ՆՈՐ ԶԵԼԱՆՏԱՅԻ ՄԷՋ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԴՊՐՈՑԸ ՊԻՏԻ ՎԵՐԱԲԱՑՈՒԻ

Նոր Զելանտայի մէջ այժմ կ՚ապրի շուրջ 200 հայ: Անոնք հիմնականօրէն Իրաքէն, Իրանէն, Լիբանանէն, մասամբ, Հայաստանէն են: Տեղւոյն հայերը հիմնականօրէն կը բնակին Օքլանտ եւ Ուելլինկթըն քաղաքներուն մէջ: 1996-էն կը գործէ Նոր Զելանտայի Հայկական միութիւնը, որու նպատակն է հայապահպանութիւնը եւ մանուկներու հայեցի դաստիարակութիւնը: Հայկական միութեան ղեկավարը՝ Նուպար Եաղուպեան «Արմէնփրէս»ին նշած է, որ ջանք չեն խնայեր հայապահպանութեան ուղղուած աշխատանքներուն կապակցութեամբ:

«Այստեղ հայ համայնքը քիչ է ու ցրուած: 1996-ին կը գործէր հայկական դպրոց, սակայն ան փակուեցաւ՝ նոր աշակերտներ չունենալուն պատճառով: Հայոց լեզուի պահպանութեան հարցը լուրջ խնդիր է: Կան խառն ամուսնութիւններ: Այժմ համայնքի ջանքերով կը նախատեսենք մօտ ապագային Օքլանտի մէջ վերաբանալ հայկական կիրակնօրեայ դպրոցը», ըսած է Նուպար Եաղուպեան:

Անոր խօսքով, կը փորձեն կապ պահել Հայաստանի հետ կրթական գործընթացները կազմակերպելու համար: Առցանց կը կազմակերպուի ուսուցիչներու վերապատրաստման դասընթացք: Դպրոցը բանալէն ետք դասընթացները նաեւ առցանց պիտի ըլլան, որպէսզի Նոր Զելանտայի այլ քաղաքներու հայերը նոյնպէս միանան: Համացանցով պիտի միանան նաեւ մասնագէտներ Հայաստանէն:

Տարածքային առումով Հայաստանէն հեռու, բայց հոգիով մօտ Զելանտայի հայ համայնքը պարտաճանաչ կը նշէ Հայաստանի հետ կապուած տօները, կ՚անդրադառնայ յիշարժան օրերուն: Ամէն տարի կը կազմակերպուին ձեռնարկներ նուիր-ւած՝ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան, Բանակի հիմնադրման օր-ւան եւ այլ զանազան ոգեկոչումներու առթիւ:

Համայնքը թէեւ փոքրաթիւ է, սակայն հայերը աշխոյժ ներգրաւուած են տարբեր ոլորտներու մէջ: Տեղւոյն հայերը առաջատար բժիշկներ են, մանկավարժներ, դրամատնային եւ արուեստագիտական ոլորտի մասնագէտներ:

Հայապահպանութեան զուգահեռ հայ համայնքը տարբեր ձեռնարկներով կը փորձէ տեղւոյն բնակիչներուն մէջ աւելի ճանաչելի դարձնել Հայաստանը:

«Համայնքի փոքրաթիւ ըլլալուն պատճառով քիչեր գիտեն Հայաստանի մասին: Մեր կողմէ կազմակերպուող ձեռնակներուն կը փորձենք հնարաւոր չափով շատ տեղաբնակներ հրաւիրել: Ունինք ֆէյսպուքեան էջ, ուր կը տեղադրենք ձեռնարկներուն ցանկը, ինչպէս նաեւ տարբեր տեղեկութիւններ Հայաստանի մասին», ըսած է ան:

Յատուկ ուշադրութիւն կը դարձնեն հայկական խոհանոցի համն ու հոտը տարածելու գործընթացին: Բաւական յաճախ տեղւոյն հայ կանայք կը պարտաստեն եւ կը վաճառեն հայկական ուտելիքներ՝ փորձելով ճանաչելի դարձնել հայկական խոհանոցը: Նուպար Եագուպեան նկատել կու տայ, որ հայկական ճաշատեսակները մէկ անգամ համտեսած նորզելանտացիները անտարբեր չեն մնար: Անոնք սկսած են բարձր գնահատել հայկական ուտելիքները:

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 17, 2017