«ԱՇԽԱՐՀԻ ՓՐԿԻՉԸ» ԿՏԱՒԸ

Լէոնարտօ տա Վինչիի «Աշխարհի փրկիչը» կտաւը Նիւ Եորքի Christie՚s աճուրդի տան մէջ վաճառուած է 400 միլիոն տոլարով, որ մրցանիշ դարձած է երբեւիցէ աճուրդներու մէջ վաճառուած ստեղծագործութիւններու համար:

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Լէոնարտօ տա Վինչիի յայտնի կտաւներէն մասնաւոր հաւաքածոյի մէջ գտնուող միակ գործը դարձած է, ոչ միայն յետպատերազմեան եւ ժամանակակից արուեստի, այլեւ ամբողջ 21-րդ դարու գլխաւոր խորհրդանիշը:

Ան աճուրդի դրուած էր 100 միլիոն տոլարով: Նկարը բաժին հասած է այն գնորդին, որ գրեթէ կէս ժամուան աճուրդի ընթացքին կտաւի համար առաջարկած է 400 միլիոն տոլար: Աշխատանքի հանրագումարային արժէքը կը կազմէ աւելի քան 450 միլիոն տոլար, որ մրցանիշ դարձած է երբեւիցէ աճուրդներու մէջ վաճառուած ստեղծագործութիւններու համար: Կը համարուի, որ «Աշխարհի փրկիչը» կտաւը ստեղծուած է մօտաւորապէս 1500 թուականին: Այսօր աշխարհի մէջ կան քսանէ քիչ նկարներ, որոնք կը վերագրեն Լէոնարտօ տա Վինչիի վրձինին: Վարպետի աշխատանքները շուկայի մէջ չէին յայտնուած աւելի քան հարիւր տարի:

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 17, 2017