ՓՈՒԹԻՆ ՓԱՐԻԶ ՊԻՏԻ ՄԵԿՆԻ

Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին կը պատրաստուի այցելել Փարիզ, ուր պիտի հիւրընկալւի Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի կողմէ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Քրեմլինի բարձրաստիճան պաշտօնատարներէն Եուրի Ուշաքով տեղեկացուց, որ Փութինի ուղեւորութիւնը նախատեսուած է 11 նոյեմբերին։ Ռուս ղեկավարը պիտի մասնակցի այդ օր Էլիզէի դաշտերուն նախատեսուած հանդիսաւոր արարողութիւններուն։ Մաքրոն աշխատանքային նախաճաշի սեղանի շուրջ պիտի հիւրասիրէ Փութինը։

Ինչպէս ծանօթ է, թէ՛ Ռուսաստան եւ թէ Ֆրանսա ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրներէն են։ 

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 17, 2018