ԻՐԱՒԱԲԱՆ ՄԵՀՄԷՏ ՍԻՒԼԷՅՄԱՆ ԹԻՒՐՔԷՐ ԴԻՄԱԾ Է՝ ՈՐՊԷՍԶԻ ՃՀՓ-Ի ԿՈՂՄԷ ԱՌԱՋԱԴՐՈՒԻ ԿՂԶԵԱՑ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԻ ԹԵԿՆԱԾՈՒ

Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու իրաւաբան ու հասարակական գործիչ Մեհմէտ Սիւլէյման Թիւրքէրը։ Այս վերջինը ՃՀՓ-է ներս դիմում ներկայացուցած է՝ որպէսզի կղզեաց քաղաքապետի թեկնածու ցոյց տրուի։ Մեհմէտ Սիւլէյման Թիւրքէրին կ՚ընկերանար Հիւսէյին Քիշիօղլու, որ գովազդներու բնագաւառին մէջ կ՚աշխատի եւ անցեալին անդամակցած է Շիշլիի քաղաքապետական խորհուրդին։

Մեհմէտ Սիւլէյման Թիւրքէր ծնած է Էլազըղի մէջ եւ աւարտած՝ Իսթանպուլի համալսարանի Իրաւաբանական ֆաքիւլթէն։ Համալսարանը աւարտելէ վերջ վերադարձած է իր ծննդավայրը, ուր աշխատած է՝ որպէս փաստաբան։ Էլազըղի մէջ ապրած շրջանին ան եղած է ՃՀՓ-ի քաղաքի մասնաճիւղի նախագահը ու այդ պաշտօնը վարած՝ շուրջ տասն տարի։

Քսան տարի որպէս փաստաբան աշխատելէ վերջ Մեհմէտ Սիւլէյման Թիւրքէր որոշած է հաստատուիլ Իսթանպուլ։ Տեղափոխութեան զուգահեռ ան մաս կազմած է նաեւ ՃՀՓ-ի այս անգամ Իսթանպուլի քաղաքի մասնաճիւղի ղեկավարութեան։

Մեհմէտ Սիւլէյման Թիւրքէր ընդհանուր առմամբ հետաքրքրութիւն կը տածէ կղզիներու նկատմամբ։ Երէկուան մեր զրոյցին ժամանակ ան պատմեց, որ շրջած է աշխարհի բազմաթիւ կղզիները, որոնք միշտ հետաքրքրական են իրեն համար։ Ի շարունակութիւն այդ հետաքրքրութեան՝ Մեհմէտ Սիւլէյման Թիւրքէր Իսթանպուլի Իշխանաց կղզիներուն նկատմամբ ալ զգացած է մօտիկութիւն։ Տասնամեակներու տեւողութեան ան դիտարկած է ընդհանուր կացութիւնը եւ յաճախակի այցելութիւններով հաղորդ դարձած՝ անոնց մթնոլորտին։ Ի վերջոյ, Մեհմէտ Սիւլէյման Թիւրքէր որոշած է գործի լծուիլ՝ կղզեաց քաղաքապետ դառնալու համար։ Ուստի, ներկայիս ան կ՚ակնկալէ, որ ՃՀՓ-ի կողմէ կ՚առաջադրուի իր թեկնածութիւնը։

Թիւրքէր երէկուան մեր զրոյցին ընթացքին մեզի հետ բաժնեց կղզիներու վերաբերեալ իր ընդհանուր դիտարկումները։ Իր բանաձեւումով, ըստ էութեան ուշադրութիւն պէտք է կեդրոնացնել երեք խումբի վրայ։ Առաջին խումբը կը բաղկանայ այն մարդոցմէ, որոնք տարուան ողջ տեւողութեան կը բնակին կղզիներու վրայ։ Երկրորդ խումբին մաս կը կազմեն ամարանոցի համար կղզի մեկնողները։ Երրորդ խումբը կը կազմեն առօրեայ զբօսաշրջիկները։ Թիւրքէր կ՚ընդգծէ, որ այս երեք խումբերու անձերը նոյնաժամանակ երջանիկ պահելու համար աշխատանք պէտք է տարուի եւ վարչական կարողութիւնը այդ ոսկէ միջինը գտնելու մէջ է։ Մեհմէտ Սիւլէյման Թիւրքէր ցաւով կը վկայէ, թէ այսօր կղզիներու բնորոշ մշակոյթը գրեթէ ոչնչացած է եւ այդ ընդհանուր մշակոյթին մէջ փոքրամասնութիւններն ալ ունէին իրենց տեղը։ Ուստի, այժմ պէտք է ապրեցնել այն ինչ՝ որ մնացած է ու միեւնոյն ժամանակ պէտք է նոր հիմքեր ստեղծել։ Այս առումով ան մեծապէս կը կարեւորէ Իշխանաց կղզիներու պարագային ընկերային եւ հաղորդակցութեան հնարաւորութիւններու զարգացումը։

Թիւրքէրի համոզմամբ կղզիները մեր օրերու պայմաններով պէտք է ղեկավարուին յստակ ծրագրերու հիման վրայ։ Այդ ծրագիրներն ալ յառաջ պէտք է տարուին հիմնական երեք սկզբունքով. ինչպէս՝ հասարակաց միտք, հաւասարութիւն եւ շինարարութիւններու միջոցաւ շահ ապահովելու նախընթացներու կասեցում։ Մեհմէտ Սիւլէյման Թիւրքէր համոզուած է, որ ինք այս բոլորը ապահովելու ճանապարհին ունի առաւելութիւններ։ Արդարեւ, ինք վաղեմի կղզեբնակ մը չէ եղած, ուստի չունի անհատական հանգամանքներով հիւսուած յարաբերութիւններ։ Տուեալ պարագային սա կը համարուի առաքելութիւն մը, որովհետեւ ինք այնտեղ վաղեմի շրջանակ մը չունենալով կրնայ անաչառ ու հաւասարութեան հիմքի վրայ, համատեղ մտքի ապահովումով յառաջ տանիլ կառավարման աշխատանք մը։

Մեհմէտ Սիւլէյման Թիւրքէր զրոյցի աւարտին մեր համայնքի կղզեբնակ անդամներուն փոխանցեց իր ողջոյնները եւ յոյս յայտնեց՝ թեկնածու առաջադրուելու պարագային ըլլալ սերտ կապի մէջ։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 17, 2018