ԱՆՎՍՏԱՀԵԼԻՆԵՐ

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց, որ եթէ ահաբեկիչները իրենց զէնքերը լքելով անմիջապէս հեռանան Սուրիոյ հիւսիսէն, ապա Թուրքիա իսկոյն վերջ կու տայ ռազմական գործողութիւններուն։

Մինչ Թուրք զինեալ ուժերու «Խաղաղութեան ակ» գործողութիւնները կը շարունակուին, միջազգային բեմահարթակի վրայ աշխարհի զանազան երկիրներու ղեկավարներ կոչով հանդէս կու գան, որպէսզի այդ գործողութիւնները ժամ առաջ վերջ գտնեն։ Այս մթնոլորտին մէջ Էրտողան յայտնեց, որ Թուրքիա հրապարակային դիմադրութեան մը դէմ յանդիման կը գտնուի։ «Արեւմուտքէն քանի մը ղեկավար մեզի կը փնտռէ՝ գործողութիւններու դադրեցման սպասումով։ Ցայսօր ահաբեկիչներուն կողմէ մեր երկրին վրայ շուրջ 900 ռումբ եւ հրթիռ արձակուած է։ Այս կապակցութեամբ ցաւ յայտնելու համար ոեւէ մէկը կապ չէ հաստատած։ Ասոնք պէտք է լաւ ճանչնաք։ Ասոնց պէտք չէ վստահիք», ըսաւ ան։ Բաց աստի, Էրտողան արեւմտեան երկիրներուն ալ կոչ ուղղեց՝ ոչ թէ Թուրքիոյ դէմ, այլ Թուրքիոյ կողքին դիրք գրաւել։ Ան այս բանը ըսաւ մանաւանդ ՆԱԹՕ-ի անդամ երկիրներուն համար ու պահանջեց, որ առնուազն չխառնուին այս գործին։ Ըստ Էրտողանի, եթէ ահաբեկիչները լքեն իրենց զէնքերը, ոչնչացնեն իրենց սարքած ծուղակները եւ եթէ դուրս գան Թուրքիոյ կողմէ նախատեսուած անվտանգ գօտիէն, գործողութիւնները ինքնաբերաբար վերջ գտած պիտի ըլլան։ ԱՔ կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակի երէկուան ժողովին ժամանակ Էրտողան տեղեկացուց, որ 1220 քառ. քիլօմեթր տարածութեամբ գօտի մը մաքրագործուած է։

Մինչ դաշտի վրայ ազդու ձեւով կը շարունակուին գործողութիւնները, Անգարա դիւանագիտական գետնի վրայ ալ յառաջ կը տանի մեծ աշխատանք։ Յառաջիկայ երեքշաբթի՝ 22 հոկտեմբերին նախագահ Էրտողան պիտի մեկնի Սոչի, ուր Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ պիտի քննարկէ Սուրիոյ վերջին իրադարձութիւնները։ 

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 17, 2019