ԽՈՐՀՈՒՐԴ

Մեծ քաղաքը խտութիւն է, բազմութիւն ու ժխոր… Պոլիսը, իր հերթին, ի՛նչ խօսք՝ ծովով հատուած, պատկառելի…

Մեծ քաղաքը կրնաս իւրացնել, եթէ գիտես այնտեղ կեանքէն թաքնուելու պահեր գտնելու ձեւերը, հնարքները՝ այն աստիճան, որ զգաս կորսուած, նոյնիսկ մեկուսացած, բայց ո՛չ երբեք մոլորուած։ Կենսունակութեան գաղտնիքը՞ միթէ…

Մեծ քաղաքը ոդիսական է, որու հմայքը կու տայ նետուելու համարձակութիւն, նաեւ անկէ զերծ մնալու, խնայուելու մղում։ Սա արդէն բո՛ւն կեանքն է՝ մէկ կողմէ խոր, միւս կողմէ մակերեսային, խայտաբղէտ պատկերին վրայ միշտ միահիւսուած հակասութիւններով…

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 17, 2021