ԱՅՑ՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ԹԱՆԳԱՐԱՆ

Երեւանի Էսթրատային եւ ճազային արուեստի պետական գոլէճի տնօրէն Տիգրան Դաւթեանի նախաձեռնութեամբ գոլէճի ուսանողները կը զարգացնեն անգլերէնի եւ այլ օտար լեզուներու իմացութիւնը՝ այցելելով Հայաստանի պատմամշակութային օճախներ, ծանօթանալով անոնց պատմութեան եւ իրենց լսածի, տեսածի շուրջ օտար լեզուներով զրոյցներ ծաւալելով։ Էսթրատային գոլէճի ուսանողները վերջերս այցելած են Հայաստանի Պատմութեան թանգարան եւ Կապոյտ մզկիթ։

«Քանի որ գոլէճի սաները արուեստի ոլորտին մէջ քայլեր կ՚առնեն, անոնք պարտաւոր են տիրապետել մի քանի օտար լեզուներու։ Այդպէս կրնան ընդլայնել իրենց հնարաւորութիւնները եւ հեշտութեամբ տեղ գտնել աշխատաշուկային մէջ։ Մեր սաները արդէն եղած են քանի մը թանգարաններու մէջ, իրենց լսածը, տեսածը քննարկած՝ անգլերէնով։ Արդիւնաւէտութիւնը ակնյայտ է», նշեց Տիգրան Դաւթեան։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ, ան շեշտեց, որ Հայաստանի քաղաքացին պէտք է ըլլայ ամուր, կիրթ, գրագէտ եւ առողջ։

Գոլէճի առաջին բաժնի ուսանողուհի Արփինէի խօսքով՝ ծրագիրը ուսուցողական է, ճանաչողական։ «Քիչ բան գիտէի Կապոյտ մզկիթի մասին։ Ամէն անգամ այդ կառոյցի կողքով անցնելու ատեն կը մտածէի, թէ ինչ կայ ներսը։ Պարզուեցաւ, որ ներսէն ան նոյնպէս շատ գեղեցիկ է։ Ունի գրադարաններ։ Այնտեղ պարսիկ ուսանողներ կը կրթուին», ըսաւ ան։ Անդրադառնալով ճազ գոլէճին՝ Արփինէն ընդգծեց, որ այնտեղ հրաշալի մթնոլորտ կայ։ «Ուսանող-դասախօս աշխատանքը անմիջական է։ Մասնագէտները ջերմ են, ժպիտով», եզրափակեց ան։

Գոլէճի դասախօս Ս. Ղլէճեան շեշտեց, որ Հայաստանի Պատմութեան ազգային թանգարանի պատերէն ներս զգացած են մեր պատմութեան տաք ու ջերմացնող շունչը, տեսած են հազարամեակներու միջով անցած հայ ժողովուրդի քարէ, պրոնզէ, արծաթէ, ոսկիէ ու մագաղաթեայ վկայութիւն-մասունքները, իսկ ազգային գորգարուեստի եւ տարազի նորաբաց սրահները ուղղակի հմայած ու կախարդած են ուսանողները։

Գոլէճի սաներու յաջորդ կանգառը Սերկէյ Փարաճանովի տուն-թանգարանն է։

1979 թուականին ստեղծուած է «Հայ համերգ» կազմակերպութեան «Էսթրատային սթիւտիօ», որ 1992 թուականին վերանուան-ւած է «Էսթրատային եւ ճազային արուեստի գոլէճ», իսկ 1996 թուականին՝ «Էսթրատային եւ ճազային արուեստի պետական գոլէճ»։ Հայաստանի կառավարութեան որոշմամբ՝ 2004 թուականին «Երեւանի էսթրատային եւ ճազային արուեստի պետական գոլէճ» ՊՈԱԿ։ Շուրջ 35-ամեայ գործունէութեան ընթացքին գոլէճին մէջ դասաւանդած են՝ Ակսէլ Բակունց, Ռոպերթ Եոլճեան, Ստեփան Լուսիկեան, Ստեփան Շաքարեան, Արթուր Գրիգորեան, Էլվինա Մակարեան, Կէորկի Ճանկուլեան, Տաթեւիկ Յովհաննիսեան, Էռնա Եուզպաշեան, Սիւզան Մարգարեան, Աշոտ Ղազարեան, Արմէն Հիւսնունց։ Գոլէճի շրջանաւարտներէն են՝ Սիւզան Մարգարեան, Էռնա Եուզպաշեան, Անահիտ Մանուկեան, Նունէ Եսայեան, Էմմա Պետրոսեան, Ռուզաննա Ճամպազեան, Արմէն Գէորգեան, Այտա Սարգսեան, Արմինկա, Նարինէ Յարութիւնեան եւ այլք։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 17, 2017