ՊԱՇԻՔԱՅԻ ՃԱՄԲԱՐԻՆ ՎՐԱՅ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄ

«Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն» (Ի­ՇԻՊ) ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւո­րու­մը ե­րէկ յար­ձա­կում մը գոր­ծեց Թուրք զի­նեալ ու­ժե­րու Պա­շի­քա­յի ճամ­բա­րին վրայ, որ կը գտնուի Հիւ­սի­սա­յին Ի­րա­քի մէջ, Մու­սու­լի մօ­տա­կայ­քին։ Սա այն ճամ­բարն է, որ կ՚օգ­տա­գոր­ծուի մար­զե­լու հա­մար Հիւ­սի­սա­յին Ի­րա­քի քրդա­կան ինք­նա­վա­րու­թեան փեշ­մեր­կէ­նե­րը, ո­րոնք եւս կը պայ­քա­րին Ի­ՇԻՊ-ի դէմ։ Ծա­նօթ է, որ մօ­տա­ւոր ան­ցեա­լին այս ճամ­բա­րին ա­նու­նը օ­րա­կար­գի վրայ ե­կած էր այն­տեղ կա­տա­րուած յա­ւե­լեալ կու­տա­կում­նե­րուն բե­րու­մով։ Պաղ­տա­տի կեդ­րո­նա­կան ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը մեծ աղ­մուկ ստեղ­ծած էր այդ քայ­լին դէմ՝ Ան­գա­րա­յի եւ Մոս­կուա­յի մի­ջեւ առ­կայ լա­րուա­ծու­թեան պայ­ման­նե­րուն ներ­քեւ։

Ընդ­հա­նուր սպա­յա­կոյ­տի նա­խա­գա­հու­թեան աղ­բիւր­նե­րուն հա­ղոր­դում­նե­րով, Հիւ­սի­սա­յին Ի­րա­քի մէջ փեշ­մեր­կէ­նե­րու եւ Ի­ՇԻՊ-ի մի­ջեւ ապ­րուած բա­խում­նե­րուն ըն­թաց­քին պա­տա­հե­ցաւ ե­րէ­կուան դէպ­քը։ Ի­ՇԻՊ-ի կող­մէ ար­ձա­կուած «Քայ­թու­շա» հրթիռ­նե­րուն մէկ մա­սը զու­գա­դի­պե­ցաւ Պա­շի­քա­յի ճամ­բա­րին։ Ա­ռա­ջին կրա­կին հե­տե­ւան­քով չորս թուրք զի­նուոր վի­րա­ւո­րուե­ցաւ։ Վի­րա­ւո­րեալ­նե­րը ան­մի­ջա­պէս Թուր­քիա բե­րուե­ցան եւ դար­ման­ման տակ առ­նուե­ցան Շըր­նա­քի մէջ։ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թիւ­նը տե­ղե­կա­ցուց, թէ նոյն յար­ձակ­ման հե­տե­ւան­քով ի­րաք­ցի կա­մա­ւոր­նե­րէն եր­կու սպայ նա­հա­տա­կուած է։

Պե­տա­կան ա­ւա­գա­նին ան­մի­ջա­պէս ար­ձա­գան­գեց Պա­շի­քա­յի մէջ ապ­րուած­նե­րուն։ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան փու­թով ի­րա­զե­կուե­ցաւ այս դէպ­քին շուրջ։ «Ա­նա­տո­լու» գոր­ծա­կա­լու­թեան հա­ղոր­դում­նե­րով, Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Մեւ­լիւտ Չա­վու­շօղ­լու եւ Ընդ­հա­նուր սպա­յա­կոյ­տի նա­խա­գահ զօ­րա­վար Հու­լու­սի Ա­քար բո­լոր ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը ան­մի­ջա­պէս յանձ­նե­ցին իր ու­շադ­րու­թեան։ Վար­չա­պետ Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լուն ալ շփման մէջ էր զօ­րա­վար Հու­լու­սի Ա­քա­րի հետ։ Ան ընդգ­ծեց, թէ Թուր­քիոյ ներ­կա­յու­թիւ­նը Ի­րա­քի տա­րած­քա­յին ամ­բող­ջա­կա­նու­թեան ծի­րին մէջ է։ Վար­չա­պե­տը շեշ­տեց, թէ մտա­հո­գիչ կա­ցու­թիւն մը խնդրոյ ա­ռար­կայ չէ, Թուրք զի­նեալ ու­ժե­րը օժ­տուած են բո­լոր լիա­զօ­րու­թիւն­նե­րով։ Ընդ­հա­նուր սպա­յա­կոյ­տի նա­խա­գա­հու­թեան տուեալ­նե­րուն հի­ման վրայ ան նաեւ տե­ղե­կա­ցուց, թէ Թուր­քիա բազ­մա­պա­տիկ հա­րուած­նե­րով փո­խա­դար­ձած է Ի­ՇԻՊ-ին։ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան աղ­բիւր­ներն ալ հաս­տա­տե­ցին, որ ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւոր­ման կարգ մը դիր­քե­րը ոչն­չա­ցուած են։

Ե­րէկ յետ­մի­ջօ­րէի ժա­մե­րուն ապ­րուած այս դէպ­քին ար­ձա­գան­գեց նաեւ Ո­ւա­շինկ­թը­նի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը։ Սպի­տակ տու­նէն կա­տա­րուած յայ­տա­րա­րու­թիւ­նով պա­խա­րա­կուե­ցաւ յար­ձա­կու­մը։ Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Փոխ-նա­խա­գահ Ճօ Պայ­տը­նի ազ­գա­յին անվ­տան­գու­թեան գծով խորհր­դա­կա­նը՝ Քո­լին Քե­հըլ ընդգ­ծեց, թէ Ի­րաք եւ Թուր­քիա պէտք է նուա­զեց­նեն լա­րուա­ծու­թիւ­նը եւ Ի­ՇԻՊ-ի դէմ պէտք է ամ­րապն­դեն հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը։ Հարկ է նշել, որ Ճօ Պայ­տըն ե­րէկ Հիւ­սի­սա­յին Ի­րա­քի թրքա­կան զօր­քե­րու ներ­կա­յու­թեան խնդի­րը շօ­շա­փած էր Ի­րա­քի Վար­չա­պետ Հայ­տար Էլ Ա­պա­տիի հետ։ Այդ հե­ռա­խօ­սազ­րոյ­ցը տե­ղի ու­նե­ցած էր ի շա­րու­նա­կու­թիւն օր մը ա­ռաջ Ճօ Պայ­տը­նի եւ Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լուի մի­ջեւ տե­ղի ու­նե­ցած հե­ռա­ձայ­նա­յին տե­սակ­ցու­թեան։ Այս շփում­նե­րուն լոյ­սին տակ Պայ­տըն տե­ղե­կա­ցուց, թէ Թուր­քիոյ եւ Ի­րա­քի մի­ջեւ լա­րուա­ծու­թեան յաղ­թա­հա­րու­մը կը խրա­խու­սուի։ Վեր­ջին օ­րե­րուն, Հիւ­սի­սա­յին Ի­րա­քի քրդա­կան ինք­նա­վա­րու­թեան ղե­կա­վար Մե­սուտ Պար­զա­նին ալ հիւ­րըն­կա­լած էր Ի­րա­քի ազ­գա­յին անվ­տան­գու­թեան խորհր­դա­կան Ֆա­լիհ Ֆէ­յեա­զը՝ միշտ քննար­կե­լով թուրք զի­նուոր­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ խնդիր­նե­րը։ 

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 17, 2015