ԴԷՊԻ ՎԵՐԱԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒՄ

Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան երէկ կարեւոր յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ յետպատերազմեան իրավիճակին մէջ։ Ըստ իրեն, հնարաւոր էր աւելի շուտ դադրեցնել պատերազմը՝ յարաբերականօրէն աւելի լաւ պայմաններով եւ աւելի նուազ կորուստներով։ Ան դիտել տուաւ, որ 44 օր տեւած պատերազմի կապակցութեամբ կան երեք հիմնական հարց եւ անոնցմէ բխած քննադատութիւններ։ Ան շարունակեց.

«Առաջին՝ թէ արդեօք ճի՞շդ էր պատերազմը կանգնեցնել նոյեմբերի 9-ին այս պայմաններով։ Այս հարցին անկեղծօրէն քանիցս պատասխանած եմ, թէ այդ պահուն այլընտրանքը աւելի մեծ մարդկային ու տարածքային կորուստներն էին, ընդհուպ՝ լրիւ հայրենազրկումը։ Երկրորդ հարցն է, թէ արդեօք հնարաւոր չէ՞ր աւելի շուտ դադրեցնել պատերազմը՝ յարաբերականօրէն աւելի լաւ պայմաններով ու աւելի քիչ կորուստներով։ Երրորդը՝ թէ արդեօք հնարաւոր չէ՞ր նախապէս այնպէս մը ընել, որ Հայկական զինեալ ուժերը աւելի լաւ պատրաստուած ըլլային պատերազմին։ Վերջին երկու հարցումներու պատասխաններն ալ դրական են, սակայն մանրամասնութիւններուն կ՚անդրադառնամ այլ առիթով մը»։

Արայիկ Յարութիւնեան նշեց, որ այնուամենայնիւ անկախ առկայ իրավիճակի համար իր իսկական ու առարկայական պատասխանատուութեան չափէն՝ պատերազմէն յետոյ պատրաստ էր հրաժարելու նախագահի լիազօրութիւններէն, սակայն քանի մը հիմնական պատճառով այդ քայլը չէ առած։ Ան իր տեսանկիւնէն այդ քայլերը ներկայացնելէ վերջ յայտնեց, որ տրամաբանական ժամկէտով մը Արցախի մէջ ընտրութիւն պիտի կազմակերպուի եւ ինք այդ ընտրութեան ժամանակ թեկնածու պիտի չներկայանայ ու դուրս պիտի գայ քաղաքականութենէն։

Մինչ այդ, Արայիկ Յարութիւնեանի ստորագրելիք հրամանագրերու պարագային գործնականօրէն անհրաժեշտ պիտի ըլլայ Արցախի Անվտանգութեան խորհուրդի հաւանութիւնը։ Պատերազմէն վերջ Արցախի Անվտանգութեան խորհուրդի գլուխը եկած էր Վիթալի Բալասանեան՝ յաջորդելով իսկոյն հրաժարած Սամուէլ Պապայեանին։ Վիթալի Բալասանեան նախապէս ալ այդ պաշտօնը վարած էր Արցախի մէջ։ Յետպատերազմի իրադրութեան պայմաններուն ներքեւ, Վիթալի Բալասանեանի նշանակման զուգահեռ ընդլայնուած են նաեւ Արցախի Անվտանգութեան խորհուրդին եւ անոր նախագահի լիազօրութիւնները։

Իր յայտարարութիւններուն մէջ Արայիկ Յարութիւնեան տեղեկացուցած է, որ հրաժարած է իր գլխաւորած «Ազատ հայրենիք» կուսակցութենէն։ Ան պատրաստ է առաջին հնարաւորութեան պարագային հրաժարիլ նաեւ նախագահի պաշտօնէն։ Մինչ այդ, Արցախի կառավարութեան կազմը պիտի փոխուի եւ ուժային կառոյցներու գլուխն ալ պիտի բերուին նոր դէմքեր։

«Հիմնախնդիրներն ու մարտահրաւէրները չափազանց շատ են այս ժամանակահատուածին՝ երբեմն անկառավարելի ու անորոշ մեզի համար։ Սակայն մեր նախորդ ու գալիք սերունդներուն առջեւ պարտաւոր ենք ամուր կանգնիլ հայրենիքի փրկութեան ու զարգացման դիրքերուն մէջ։ Մենք ազգովին վճռական ենք պատուով դուրս գալու այս ծանր իրավիճակէն, ուղղելու մեր մէջքը եւ յառաջ շարժելու մեր պատմական երթին մէջ։ Մենք պարզապէս իրաւունք չունինք ձախողելու այս փուլին, ինչ որ կրնայ նշանակել բոլոր փուլերու ձախողում։ Սա մեր արդար պայքարն է՝ մեր նախնիներու պայքարի բնական շարունակութիւնը», նշուած է Արայիկ Յարութիւնեանի յայտարարութեան եզրափակիչ բաժնին մէջ։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 17, 2020