ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՀԱՄԵՐԳ

Սերժ Թանկեանի ամենայայտնի խումբը՝ «Վիզա»ն, Ճիւան Գասպարեան կրտսերը, «Capital Cities» խումբի հայազգի մեներգիչ Սեպուն համատեղ համերգային ծրագրով հանդէս կու գան Երեւանի մէջ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ՝ համերգը կը կայանայ Նոյեմբերի 20-ին «Կարէն Տեմիրճեան» համերգասրահին մէջ։ Ըստ համերգի կազմակերպիչներուն, ներկաներուն կը սպասեն բազմաթիւ անակնկալներ։

«Վիզա»ն ամերիկեան հանրայայտ ռաք խումբ մըն է, որու գործունէութիւնը երկար տարիներ գլխաւորած է Սերժ Թանկեան։ Խումբի ռաք կատարումները հարուստ են ֆոլք երաժշտութեան բնորոշ բազմաթիւ տարրերով, հայկական տուտուկի հնչիւններով։ Խումբի տուտուկատարը Ճիւան Գասպարեան կրտսերն է։

Համերգին Ճիւան Գասպարեան կրտսերը հանդէս կու գայ ինչպէս իր խումբի, այնպէս ալ՝ Հայաստանի եւ աշխարհի մէջ հռչակ վայելող Սեպուի հետ։ Սա տուտուկի՝ հայկական ֆոլքի իւրօրինակ միաձուլումն է ամերիկեան փոփ երաժշտութեան հետ։

Սեպուն Կրեմմիի դափնեկիր «Capital Cities» խումբի մեներգիչներէն մին է, որ հայաստանեան լսարանին յայտնի դարձաւ «Safe and Sound» երգով եւ Սիրուշոյի հետ կատարած «Վույ աման» երգակցութեամբ։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 17, 2017