ՆԱՐԵԿ ԵՒ ՏԻԳՐԱՆ ՀԱԽՆԱԶԱՐԵԱՆՆԵՐՈՒ ՆՈՐ ՍԿԱՒԱՌԱԿԸ

Նարեկ եւ Տիգրան Հախնազարեանները համատեղ սկաւառակ ձայնագրած են։ Այսպէս, թաւջութակահար, Հայաստանի Հանրապետութեան վաստակաւոր արուեստագէտ Նարեկ Հախնազարեան իր եղբօր՝ խմբավար, ջութակահար Տիգրան Հախնազարեանի եւ Վիեննայի սիմֆոնիկ նուագախումբի հետ միասին սկաւառակ մը ձայնագրած է: «Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ՝ ան կը թողարկուի յաջորդ տարի:

«Ձայնասկաւառակին մէջ ընդգրկուած են Ալեքսանդր Յարութիւնեանի եւ Առնօ Բաբաջանեանի ստեղծագործութիւնները: Կարծեմ՝ մեծ իրադարձութիւն է, երբ եւրոպական ամենահեղինակաւոր նուագախումբերէն մէկը երկու հայ երաժիշտի հետ ո՛չ միայն կը նուագէ, այլեւ՝ կը թողարկէ հայ յօրինողներու գործերը», նշեց Նարեկ Հախնազարեան:

Անդրադառնալով յետագայ ծրագրերուն՝ Հախնազարեան ըսաւ, որ համերգով մը հանդէս եկած է աշխարհի ամենահեղինակաւոր «Wigmore» քամերային համերգասրահին մէջ: Նոյն դահլիճէն ներս երեք համերգով եւս ելոյթ կ՚ունենայ 2019 թուականին:

Շաբաթ, Նոյեմբեր 17, 2018