ՍԱԹԻ ՄԱՆԿԱՍԱՐԵԱՆ (ՈՒՆՃԵԱՆ) ՀԻՒՐԸՆԿԱԼՈՒԵՑԱՒ ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ԱՐԱՄԵԱՆ-ՈՒՆՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ

Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ վերջերս հիւրընկալուեցաւ կարեւոր հիւր մը. յանձինն՝ Սաթի Մանկասարեանի (Ունճեան)։ Ան վարժարանի հիմքերը դրած Ունճեան գերդաստանի շառաւիղներէն է ու նախկին շրջանաւարտուհիներէն։ Սաթի Մանկասարեանի այցելութիւնը զուգադիպեցաւ յատկանշական ժամկէտի մը, որովհետեւ այս շաբաթավերջին Գատըգիւղի ընտանիքը պիտի ոգեկոչէ Ունճեան երախտաշատ գերդաստանի բարեյիշատակ անդամները։ Իր պապերուն կողմէ հիմնադրուած Արամեան-Ունճեան վարժարանի մէջ Սաթի Մանկասարեանի ներկայութիւնը անշուշտ շատ խորհրդանշական էր։

Աշակերտներուն եւ ծնողներուն մասնակցութեամբ կազմակերպուած անմիջական զրոյցի ընթացքին ան տեղեկութիւններ փոխանցեց իր ընտանիքի անցեալին եւ մասնաւորապէս՝ Աբիկ եւ Մաթուս Ունճեաններու մասին։ Հարկ է նշել, որ վարժարանի հիմնադիրները ըլլալու առընթեր այս վերջինները ազգային կեանքէ ներս ծաւալած են բեղուն գործունէութիւն։ Մեր համայնքի պատմութեան տեսակէտէ վառ անձնաւորութիւններ են անոնք։ Սաթի Մանկասարեան բացատրութիւններ փոխանցելու առընթեր պատասխանեց նաեւ իրեն ուղղուած հարցումներուն։

Հաւաքոյթի մասնակիցներու շարքին էին Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Արման Պիւքիւճեան, վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Սարվէն Սէրթշիմշէք, տնօրէնուհի Թալին Պէրպէրօղլու, տիկնանց կազմի ատենապետուհի Վերժին Պիւքիւճեան եւ Գատըգիւղի ընտանիքէն այլ յայտնի դէմքեր։ Սաթի Մանկասարեան իսկապէս տպաւորուեցաւ Արամեան-Ունճեան վարժարանի երդիքին տակ գտած ջերմ ընդունելութիւնով։ Զրոյցի աւարտին տնօրէնուհի Թալին Պէրպէրօղլու ծաղկեփունջ մըն ալ նուիրեց իրեն։ Սա եւս խորհրդանշական էր՝ քանի որ Ունճեան հարազատներու յիշատակը ծաղիկի նման թարմ կը պահուի Գատըգիւղի ընտանիքին կողմէ։ Սաթի Մանկասարեան, որու հետ էր նաեւ իր ամուսինը՝ Խաչիկ Մանկասարեան, խորապէս տպաւորուած հրաժեշտ առին դպրոցէն, մինչ կը պատրաստուին ներկայ գտնուիլ նաեւ վաղուան հոգեհանգստեան պաշտօնին, Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ մէջ։

Սաթի Մանկասարեանի այցելութեան շարժառիթով, իր հետ ասուլիսի մասնակիցները ճաշակեցին նաեւ Ունճեան գերդաստանի բարեյիշատակ անդամներու համար պատրաստուած աւանդական հրուշակը։ 

Շաբաթ, Նոյեմբեր 17, 2018