ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԱԿԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ ԵՒ ԹԷԼ ԱՒԻՒ

Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի ար­տա­քին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու մշտա­կան յանձ­նա­ժո­ղո­վի նա­խա­գահ Ար­տակ Զա­քա­րեա­նի կող­մէ գլխա­ւո­րուած պա­տուի­րա­կու­թիւ­նը վեր­ջերս այ­ցե­լու­թիւն մը տուաւ Իս­րա­յէլ։ Քնե­սէ­թի պաշ­տօ­նա­կան հրա­ւէ­րին հի­ման վրայ պա­տուի­րա­կու­թիւ­նը շփում­ներ ու­նե­ցաւ Ե­րու­սա­ղէ­մի եւ Թէլ Ա­ւի­ւի մէջ։ Պա­տուի­րա­կու­թեան կազ­մին մէջ էին ե­րես­փո­խան­ներ՝ Հրանդ Բագ­րա­տեան, Կա­րէն Սա­րի­բէ­կեան, ինչ­պէս նաեւ Հա­յաս­տա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան ազ­գա­յին ռազ­մա­վա­րա­կան հե­տա­զօ­տու­թիւն­նե­րու կա­ճա­ռի պետ զօ­րա­վար Հայկ Քո­թան­ճեան։ Պա­տուի­րա­կու­թեան ու­ղեկ­ցե­ցան Գա­հի­րէի մօտ Հա­յաս­տա­նի դես­պան Ար­մէն Մել­քո­նեան եւ Ե­րու­սա­ղէ­մի մօտ Հա­յաս­տա­նի պա­տուոյ հիւ­պա­տոս Ցո­լակ Մոմ­ճեան։

Ե­րու­սա­ղէ­մի մէջ Հա­յաս­տա­նի խորհր­դա­րա­նա­կան պա­տուի­րա­կու­թիւ­նը հան­դի­պում­ներ ու­նե­ցաւ Քնե­սէ­թի փոխ-նա­խա­գահ, Իս­րա­յէլ-Հա­յաս­տան խորհր­դա­րա­նա­կան բա­րե­կա­մա­կան խում­բի ղե­կա­վար Թա­լի Փլես­քո­վա­յի, Քնե­սէ­թի ար­տա­քին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու եւ անվ­տան­գու­թեան հար­ցե­րու մշտա­կան յանձ­նա­ժո­ղո­վի նա­խա­գահ Ցա­խի Ա­նեկ­պիի, Իս­րա­յէ­լի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան քա­ղա­քա­կան տնօ­րէ­նու­թեան ղե­կա­վար Ա­լոն Ուշ­փի­ցի, Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քի եւ Ա­սիոյ բա­ժան­մուն­քի ղե­կա­վար Ա­րիէլ Շաֆ­րանս­քիի, Եւ­րոա­սիոյ հար­ցե­րով բա­ժան­մուն­քի ղե­կա­վար Զվի Ռաւ-Նէ­րի, ինչ­պէս նաեւ Իս­րա­յէլ-Հա­յաս­տան ա­ռեւ­տու­րի պա­լա­տի նա­խա­գահ Ցվի Քան-Թո­րի հետ։

Քնե­սէ­թի եւ Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ժո­ղո­վին մի­ջեւ միջ­խորհր­դա­րա­նա­կան պաշ­տօ­նա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու մա­կար­դա­կին վրայ այս բո­լո­րը հան­դի­սա­ցան ա­ռա­ջին հան­դի­պում­նե­րը, ո­րոնց ըն­թաց­քին քննար­կուե­ցան խորհր­դա­րա­նա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու եւ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան աշ­խու­ժաց­ման ուղ­ղեալ զա­նա­զան հար­ցեր։ Թա­լի Փլես­քո­վա շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց այ­ցե­լու­թեան հրա­ւէ­րին ըն­դու­նուած ըլ­լա­լուն հա­մար եւ կա­րե­ւո­րեց խորհր­դա­րա­նա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը։ Ըստ ի­րեն, Քնե­սէ­թէ ներս բա­րե­կա­մա­կան խում­բը ա­պա­գա­յին պի­տի աշ­խու­ժաց­նէ իր գոր­ծու­նէու­թիւ­նը՝ նպաս­տե­լով Հա­յաս­տան-Իս­րա­յէլ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու ամ­րապնդ­ման եւ կա­պե­րու զար­գաց­ման։ 

