ՔՈՉԱՐԵԱՆ ԵՌՕՐԵԱՅ ՄԱՍՆԱՒՈՐ ԱՅՑՈՎ ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՄԷՋ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախկին նախագահներէն Ռոպերթ Քոչարեան այս օրերուն կ՚այցելէ Մոսկուա։ Երեւանեան աղբիւրներու հաղորդումներով, Քոչարեանի գրասենեակը յայտարարած է, որ այս ուղեւորութիւնը ունի մասնաւոր բնոյթ ու կը տեւէ երեք օր։

Ինչպէս ծանօթ է, պատերազմի օրերուն եւս Ռոպերթ Քոչարեան նախատեսած էր Հայաստանի առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի հետ Մոսկուա այցելել թէժ կացութեան պայմաններով, սակայն չէր կրցած մեկնիլ, որովհետեւ նոյնաժամանակ ախտորոշուած էր իր քորոնաժահրով վարակուած ըլլալը։

Այժմ, բոլորովին նոր իրադրութեան մը պայմաններուն ներքեւ ան կ՚այցելէ Մոսկուա։ Ծանօթ է, որ Քոչարեան նախագահի պաշտօնէն հեռանալէ վերջ պահած է իր սերտ կապերը Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ ռուսական քաղաքական վերնախաւին հետ։ Ներկայիս երբ Հայաստանի մէջ ներքին քաղաքական տագնապ մը կը տիրէ, ապագայի տեսակէտէ հաշուարկուած լուրջ հաւանականութիւններէն մին է Ռոպերթ Քոչարեանի դարձեալ իշխանութեան վերադառնալը։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 17, 2020