ՓԱՌԱՇՈՒՔ ՀԱՄԵՐԳ

Երեւանի Օփերայէն ներս նախընթաց օր տեղի ունեցաւ փառաշուք համերգ մը։ Այսպէս, «Արամ Խաչատուրեան» համերգասրահի երդիքին տակ հանդէս եկաւ աշխարհահռչակ ալթահար ու խմբավար Եուրի Պաշմետ, որ այս համերգին մասնակցեցաւ «Մոսկուայի մենակատարներ» սենեկային նուագախումբին հետ։

Այս երեկոյթը տեղի ունեցաւ «Երեւանեան հեռանկարներ» 19-րդ միջազգային երաժշտական փառատօնի ծիրէն ներս, որ կազմակերպուած էր Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի բարձր հովանաւորութեան ներքեւ։ Համերգին ներկայ գտնուեցան Նիկոլ եւ Աննա Փաշինեան ամոլը, Հայաստանի Մշակոյթի նախարար Լիլիթ Մակունց, Երեւանի քաղաքապետ Հայկ Մարութեան եւ այլ շարք մը պաշտօնատարներ։

Երաժշտասէր հասարակութեան մօտիկ հետաքրքրութեան արժանացաւ այս ձեռնարկը, որու յայտագրին մաս կազմեցին Չայքովսքիի, Սվըրիտովի եւ այլ յայտնի անուններու ստեղծագործութիւնները։ «Երեւանեան հեռանկարներ» փառատօնի նախագահ Ստեփան Ռոստոմեան այս առթիւ յայտնեց, որ սոյն համերգին հինգ տարիէ ի վեր կը սպասուէր հայ երաժշտասէր հանրութեան կողմէ։ Սա փառատօնի այս տարուան անակնկալներէն մին էր։ «Եուրի Պաշմետ մոլորակի ամենայայտնի, ընդունուած եւ ստեղծագործ մարդոցմէն մին է։ Ան սիրուած է հայ հանրութեան կողմէ ու մեծ պատիւ է՝ անգամ մը եւս զինքը լսել։ Պաշմետի իւրաքանչիւր այցելութիւն երաժշտական առումով մեծ տօն մըն է», ըսաւ Ռոստոմեան։ 

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 17, 2018