ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՎԱՐՉԱՊԵՏԸ ԿՈՐՍՆՑՈՒՑ ԻՐ ՀԱՅՐԸ՝ ՎՈՎԱ ՓԱՇԻՆԵԱՆԸ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ կորսնցուց իր հայրը՝ Վովա Փաշինեանը։ Վարչապետի բանբերը՝ Մանէ Գէորգեան տեղեկացուց, որ հանգուցեալը 80 տարեկան էր ու երկար ժամանակէ ի վեր կը տառապէր ծանր հիւանդութենէ։ Ան կը բուժուէր Երեւանի «Նայիրի» բժշկական կեդրոնին մէջ։

Մինչ այդ, հաղորդուեցաւ, որ Նիկոլ Փաշինեան հօր մահուան պատճառով պիտի չկարողանայ մասնակցութիւն բերել այս շաբաթավերջին նախատեսուած՝ Արցախի պատերազմի զոհերու յիշատակին կազմակերպուած սուգի երթին։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 17, 2020