէն տեսակ գաղափարի։ 

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 17, 2018