Ար­տակ Զա­քա­րեան եւ ըն­կե­րա­կից­նե­րը Ցա­խի Ա­նեկ­պիի հետ հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին քննար­կե­ցին Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քի եւ Հա­րա­ւա­յին Կով­կա­սի մէջ ստեղ­ծուած ի­րա­վի­ճա­կը, անվ­տան­գու­թեան խնդիր­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ հա­կա­մար­տու­թիւն­նե­րու խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման վե­րա­բե­րեալ հար­ցեր։ Հայ­կա­կան կող­մը ա­նըն­դու­նե­լի հա­մա­րեց Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ ծա­ւա­լուած հա­կա­հայ քա­րոզ­չու­թիւ­նը, տա­րած­քաշր­ջա­նի ի­րա­վի­ճա­կի խե­ղա­թիւ­րու­մը եւ կեղծ տե­ղե­կա­տուու­թեան տա­րա­ծու­մը։ Մաս­նա­ւո­րա­պէս ընդգ­ծուե­ցաւ այն հան­գա­ման­քը, որ Ատր­պէյ­ճան շա­րու­նա­կա­բար կը խո­չըն­դո­տէ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցը, կը դրսե­ւո­րէ վտան­գա­ւոր կե­ցուածք մը, դժբախ­տա­բար եր­բեմն այդ մէ­կուն կը հա­ւա­տան նաեւ զա­նա­զան խորհր­դա­րան­նե­րու ե­րես­փո­խան­ներ։ Զրոյ­ցի ա­ւար­տին Ար­տակ Զա­քա­րեան իր պաշ­տօ­նա­կի­ցը հրա­ւի­րեց այ­ցե­լել Հա­յաս­տան, ինչ որ ըն­դու­նուե­ցաւ սի­րով։

Իս­րա­յէ­լի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան մօտ տե­ղի ու­նե­ցած հան­դի­պում­նե­րուն ըն­թաց­քին Հա­յաս­տա­նի խորհր­դա­րա­նա­կան պա­տուի­րա­կու­թիւ­նը քննար­կեց Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քի ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը, Հա­յաս­տան-Իս­րա­յէլ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը, Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան գոր­ծըն­թա­ցը, Ե­րե­ւա­նի ար­տա­քին քա­ղա­քա­կան ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն­նե­րը, զբօ­սաշր­ջու­թեան եւ օ­դա­յին հա­ղոր­դակ­ցու­թեան վե­րա­բե­րեալ հար­ցեր, ինչ­պէս նաեւ Եւ­րոա­սիոյ տնտե­սա­կան միու­թեան շրջա­նակ­նե­րէն ներս Իս­րա­յէլ-Հա­յաս­տան տնտե­սա­կան հա­ւա­նա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը։

Ար­տակ Զա­քա­րեա­նի կող­մէ գլխա­ւո­րուած խորհր­դա­րա­նա­կան պա­տուի­րա­կու­թիւ­նը Ե­րու­սա­ղէ­մի մէջ այ­ցե­լեց նաեւ Սրբոց Յա­կո­բեանց հա­յոց վան­քը։ Ե­րու­սա­ղէ­մի Հա­յոց Պատ­րիար­քա­րա­նին մէջ պա­տուի­րա­կու­թիւ­նը հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ լու­սա­րա­րա­պետ Տ. Սե­ւան Արք. Ղա­րի­պեա­նի կող­մէ։ Զրոյ­ցի ըն­թաց­քին քննար­կուե­ցան տեղ­ւոյն հայ հա­մայն­քին եւ ա­նոր հո­գե­ւոր-մշա­կու­թա­յին կեան­քին վե­րա­բե­րեալ հար­ցեր։ Պա­տուի­րա­կու­թիւ­նը ներ­կայ գտնուե­ցաւ նաեւ Սուրբ Յա­րու­թեան տա­ճա­րին մէջ մա­տու­ցուած Ս. Պա­տա­րա­գին։ Թէլ Ա­ւի­ւի մէջ ալ, Տ. Տի­րան Ա­բե­ղայ Յա­կո­բեա­նի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ, Ս. Նի­կո­ղա­յոս վան­քի յա­րա­կից հա­մայն­քա­յին կեդ­րո­նէն ներս պա­տուի­րա­կու­թիւ­նը մէկ­տե­ղուե­ցաւ Իս­րա­յէ­լի հայ հա­մայն­քի շարք մը կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 17, 2015