ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ԵՐԹԵՐՈՒ ԵՒ ՑՈՅՑԵՐՈՒ ԶՈՒԳԱՀԵՌ՝ ԳՈՐԾԱԴՈՒԼ ԵՒ ԴԱՍԱԴՈՒԼ

Հայաստանի ներքին քաղաքական քաոսը կը շարունակուի հետզհետէ աւելի խորանալով եւ առաւել մտահոգիչ հաւանականութիւններու դուռ բանալով։ Յետպատերազմեան ծանր ձախողումներով պայմանաւորուած իրավիճակին մէջ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կը ջանայ պահել իշխանութիւնը, մինչ ընդդիմադիր շարժումը օրէ օր կը ծաւալի անբաղդատելի ձեւով։

«Հայրենիքի փրկութեան շարժում»ը երէկ Երեւանի մէջ կազմակերպեց հերթական «Արժանապատուութեան երթ»ը։ Մայրաքաղաքի կեդրոնին ամէն օր տեղի կ՚ունենան այդ բողոքի երթերը եւ ամէն օր կը հնչեն մասնակիցներու վանկարկումները. «Նիկո՛լ, հեռացիր»։ «Հայրենիքի փրկութեան շարժում»ը այսօր դարձեալ երթ մը նախատեսած է, իսկ շաբաթ օրը՝ հանրահաւաք մը։ Զուգահեռաբար նոր շաբթուան սկիզբին պիտի շարունակուին վարչապետի հրաժարականի պահանջով երթերը։ Ընդդիմութիւնը յառաջիկայ երեքշաբթի նախատեսած է գործադուլ եւ դասադուլ, որոնց առընթեր պիտի շարունակուին նաեւ քաղաքացիական անհնազանդութեան ցոյցերը։

Ազգային ժողովի «Բարգաւաճ Հայաստան» ընդդիմադիր խմբակցութեան ներկայացուցիչ երեսփոխաններ երէկ «Ազատութիւն» ռատիօկայանին յայտնեցին, որ Նիկոլ Փաշինեան մեղաւոր է շատ ծանր պետական  յանցագործութիւններու մէջ։ Ընդդիմադիր երեսփոխանները անդրադարձան նաեւ վարչապետի վերջին յայտարարութիւններուն եւ ըսին, որ ան պէտք է դադրեցնէ իր տեմակոժիները։ Փաշինեան երէկ «Ազատութիւն»ին յայտնած էր, որ ինք երբեք ընտրութիւն չէ կեղծած Հայաստանի մէջ։ Ան նշած էր, որ պատերազմի հետեւանքներուն համար ինքզինք կը համարէ պատասխանատու, բայց ոչ մեղաւոր։

Միւս կողմէ, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանն ալ երէկ երկրէն ներս ստեղծուած կացութեան շուրջ խորհրդակցեցաւ խորհրդարանի «Լուսաւոր Հայաստան» ընդդամադիր խմբակցութեան պատգամաւորներէն Էտմոն Մարուքեանի հետ։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 17, 2020