ՓԱՇԻՆԵԱՆ. «ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ՄՆԱԼ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ԵՐԱՇԽԱՒՈՐԸ»

Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմին վերջ տուած հրադադարով հանդերձ Ատրպէյճանի զօրքերուն կողմէ հայ զինուորներու գերեվարման հարցը ներկայիս դարձած է հրատապ օրակարգ։ Շաբաթավերջին հրադադարով հանդերձ դարձեալ տեղի ունեցան բախումներ, որոնց հետեւանքով Հադրութի Հին Թաղեր եւ Խծաբերդ գիւղերը անցան Ատրպէյճանի հակակշռին տակ։ Արցախի Պաշտպանութեան բանակի աղբիւրները երէկ հաղորդեցին, որ այդ հատուածէն ներս 73 անձի ճակատագիրը անյայտ է։ Այս խնդիրները տեղւոյն վրայ ուսումնասիրելու եւ անհրաժեշտ գործողութիւններու ձեռնարկելու նպատակով Արցախ մեկնած է նաեւ Հայաստանի Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Օննիկ Գասպարեան։

Մինչ այս գերեվարութիւնները կը կատարուին, Ատրպէյճան օրերէ ի վեր կը յապաղեցնէ նաեւ հրադադարի համաձայնութիւնով նախատեսուած գերիներու փոխանակման ի կատար ածուիլը։ Հրադադարէն շուրջ ամիս մը անց, նախընթաց օր հազիւ քանի մը տասնեակ գերի վերադարձուած էր հայկական կողմին, մինչ կը նախատեսուի, որ տակաւին կան բազում գերիներ եւ կորսուածներ։ Ստեղծուած ծանր իրավիճակին մէջ պատասխանատուներն ալ դժբախտաբար ազդեցիկ քայլեր չեն կրնար առնել։ Անոնց մատնուած կացութիւնն ալ կը բազմապատկէ հանրութեան ցասումն ու վրդովմունքը։ Երեւանի կեդրոնին առօրեայի մաս դարձած բողոքի ցոյցերու անփոփոխ հասցէներէն մին է նաեւ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան շէնքը, որ կը գտնուի մայրաքաղաքի արուարձաններէն Աւանի մէջ։

Երէկ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան «Ազատութիւն»ին տուած հարցազրոյցին մէջ յայտնած էր, որ Ռուսաստանի խաղաղապահներն ալ Արցախի մէջ յայտնուած են Ատրպէյճանի զօրքերու շրջափակման մէջ, սակայն Մոսկուա պաշտօնապէս հերքած էր այդ լուրերը։ Այս առաւօտ Հայաստանի փոխ-վարչապետ Տիգրան Աւինեանն ալ յայտնեց, որ Հինշէնի մէջ պատահած է որոշ լարուածութիւն մը եւ այս պահուն ստեղծուած խնդիրը վերջնականօրէն հանգուցալուծուած չէ։

Նոյն հարցազրոյցին մէջ Նիկոլ Փաշինեան յայտնեց, որ Հայաստան կը շարունակէ մնալ Լեռնային Ղարաբաղի անվտանգութեան երաշխաւորը։ Այդ երաշխաւորութեան մէջ, բնականաբար, առաջնահերթ ու առանցքային է անվտանգութիւնը, սակայն հարցը այդքանով սահմանափակուած չէ։ Ըստ Փաշինեանի, Հայաստան զանազան ուղղութիւններով Արցախի երաշխաւորն է՝ սկսելով տնտեսականէն, մինչեւ ժողովրդագրական։

ՍԻՒՆԻՔԻ ՄԷՋ ՑՈՅՑ

Ըստ վերջին հաղորդումներուն, այս առաւօտ Հայաստանի հարաւի Սիւնիքի մարզին մէջ ալ բողոքի ցոյց մը տեղի ունեցաւ՝ սահմաններու անվտանգութեան հարցերով։ Հրադադարէն ի վեր մեծ անհանգստութիւն ծագած է Սիւնիքի մէջ, որ դարձած է Ատրպէյճանի հետ սահմանակից։ Տակաւին կը նախատեսուի այդ մարզով փոխադրութեան նրբանցքի բացումը՝ Ատրպէյճանի եւ Նախիջեւանի միջեւ։ Յետպատերազմեան իրավիճակի մէջ, Սիւնիքի մարզէն շարունակ ահազանգ կը հնչէ, որ գիւղերը կ՚ունենան տարածքներու կորուստներ։

Այսօր առաւօտեան ժամերուն Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Վաղարշակ Յարութիւնեանն ալ աշխատանքային այցելութիւնով մը մեկնեցաւ Սիւնիքի մարզ, տեղւոյն վրայ ծանօթանալու համար Ատրպէյճանի հետ սահմանային շրջաններէ ներս ձեռնարկուած ամրաշինական, մարտական յենակէտերու կառուցման աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ հետեւելու մարտական հերթապահութեան ընթացքին։ Հարկ է յիշեցնել, որ Վաղարշակ Յարութիւնեան վերջին օրերուն այցելած էր Մոսկուա։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 17, 2020