ՅԱՐԱՏԵՒ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմէն ներս վերջին տարիներուն կարեւոր գործունէութիւն կը ծաւալէ «Ագափէ» յանձնախումբը, որու գործունէութիւնը կը խրախուսուի նաեւ Թեմակալ առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի կողմէ։ Արեւմտեան թեմի Առաջնորդարանի աղբիւրները վերջերս հրապարակեցին մամլոյ հաղորդագրութիւն մը, որու բովանդակութեան մէջ տեղեկութիւններ կը տրուի յանձնախումբի ծաւալած աստուածահաճոյ գործունէութեան շուրջ։ Ստորեւ կը ներկայացնենք Պըրպենքէն հասած լուրերը։

Անշահախնդիր եւ անկեղծ սէրէ մղուած իւրաքանչիւր արարք կամ գործունէութիւն աստուածահաճոյ է։ Աստուած կ՚օրհնէ այն արարքը, որ բարիին նախանձախնդիր է եւ բարին ունի իբրեւ հեռակէտ ու նպատակակէտ։ Ահա այս նպատակն է, որ կը հետապնդէ «Ագափէ» (Agape) յանձնախումբը։ «Ագափէ» բառը յունարէնով կը նշանակէ անձնուրաց ու անշահախնդիր սէր։ 

Արդարեւ, Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմին նախաձեռնութեամբ 2014 թուականին կը հիմնուի «Ագափէ» յանձնախումբը, որուն գերագոյն նպատակը կ՚ըլլայ ծառայել, օգնել եւ ձեռք կարկառել բարեսիրական ծրագիրներուն ու կառոյցներուն։

Յանձնախումբը կը գործէ Առաջնորդարանի հովանիին ներքոյ՝ գլխաւորութեամբ եւ հովանաւորութեամբ Թեմակալ առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի։ «Ագափէ»ի տնօրէնն է Ալիս Չաքըրեան։ Յանձնախումբը դրամահաւաքի միջոցառումներ կը կազմակերպէ եւ հաւաքուած հասոյթը կը տրամադրէ զանազան մարդասիրական ծրագիրներու։ Այստեղ կ՚արժէ թուարկել յանձնախումբի ծաւալած գործունէութեան քանի մը դաշտերը եւ համագործակցող կազմակերպութիւնները.

- Անցնող 5 տարիներուն ընթացքին «Ագափէ»ն Լոս Անճելըսի Մանկական հիւանդանոցին (CHLA) 100 հազար ամերիկեան տոլար նուիրեց։ Ահա այս հասոյթէն մաս մը յատկացուեցաւ «The Vision Center» ին, որուն տնօրէնն է Տքթ. Թոմաս Ս. Լին։ Նշենք, որ այս հիմնարկը բոյժօգնութիւն կը ցուցաբերէ Հայաստանի երեխաներուն։ Յառաջիկայ տարիներուն յանձնախումբը կը ծրագրէ 50 հազար տոլար նուիրել նոյն այս հիւանդանոցին։

- Լոս Անճելըսի Մանկական հիւանդանոցի «Leavey Interfaith Center»ին մէջ «Ագափէ»ի հովանաւորութեամբ խաչքար մը զետեղուեցաւ։

- 2015-ին, Լոս Անճելըսի Մանկական հիւանդանոցին մէջ տեղ առաւ հայ համայնքի մնայուն ներկայացուցիչը՝ Ալիս Չաքըրեան։

- 2017-էն սկսեալ «Christmas from the hearts» ծրագիրը հաստատուեցաւ։ «Ագափէ»ն իր այս ծրագիրը կ՚իրականացնէ համագործակցելով Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր տաճարին «Բարի Սամարացի» յանձնախումբին եւ Հայ Օգնութեան միութեան (ARS) հետ՝ աւելի քան 50 կարիքաւոր ընտանիքներուն նիւթապէս աջակցելով։

- 2017-ին յաձնախումբը սկսաւ իր մասնակցութիւնը բերել Հայ Օգնութեան միութեան կողմէ հաստատուած «Homeless Prevention Project»ին, որուն նպատակն է Կլենտէյլի կարիքաւոր հայորդիներուն աջակցիլ։

- Անցեալ տարի «Ագափէ»ն սկսաւ նիւթական օժանդակութիւն ցուցաբերել «Starkey Hearing Foundation»ին։ Ահա այս հաստատութիւնը լսողական գործիքներ նուիրեց Հայաստանի մէջ ապրող լսողական դժուարութիւններ ունեցողուն։ 2017 եւ 2018 թուականներուն մասնագէտ բժիշկներու խումբ մը Հայաստան այցելեց եւ բժշկական քննութիւններ կատարեց։

- 2017-ին «Ագափէ»ն «Young Women՚s Christian Association»ի (YWCA) համակարգիչի սենեակը վերանորոգեց, իսկ յառաջիկայ տարի այս հիմնարկի հովանաւորութիւնը վայելող իրաւազրկուած կանանց ապաստանի համար տրամադրուած շէնքի պարտէզին վերանորոգութեան ծախսերը ստանձնած է։

Յովնան Սրբազան խօսելով «Ագափէ»ի գործունէութեան մասին կ՚ըսէ. ««Ագափէ»ն շարունակուող առաքելութիւն է, որ իր գործունէութիւնը կը ծաւալէ խումբ մը մեղուաջան տիկիններով, որոնք ոգի ի բռին կը փորձեն յոյս ներշնչել կարօտեալ եւ օգնութեան կարիք ունեցող բոլոր մանուկներուն։ Այս տիկինները նախանձախնդրութեամբ եւ վառ տեսիլքով իրենց պարտականութիւնը ստանձնեցին եւ ցայսօր զայն ամենայն բծախնդրութեամբ ի կատար կ՚ածեն՝ Առաջնորդարանը վերածելով իսկական գործող «փեթակ»ի։ «Փեթակ», ուր տիկինները լռելեայն եւ աչալրջութեամբ կեանքի կը կոչեն բազմաթիւ ծրագիրներ ու նպատակներ»։

Լիայոյս ենք, որ «Ագափէ»ն անկոտրուն կամքով ու աներեր հաւատքով պիտի շարունակէ իր սրբազան եւ հայանպաստ գործունէութիւնը։ Ուժ ու կորով կը մաղթենք «Ագափէ» յանձնախումբին եւ յարաճուն վերելք՝ իր բարեգործութեանց մէջ։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 17, 2018