ԳՈՒՍԱՆԱԿԱՆ ԵՐԱԺՇՏՈՒԹԵԱՆ ՈՒՍՈՒՑՈՒՄ

Քամանչահար Յակոբ Խալաթեան Երեւանէն տեղափոխուած է Արցախ, կը դասաւանդէ Ստեփանակերտի Կոմիտասի անուան երաժշտական դպրոցին, Սայաթ Նովայի անուան երաժշտական գոլէճին եւ Շուշիի Դանիէլ Ղազարեանի անուան դպրոցին մէջ։ «Եկած եմ, որպէսզի այն, ինչով ժամանակին յայտնի էր Շուշին, նորէն վերադարձնեմ իրական տիրոջը։ Շուշին հին հայկական մշակութային քաղաքներէն է, եւ մեզմէ իւրաքանչիւրի խնդիրն է անոր վերադարձնել իր երբեմնի փառքը», շեշտեց Յակոբ Խալաթեան։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ, պատմելով իր անցած ուղիի մասին՝ ան ըսաւ. «Կը նուագեմ 13 տարեկանէն ի վեր։ Դեռ այն ատենէն մեծ հակում ունէի դէպի երաժշտութիւնը։ Քոյրս քանոնահարուհի էր, իսկ ես տհոլ կը նուագէի Մարտին Խաչատրեանի խումբին մէջ, որ կը դասաւանդէր Ռոմանոս Մելիքեանի անուան երաժշտական ուսումնարանին մէջ, եւ իմ ուսուցչի աշխոյժ ներգործութեամբ ալ պայմանաւորուեցաւ իմ յետագայ ճակատագիրը»։

Արուեստագէտը յաւելեց, որ Արցախի մէջ դասերը կը կազմակերպէ իր պատրաստած քամանչայով, եւ աշակերտներուն բացի երաժշտութենէն, կը սորվեցնէ նաեւ գործիքը պատրաստել։

Յակոբ Խալաթեան կոչ կ՚ընէ բոլոր հայ արուեստագէտներուն յաճախ այցելել Արցախ եւ իրենց հմտութիւնները փոխանցել տեղւոյն երիտասարդներուն։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 17, 2017