ԿԱՅՈՒՆ ԼԱՐՈՒԱԾՈՒԹԻՒՆ

Արցախի ռազմաճակատին վրայ կը տիրապետէ կայուն լարուածութիւն։ Ըստ վերջին հաղորդումներուն, առաջնագծի բոլոր ուղղութիւններով բախումները կը շարունակուին։ Ատրպէյճանական եւ հայկական աղբիւրներուն կողմէ փոխանցուած լուրերուն մէջ միշտ առկայ են հակադիր հանգամանքներ։ Սա արդէն կու գայ հերթական անգամ ապացուցանել, որ հրադադարի մը հասնելու հաւանականութիւնը որքան նուազ է այս պահուն։

Հայկական միասնական տեղեկատուական կեդրոնին մէջ, Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեան յայտարարեց, որ ամէն վայրկեան ծանր ու յամառ մարտերը կը շարունակուին։ Ըստ իրեն, երէկ Ստեփանակերտն ու Շուշին հարուածներու ենթարկուեցան ա՛լ աւելի հզօր միջոցներով։ Գիշերուան ժամերու լարուածութեան ի շարունակութիւն՝ այս առաւօտ Ատրպէյճանի զօրքերը սկսած են հարուածել խաղաղ բնակավայրերը։ Արցախի Պաշտպանութեան բանակը հաղորդեց, որ իր ստորաբաժանումները համարժէք գործողութիւններու կը դիմեն Ատրպէյճանի կրակը լրացնելու ուղղութեամբ։ Նոյն հաղորդումներուն մէջ նշուեցաւ, որ գործնականօրէն իրադրութիւնը կը գտնուի Արցախի Պաշտպանութեան բանակի վերահսկողութեան ներքեւ։ Լուսադէմէն ի վեր Արցախի խաղաղ բնակավայրերը հրթիռահրետանային հարուածներու տակ կը գտնուին։

Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին դէմ ալ ոտնձգութիւններ կը կատարուին Ատրպէյճանի բանակին կողմէ։ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարութիւնով մը տեղեկացուց, որ համարժէք պատասխան պիտի ստանայ երկրի տարածքային ամբողջականութեան դէմ ամէն ոտնձգութիւն։ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր Շուշան Ստեփանեան յայտնեց, որ երկրի օդային մարզէն ներս յայտնաբերուած են Ատրպէյճանի անօդաչու թռչող սարքեր ու ձեռք առնուած են համապատասխան միջոցներ։ Շուշան Ստեփանեան շեշտեց, որ Հայաստանի տարածքէն կամ Հայաստանի բանակին կողմէ որեւէ կրակ չէ բացուած Ատրպէյճանի դէմ։ Ան երէկ հերքեց նաեւ Ատրպէյճանի կողմէ հրապարակուած պնդումները, ըստ որոնց Նախիջեւանի Օրտուպատի շրջանին վրայ հրթիռ արձակուած է։ «Սա Ատրպէյճանի հերթական սուտն է, որու նպատակն է ընդլայնել հակամարտութեան աշխարհագրութիւնը», ըսաւ բանբերը։

ՏԵՆՏԻԱՍԻ ԵՐԵՒԱՆ ԱՅՑԸ. ԱՆԳԱՐԱՅԷՆ ԲՈՒՌՆ ԲՈՂՈՔ

Երեւանի ղեկավարութիւնը երէկ հիւրընկալեց Յունաստանի Արտաքին գործոց նախարար Նիքոս Տենտիասը։ Աշխատանքային այցելութեան ծիրէն ներս հիւր նախարարը նախ այցելեց Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրը, իսկ աւելի վերջ բանակցութիւններ վարեց Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանին հետ։ Լեռնային Ղարաբաղի լայնածաւալ պատերազմի թէժ իրավիճակին մէջ տեղի ունեցաւ այս այցը, որու ծիրէն ներս երկու նախարարները սարքեցին նաեւ համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։ Տենտիաս օրուան տեւողութեան ընդունուեցաւ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Փաշինեանի հետ տեսակցութեան ընթացքին Տենտիաս յայտնեց, որ Յունաստան կը դատապարտէ այն արտաքին միջամտութիւնները, որոնք կը հրահրեն Լեռնային Ղարաբաղի ռազմական գործողութիւնները։ Իր կարգին Հայաստանի վարչապետն ալ անդրադարձաւ Ատրպէյճանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի դէմ սանձազերծուած պատերազմին՝ մատնանշելով Թուրքիոյ բացայայտ ներգրաւումը եւ տարածքաշրջանէ ներս ապակայունացման քայլերը։ Տենտիաս ընդգծեց, որ Աթէնք կողմնակից է ռազմական գործողութիւններու անյապաղ դադրեցման։ Արմէն Սարգսեանի մօտ տեղի ունեցած զրոյցի ընթացքին ալ օրակարգի վրայ եկան Արցախի իրադարձութիւնները։ «Դուք այսօր կը դիմագրաւէք շատ դժուարին իրավիճակներ։ Սա ակնյայտ է։ Իմ այցը կը դիտարկեն որպէս մեր բարեկամութեան եւ աջակցութեան խորհրդանշան՝ ուղղուած Հայաստանին եւ հայ ժողովուրդին», ըսաւ Տենտիաս։

