ՍՐԲԱՊԻՂԾ ԽՈՒԺԱՆ

Շաբաթավերջին Հայաստանէն դարձեալ հասան տհաճ եւ մտահոգիչ լուրեր։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի հրաժարականի պահանջով շարժման անցած տխրահռչակ խումբը հերթական անգամ ցոյց տուաւ իր զզուելի դէմքը։ «Նոր Հայաստան, նոր հայրապետ» ինքնակոչ տխրահռչակ այս խումբը երկար ժամանակէ ի վեր կը ջանայ խանգարել Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ անդորրը՝ արհեստականօրէն թիրախաւորելով Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինն ու անոր գահակալը՝ Գարեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետը։

Յիշեալ շարժման անդամները շաբաթ օր համախմբուեցան Երեւանի մէջ, ուրկէ ինքնաշարժներով ուղեւորուեցան դէպի Վաղարշապատ։ Անոնք փորձեցին մուտք գործել Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի տարածքը եւ այդ փուլին լուրջ դիմադրութեան մը բախեցան։ Ամիսներէ ի վեր իրենց դէմ կուտակուած հակազդեցութիւնը հասած էր այն աստիճանին, որ իբրեւ թէ ցուցարարներու նախաձեռնած այդ ցոյցը լրիւ ձախողեցաւ։ Արդարեւ, այս անգամ ժողովուրդը ոտքի ելաւ։ Երբ ցոյցի մասնակիցները փորձեցին մտնել Մայր Աթոռի տարածք, այնտեղ հաւաքուած միաբանները եւ քաղաքի բնակիչները արդէն միջամտեցին։ Այդ տխուր ցուցարարներուն եւ միաբան հայրերուն ու հաւատացեալ քաղաքացիներուն միջեւ տեղի ունեցաւ հրմշտոց։ Հաւաքուածները հաւկիթներ նետեցին ցուցարարներու ինքնաշարժներուն վրայ։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի տարածքէն ներս հոծ թիւով ոստիկաններ վերահսկեցին իրավիճակը։ Ոստիկանները շրջապատած էին նաեւ ցուցարարները, որպէսզի կարենան կանխել լարուածութիւնը անոնց եւ Սուրբ Էջմիածնի պաշտպաններուն միջեւ։ Ժողովուրդի պոռթկումին բերումով թէ՛ շուարած եւ թէ խուճապի մատնուած տխրահռչակ խումբի մասնակիցները արդէն պարտաւորուեցան հեռանալ իրենց ինքնաշարժներէն։ Սոյն ընդհարումին ժամանակ ոստիկանները կը փորձէին պատ կազմել՝ յորդորելով ձեռնպահ մնալ բախումներէ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, պաշտօնական աղբիւրները աւելի ուշ տեղեկացուցին, որ երկու անձ տարուած է ոստիկանութիւն։

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի ձեռագրատան, արխիւի եւ թանգարաններու տնօրէն Տ. Ասողիկ Քհնյ. Կարապետեան շաբաթավերջի իրադարձութիւններուն շուրջ հակիրճ յայտարարութիւններ ըրաւ «168.am»ին։ Ան այս առթիւ ըսաւ. «Էջմիածին քաղաքի բնակիչները Վեհափառի դէմ շարժման անցած խումբին թոյլ չեն տուած մտնել Մայր Աթոռի տարածքը»։ Ցոյցի մասնակիցներէն մին ակնարկած էր, որ իբր թէ Վեհափառ Հայրապետին կողմէ նման հրահանգ մը տրուած է։ Տէր հայրը այս կապակցութեամբ նշեց. «Քաղաքացիները չեն հանդուրժած նման երեւոյթ մը իրենց քաղաքին մէջ։ Մենք՝ հոգեւորականներս, զիրենք զգուշացուցինք, որ չհամարձակին Մայր Աթոռի մօտակայքին երեւալ։ Իսկ Կաթողիկոսը ոեւէ մէկուն հրահանգ տալու կարիք չունի, ան իր բարձրութեան վրայ է»։

Ըստ տէր հօր բացատրութիւններուն, ցուցարարները եղած են Մայր Աթոռի յարակից փողոցին մէջ։ «Քաղաքացիները՝ մեր հաւատացեալները արգիլեցին, որ անոնք պտըտին քաղաքին մէջ։ Ինչ կը վերաբերի նման ցոյցերուն, ապա մենք՝ իբրեւ եկեղեցական չենք հանդուրժեր նման բան եւ երբեք չենք ընդունիր նման երեւոյթ, որովհետեւ սա եկեղեցւոյ վայել չէ»։

Ընկերային ցանցերու վրայ լայն տարածում գտաւ նաեւ Տ. Վրթանէս Քհնյ. Բաղալեանի կողմէ կատարուած կարճ յայտարարութիւնը, որու մէջ ան այդ իբր թէ ցուցարարները որակած է «սրբապիղծ խուժան»։ Տէր հայրը մատնանշած է, որ անոնք կ՚առաջնորդուէին «պատմակեղծարար Գէորգ Եազիչօղլուի, Եւրոպայէ եկած ոստիկանութեան պաշտօնաթող պաշտօնակցի մը, ուխտադրժութեան համար կարգալոյծ հռչակուած նախկին աբեղայի մը զանազան յանցաւոր տարրերու կողմէ»։ Տէր հայրը շարուանակած է ըստ հետեւեալի. «Փորձեցին ներխուժել Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ սրբութիւն սրբոց՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։ Մայր Աթոռի ուխտաւոր դասն ու բարեպաշտ ժողովուրդը կանխեցին սրբապիղծ խուժանի մուտքը սրբավայր։ Աստուածօգնական Վեհափառ Հայրապետին ուխտապահ հոգեւոր դասուն եւ բարեպաշտ հաւատացեալ ժողովուրդին»։

Հարկ է յիշեցնել, որ շաբաթավերջի այս դէպքէն օր մը առաջ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այցելած էր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին ընտրութեան յաջորդած մթնոլորտին մէջ ստանալու համար Վեհափառ Հայրապետի օրհնութիւնը։

ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Միւս կողմէ, Վեհափառ Հայրապետը շաբաթավերջին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց «Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակցութեան անդամները՝ գլխաւորութեամբ կուսակցապետ Էտմոն Մարուքեանի։ Հարկ է նշել, որ այս կուսակցութիւնը վերջին ընտրութիւններուն յաջողեցաւ մուտք գործել խորհրդարան։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 17, 2018