ՄԱԿ-Ի ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ ՊԻՏԻ ՔՆՆԱՐԿԷ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ԿԱՑՈՒԹԻՒՆԸ

ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդը յառաջիկայ երկուշաբթի պիտի քննարկէ Լեռնային Ղարաբաղի առկայ իրավիճակը։ Ըստ Նիւ Եորքէն հասած լուրերուն, այս քննարկումը տեղի պիտի ունենայ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրներու՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի եւ Ռուսաստանի դիմումներուն հիման վրայ։ Ծանօթ է, որ անոնք արդէն ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի հինգ մշտական անդամ երկիրներու շարքին են։

Մինչ այդ, ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերես մտահոգութիւն յայտնեց, թէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ չի պահպանուիր հրադադարի համար անցեալ շաբաթավերջին ձեռք բերուած համաձայնութիւնը։ Կութերեսի բանբերը՝ Սթեֆան Տիւժարիք տեղեկացուց, որ ընդհանուր քարտուղարը կը շարունակէ անձամբ մասնակցիլ խնդրի քննարկումներուն ու կապ կը պահէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւններուն հետ։ «Անհրաժեշտ է կրկին յստակ դատապարտել քաղաքացիական բնակչութեան եւ ենթակառուցուածքներու դէմ կատարուած որեւէ գործողութիւն», ըսաւ Տիւժարիք եւ աւելցուց, որ ՄԱԿ պատրաստ է մարդասիրական օժանդակութիւն ցուցաբերելու՝ նման դիմում մը ստանալու պարագային։ Ըստ իրեն, իրավիճակը շատ արագ ձեւով փոփոխութեան ենթարկուի ու կարեւոր է, որ կողմերն ալ աւելի արագ քայլերու ձեռնարկեն կայունութեան ուղղութեամբ։ Արդարեւ, հակամարտութեան ընդլայնման եւ տարածքաշրջանէ ներս իրադրութեան ա՛լ աւելի ապակայունացման վտանգը զգալի է։

Ի՞ՆՉ Կ՚ԸՍԷ ՄԱՔՐՈՆ

ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի եռանախագահ երկիրներու մայրաքաղաքներէն անմիջական ուշադրութիւնը կը շարունակուի Արցախի իրադարձութիւններուն նկատմամբ։ «Ռէօյթըրզ»ի հաղորդումներով, Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն յայտարարեց, որ Եւրոմիութիւնը կը շարունակէ համոզուած մնալ, թէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ պէտք է հնարաւորինս արագ հրադադար հաստատուի։ Մաքրոն աւելցուց, որ Եւրոմիութիւնը վերջին գագաթաժողովին վերահաստատած էր իր աջակցութիւնը Յունաստանի եւ Յունական Կիպրոսի ի նպաստ՝ Միջերկրականէ ներս Թուրքիոյ հետ առկայ տարաձայնութիւններուն շուրջ։

Մինչ այդ, ֆրանսական «Լիպերասիոն» օրաթերթին մէջ հարցազրոյց մը լոյս տեսաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ։ «Այս իրավիճակին մէջ Արցախի հարցը ունի միակ լուծում մը՝ անջատում յանուն փրկութեան», նշեց Փաշինեան՝ վերստին ուշադրութիւն հրաւիրելով հակամարտութեան Սուրիայէն վարձկաններու եւ ահաբեկիչներու ներգրաւուած ըլլալու հանգամանքին։ Ան կրկնած է, որ Թուրքիան հրահրած է Ատրպէյճանը՝ յարձակելու համար։ 

ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՄԷՋ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ

Մոսկուան ալ կը շարունակէ հետեւիլ Արցախի լայնածաւալ պատերազմին։ Նախագահ Վլատիմիր Փութինի գլխաւորութեամբ, Ռուսաստանի Անվտանգութեան խորհուրդը երէկ քննարկեց Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան ընթացքը։ Հեռավար ժողովին ժամանակ թէեւ օրակարգի վրայ եկաւ Արցախի հարցը, սակայն Քրեմլինի աղբիւրները մանրամասնութիւններ չհաղորդեցին քննարկումներու բովանդակութեան շուրջ։

ՊԱՔՈՒԷՆ ԲՈՂՈՔ

Միւս կողմէ, Ուաշինկթընէն վերջին օրերուն հնչած ձայները անհանգստութիւն յառաջացուցած են Պաքուի մէջ։ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ բողոք յայտնեց Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու Պետական քարտուղար Մայք Փոմփէոյի կողմէ կատարուած վերջին յայտարարութիւններուն կապակցութեամբ։ Ատրպէյճան համոզուած է, թէ Փոմփէոյի կարծիքը չի համապատասխաներ ԱՄՆ-ի կարգավիճակին՝ որպէս ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիր։

Պաքուէն երէկ ազդարարութիւն մըն ալ հնչեց Մոսկուայի դէմ։ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի օգնականներէն Հիքմէթ Հաճիեւ յայտնեց, որ իր երկիրը համաձայն չէ ղարաբաղեան հակամարտութեան գօտիէն ներս ռուս ռազմական դիտորդներու տեղակայման առաջարկին։ «Ատրպէյճան գործողութիւններ կ՚իրականացնէ ո՛չ թէ ուրիշ երկրի մը, այլեւ՝ իր սեփական տարածքին մէջ։ Մենք համոզուած ենք, թէ տեղին չէ այդ զինուորականներու տեղակայումը։ Ներկայ պահուն անոնք մեզի պէտք չեն», ըսաւ Հաճիեւ։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 17, 2020