Նախարարներու համատեղ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Զօհրապ Մնացականեան բացատրութիւններ տուաւ Ատրպէյճանի բանակի եւ անոր աջակցող ուժերուն կողմէ կատարուած գործողութիւններու հետեւանքով զոհուած կամ վիրաւորուած խաղաղ բնակիչներուն շուրջ։ Իր կարգին, Տենտիաս Թուրքիոյ միջամտութիւնը եւս մէկ հակամարտութեան մէջ՝ շատ մտահոգիչ համարեց։ «Թուրքիան պէտք է դատել գործողութիւններով, ոչ թէ յայտարարութիւններով», ըսաւ Տենտիաս։ «Տարածքաշրջանէ ներս Թուրքիան ապակայունացման եւ բռնութեան ընդհանուր յայտարարն է», աւելցուց ան Երեւանի մէջ՝ Անգարային հասցէագրած ծանր պնդումներու ծիրէն ներս։

ԱՆԳԱՐԱՅԷՆ ՀԱԿԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆ

Անգարայի ղեկավարութիւնը երէկ անմիջապէս, բուռն ձեւով արձագանգեց Նիքոս Տենտիասի Երեւանի յայտարարութիւններուն։ Թուրքիոյ բողոքը բուռն էր իսկապէս։ Ծանր հակազդեցութիւնը արտայայտուեցաւ Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Համի Աքսոյի յայտարարութեան միջոցաւ։ Այսպէս, Հայաստան այցելութեան ժամանակ Թուրքիոյ հասցէին Տենտիասի կիրառած հռետորաբանութիւնը ցոյց կու տայ, որ Յունաստան Թուրքիոյ հետ լաւ հարեւանութեան, երկխօսութեան եւ համագործակցութեան փոխարէն կը նախընտրէ լարուածութեան աճի քաղաքականութիւնը։ «Թուրքիա տարածքաշրջանային բոլոր խնդիրներու լուծման կը սատարէ, իսկ Յունաստան ինքն իսկ խնդիրներ կը ստեղծէ եւ կ՚աջակցի զանոնք ստեղծողներուն։ Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարը պէտք է տարբերակէ, թէ Լեռնային Ղարաբաղի եւ յարակից եօթ շրջաններէն ներս ո՛վ է զաւթիչը եւ ով՝ տուժած կողմը ու պէտք է դատապարտէ Հայաստանի կողմէ այդ տարածքներու 27 տարիէ ի վեր գրաւումը», յայտնեց Համի Աքսոյ։

ԳԱՆԱՏԱՅԷՆ ՀԵՏԱՔՐՔՐՈՒԹԻՒՆ

Միւս կողմէ, Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան Լեռնային Ղարաբաղի իրադարձութիւններուն շուրջ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Գանատայի վարչապետ Ճասթին Թրիւտոյի հետ։ Անցեալ շաբաթ Գանատա որոշած էր ռազմական սարքաւորումներու արտահանումը դադրեցնել դէպի Թուրքիա՝ այն պատճառով, որ այդ բոլորը կ՚օգտագործուին Լեռնային Ղարաբաղի մէջ։ Էրտողան հեռախօսազրոյցի ընթացքին Թրիւտոյի նկատառման յանձնած է, որ այդ որոշումը կը հակասէ դաշնակցային յարաբերութիւններու ոգիին։ Անգարայի աղբիւրներու հաղորդումներով, Էրտողան անդրադարձած է նաեւ հակամարտութեան վերաբերեալ Անգարայի պաշտօնական տեսակէտներուն։

Ճասթին Թրիւտօ երէկ հեռախօսազրոյց մըն ալ ունեցած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ։ Ան այս առթիւ խոր մտահոգութիւն յայտնած է Արցախի մէջ ստեղծուած իրավիճակին շուրջ եւ անհրաժեշտ համարած՝ հակամարտութեան խաղաղ ճանապարհով կարգաւորումը։ Նիկոլ Փաշինեան ներկայացուցած է տարածքաշրջանէ ներս ստեղծուած կացութիւնը եւ ընդգծած է, որ հիմնախնդրի լուծման հարցին մէջ սկզբունքային կարեւոր նշանակութիւն ունի ազգերու ինքնորոշման իրաւունքի անխափան կիրառումը։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Նիկոլ Փաշինեան կործանարար համարած է ռազմական գործողութիւններու մէջ Թուրքիոյ ներգրաւուածութիւնը ու նշած է, որ անընդունելի են Հարաւային Կովկասէ ներս հաստատուելու ուղղեալ անոր նկրտումները։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 17, 2020