ԿԱՐԵՒՈՐ ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Այս առթիւ երկու ղեկավարները քննարկեցին Եւրոասիոյ համարկման միաւորումներու շրջանակներէն ներս համագործակցութեան վերաբերեալ արդի հարցեր։ Պաշտօնական աղբիւրները այլ մանրամասնութիւններ չեն հաղորդած Փաշինեանի եւ Փութինի զրոյցին կապակցութեամբ։

Հայ-ռուսական յարաբերութիւններու օրակարգին վրայ ներկայիս տեղ կը զբաղեցնէ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) նոր ընդհանուր քարտուղարի նշանակման խնդիրը։ Ինչպէս ծանօթ է, վերջին շրջանին ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնը կը վարէր Եուրի Խաչատուրով՝ որպէս Հայաստանի ներկայացուցիչ։ Երկրի ներքին քաղաքական կեանքի գայթակղեցուցիչ իրադարձութիւններու բերումով Եուրի Խաչատուրով պարտաւորուեցաւ վաղաժամկէտ լքել այդ պաշտօնը։ Իր հրաժարականին զուգահեռ օրակարգի վրայ եկաւ նոր ընդհանուր քարտուղարի մը ընտրութեան անհրաժեշտութիւնը։ Հաշուի առնելով, որ հայկական կողմի պաշտօնավարութեան ժամկէտը չէր վերջացած՝ Հայաստան առաջարկեց նոր թեկնածու մը, որն էր նախկին պաշտպանութեան նախարարներէն Վաղարշակ Յարութիւնեան։ Դաշինքի անդամ միւս պետութիւնները, սակայն, ցուցաբերեցին այլ մօտեցում՝ պնդելով, որ Եուրի Խաչատուրովի հրաժարականով հայկական կողմի ժամկէտը աւարտած կը համարուի եւ պէտք է փոխարինէ Սպիտակ Ռուսիան։ Այս կէտին վրայ յառաջացան տարաձայնութիւններ։ ՀԱՊԿ-ի անդամ երկիրներու ղեկավարները որոշեցին՝ որպէսզի խնդրի վերջնական լուծումը գտնուի յառաջիկայ ամսուան ընթացքին Սեն Փեթերսպուրկի մէջ նախատեսուած գագաթաժողովին ժամանակ։ Ուստի, Նիկոլ Փաշինեանի եւ Վլատիմիր Փութինի երէկուան հեռախօսազրոյցն ալ կը զուգադիպի այդ կարեւոր գագաթաժողովի նախորդած մթնոլորտին։ Մնաց որ, Փաշինեան-Փութին հեռախօսազրոյցին հետ նոյն օրը ԹԱՍՍ ռուսական գործակալութիւնը արձագանգ հանդիսացաւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի յայտարարութիւններուն։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այս հարցազրոյցին մէջ նախարարը ընդգծեց, որ Հայաստան չէ զրկուած ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնին համար թեկնածու առաջադրելու հնարաւորութենէն։ Ըստ նախարարին, Երեւան ունի անհրաժեշտ ներուժը՝ ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնը մինչեւ ժամկէտի աւարտը յառաջ տանելու համար։

Զօհրապ Մնացականեան աւելցուց, որ հայկական կողմը ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի լիազօրութիւնները վաղաժամկէտ դադրեցնելու գործընթացին սկսած է՝ որովհետեւ այդ կապակցութեամբ կային ներքին բնոյթով իրաւական խնդիրներ։ «Մենք այդ բանը ըրած ենք՝ որպէսզի սկիզբէն տարանջատենք կազմակերպութիւնը մեր ներքին խնդիրներէն», ըսաւ Մնացականեան՝ յիշեցնելով, որ ՀԱՊԿ-է ներս վեց իրաւահաւասար անդամներ կան եւ որոշումները կ՚ընդունուին քոնսենսիւսով։

Նոյն հարցազրոյցին մէջ Զօհրապ Մնացականեան ընդգծեց նաեւ, որ հայ-ռուսական գործընկերային յարաբերութիւնները հիմնուած են փոխադարձ վստահութեան եւ յարգանքի հիման վրայ։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 17, 2018