ՆԱԽԱԳԱՀ ԱՐՄԷՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԵՐԷԿ ԱՅՑԵԼԵՑ ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑՉՈՒԹԻՒՆԸ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ այցելութիւն մը տուաւ Երեւանի մօտ Վատիկանի Ս. Աթոռի դիւանագիտական ներկայացուցչութիւնը, որու պաշտօնական բացումը տեղի ունեցած էր վերջերս։ Այս առթիւ ան ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալուեցաւ Ս. Աթոռի առաքելական նուիրակ արքեպիսկոպոս Ժոզէ Աւելինու Պեթանփուրի կողմէ։ Ներկայ էր նաեւ Վատիկանի մօտ Հայաստանի դեսպան Կարէն Նազարեան։ Նախագահ Սարգսեան շրջայց մը կատարեց նորահաստատ այս դիւանագիտական ներկայացուցչութենէն ներս։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Արմէն Սարգսեան վստահութիւն յայտնեց, թէ Երեւանէ ներս Ս. Աթոռի նուիրակութիւնը կը նպաստէ իր ներկայութեամբ ու գործունէութեամբ՝ Հայաստան-Վատիկան ջերմ ու բարեկամական յարաբերութիւններու ամրապնդման եւ խորացման։

Նախագահ Սարգսեան ջերմութեամբ վերյիշեց անցեալ հոկտեմբերին Ս. Աթոռ տուած պաշտօնական այցելութիւնը, որու ընթացքին հանդիպումներ ունեցած էր Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Քահանայապետին եւ Ս. Աթոռի պետական քարտուղար կարտինալ Փիէթրօ Փարոլինի հետ։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 17, 2021